Այսօր առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ:
Վեհափառ հայրապետը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր: Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ:



