Աւելի քան 35 ամերիկացի քոնկրեսականներ միացած են Արցախին եւ Հայաստանին 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ օրինագիծին, որ ներկայացուցած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը:
Անոնք կոչ ուղղած են Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու եւ պետական արտասահմանեան գործառնութիւններու հարցերով ենթայանձնախումբին` համաձայնութիւն տալու Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող աջակցութեան թղթածրարին, որ նախատեսուած է 2020 ելեւմտական տարուան համար:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Այսպէս` կ՛առաջարկուի Արցախին տրամադրել 6 միլիոն տոլար` ականազերծման աշխատանքները եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու վերականգնման ուղղուած աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար, նաեւ` 4 միլիոն տոլար Ռոյս-Էնկելի առաջարկներուն միջոցով խաղաղութեան նպաստելու համար, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի կողմէ վերահսկուող` հրազէնային կրակի յայտնաբերման յառաջադէմ համակարգերու տեղադրման նպատակով:
Հայաստանին կ՛առաջարկուի տրամադրել 60 միլիոն տոլար տնտեսական զարգացման համար, 10 միլիոն տոլար` իբրեւ զինուորական օգնութիւն, 20 միլիոն տոլար` Միջին Արեւելքէն գաղթականներուն աջակցելու համար:
Քոնկրեսականները նաեւ կը պահանջեն կասեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը եւ զօրացնել Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի 907-րդ լրացման կիրարկումը:



