Գլխաւոր լուրեր

127-ամեայ Երիտասարդը…

Յայտարարութիւն

2019 թ. յունուարի 16-24-ը Ստեփանակերտում կայացած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը արձանագրելով, որ` -Անցնող քառամեակում կուսակցութիւնը, հարազատ մնալով իր ռազմավարական սկզբունքներին, մշտապէս գործունէութեան առանցքում է պահել հայ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան, Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, երկրի կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերը. -Վերահաստատում է Արցախի հիմնահարցի վերաբերեալ նախապէս յայտարարուած դիրքորոշումները. -Հայկական աշխարհը, իր բաղադրիչ մասերով` Հայրենիք եւ Սփիւռք, որպէս մէկ միասնական ամբողջութիւն, այն ուժն է,...

Մամլոյ Ասուլիս

Մամլոյ Ասուլիս

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Պատրաստ Ենք Համագործակցութեան, Սակայն Կան Որոշ Մտահոգութիւններ, Որոնց Ուղղութեամբ Պէտք Է Միասին Աշխատիլ» Արմէն Ռուստամեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Միջեւ Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Կնքումը Պէտք Է Դառնայ Մեր Համաժողովրդական Պահանջը» ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան 29 յունուարին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր...

Արամ Մանուկեանի Մահուան  100-ամեակին Առիթով.  Այցելութիւն Անոր Շիրիմին  Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում`  Անոր Արձանին Առջեւ

Արամ Մանուկեանի Մահուան 100-ամեակին Առիթով. Այցելութիւն Անոր Շիրիմին Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում` Անոր Արձանին Առջեւ

Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցը հոգիի կանչով անոր շիրիմին մօտ բերած էր ո՛չ միայն ՀՅԴ անդամները, այլեւ պետական անուանի գործիչին յիշատակը գնահատող բազմաթիւ հայորդիներ: Անոնք եւ մեր ժողովուրդը աւելի քան մէկ դար է, որ դասեր կը քաղեն  Արամ Մանուկեան պետական գործիչի եւ պարզապէս օրինակելի ու հայրենասէր մարդու ապրած կեանքէն: Դաշնակցական հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը իր խօսքին մէջ  յատկապէս կարեւոր նկատեց Արամ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Երեքշաբթի, 29 յունուար 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Եւրոնեսթ»-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ պատուիրակութեան նախագահ Մխիթար Հայրապետեանին հետ, Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Հանդիպումի ընթացքին Հեղինէ Էվինեանը վերահաստատեց գրասենեակին պատրաստակամութիւնը լիովին օժանդակելու Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն, որոնք կը գործուղուին Պրիւքսել կամ Սթրազպուրկ, մասնաւորապէս...

Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ  Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

Անարգ Յարձակում Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայկական Դպրոցներու Վրայ

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ 28-29 յունուարի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը թիրախ դարձած են ոստիկանութեան բնութագրումով` «ատելութեան միջադէպ» յարձակումի մը, որուն ընթացքին թրքական դրօշակներ կախուած են վարժարաններու տարածքին: Մինչ Ֆերահեան վարժարանին մէջ դրուած են 11 թրքական դրօշակներ, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին բաժին ինկած է երկու թրքական դրօշակ: Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղադրուած ապահովական...

Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Հայոց Բանակի Օրը

Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Հայոց Բանակի Օրը

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայոց բանակի օրը: Այս առիթով տեղի ունեցան հանդիսութիւններ եւ ձեռնարկներ: Նախագահ Սարգսեան. «Հայկական Բանակը Պայքարեցաւ Յանուն Ազատութեան, Հայրենիքի Եւ Յաղթանակի» Բանակի օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով` ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ նուիրումի համար խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւներով: Զինուած ուժերու շարքային զինուորներ Մհեր Յովսէփեանը,...

Արտաքին Գործոց Նախարարը`  ՀՅԴ-ի Առաջարկին Մասին

Արտաքին Գործոց Նախարարը` ՀՅԴ-ի Առաջարկին Մասին

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք տարածուած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր նաեւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագիրի` սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է: Երէկ լրագրողները հետաքրքրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանէն, թէ Դաշնակցութեան` համաձայնագիր կնքելու առաջարկը միջազգային հարցերու մէջ ինչի՞ կրնայ յանգեցնել: Նախարարը պատասխանեց, որ հիմա հարցումին պիտի չպատասխանէ: «Ես դադար...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Երէկ հայոց բանակի վերակազմաւորման 27-ամեակին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը շնորհաւորում է Հայոց բանակի վերակազմաւորման 27-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ: Բանակ, որը, կազմաւորմանը զուգընթաց, կերտեց նորագոյն պատմութեան մէջ յաղթական էջ` ազատագրելով Արցախը: Այս տարիների ընթացքում այն դարձել է եզակի պետական հաստատութիւններից մէկը, որին անվերապահօրէն վստահում եւ աջակցում է ամբողջ հայ ժողովուրդը: Հայոց բանակը մեր անկախութեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միութիւնը Միաձեւութիւն Չէ,  Այլ Զանազանութեանց Միջեւ Ներդաշնակում Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միութիւնը Միաձեւութիւն Չէ, Այլ Զանազանութեանց Միջեւ Ներդաշնակում Է»

Կիրակի, 27 յունուար 2019-ի երեկոյեան, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբթուան եզրափակիչ արարողութիւնը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքները ներկայացնող հաւատացեալներ: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ դպրեվանքն ու կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Արարողութիւնը կատարուեցաւ հայերէնով, արաբերէնով ու անգլերէնով` մասնակցութեամբ ներկայ...

ՀՄԸՄ Մասնակցեցաւ Լիբանանի  Սկաուտական  Ֆետերասիոնի Կազմակերպած  Երկօրեայ Սեմինարին

ՀՄԸՄ Մասնակցեցաւ Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Կազմակերպած Երկօրեայ Սեմինարին

Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ շաբաթ, 26 եւ կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, «Զմմառ Փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ միամեայ  ծրագրման ու կազմակերպական աշխատանքներու դաստիարակչական երկօրեայ սեմինար մը: Սոյն սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերէ խմբապետներ  Նարին Ադամեան, Սիմոն Տէրտէրեան եւ Մեղեդի Սնապեան: Լիբանանեան սկաուտական տարբեր միութիւններէ եկած...

Խմբագրական.  Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ռազմաքաղաքական Դաշինքի Հրամայականը (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

Հայոց բանակի օրուան նշումի առիթով` անկախ արարողակարգային ելոյթներէն եւ հռչակագրային բնոյթի հրապարակումներէն, կ՛արծարծուին ընդհանրապէս պաշտպանական համակարգին առջեւ դրուած խնդիրները, զանոնք լուծելու ուղիներու մատնանշումները, կը նախանշուին ծրագրային գերակայ ուղղութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական համակարգը այսօր իր առջեւ դրած է ընդհանուր առաջադրանքներ: - Արմատական քայլերու  ձեռնարկել  զօրակոչային գործընթացի թափանցիկութեան եւ արդարութեան բարելաւման: - Ամրապնդել պետութիւն-զինուոր-ընտանիք մշտական կապը: - Բարելաւել ժամկէտային զինծառայողներու պարենային եւ...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է  ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 յունուարին հանդիպում ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն հետ: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները նախագահին խօսած են նախորդ օրերուն Արցախի մէջ եզրափակուած Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին:  

Վարչապետ Փաշինեանը Ընդունած Է  ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները

Վարչապետ Փաշինեանը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամները: «Կ՛ողջունեմ յարգելի՛ գործընկերներ: Յարգելի՛ պարոն Տէր Խաչատուրեան, ուրախ եմ մեր ծանօթութեան համար, կ՛ուզեմ շնորհաւորել անձամբ ձեզ եւ Բիւրոյի միւս ընտրուած անդամները, մաղթել ամենայն յաջողութիւն` ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի: Վստահաբար, ես միշտ ըսած եմ, որ շատ բարձր կը...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Միշտ Կարեւոր Նկատած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Միջեւ Իրաւական Հիմք Ստեղծելու Անհրաժեշտութիւնը»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ ալ անհրաժեշտ նկատած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագիրի ստորագրումը: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ (լրագրող Տիգրանուհի Մարտիրոսեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ Արսէն Համբարձումեան: Ան նշեց, որ ասիկա նոր օրակարգ չէ, ՀՅԴ-ն միշտ կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ իրաւական հիմք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: «Պարբերաբար հարցը բարձրացուած է տարբեր ձեւաչափերով,...

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ  Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հետ

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը` ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ, կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի զարգացումներուն վրայ: Փայլան շեշտեց, որ...

Խմբագրական.  Առանցքը` Արցախը

Խմբագրական. Առանցքը` Արցախը

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախ, բացման հանդիսութեան փոխանցուած կուսակցութեան խօսքը, Արցախի Հանրապետութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ Ընդհանուր ժողովին յղուած ուղերձները, ժողովի կազմին հանդիպումը Արցախի նախագահին հետ, ժողովի նախագահութեան կողմէ Արցախի նախագահին ուղղուած խօսքը, Ընդհանուր ժողովի կողմէ հրապարակուած Արցախի հարցին վերաբերող յայտարարութիւնը եւ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն անմիջապէս ետք նորընտիր Բիւրոյի  ներկայացուցիչին գլխաւորութեամբ Բիւրոյի պատուիրակութեան Արցախի նախագահին հետ կայացած հանդիպումը ընդգծումներով...

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն  Ու Արմէն Ռուստամեանը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն Ու Արմէն Ռուստամեանը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 25 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը` նախագահ Սահակեանը շնորհաւորած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը` Բիւրոյի անդամ ընտրուելու համար, նաեւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք ու ամենայն բարիք: Բակօ Սահակեանը յոյս յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը...

Յակոբ Բագրատունի. «Արցախի Հերոս Ժողովուրդի  Ազատ Կամքի Արտայայտութիւնը  Դաշնակցութեան Համար Սրբազան Արժէք Է»

Յակոբ Բագրատունի. «Արցախի Հերոս Ժողովուրդի Ազատ Կամքի Արտայայտութիւնը Դաշնակցութեան Համար Սրբազան Արժէք Է»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յունուարին Ստեփանակերտի մէջ ընդունելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները, ողջունեց ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի կայացումը Արցախի մէջ` զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն: Նախագահը արժեւորեց ՀՅԴ-ի ներդրումը արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի, պետականութեան ձեւաւորման ու կայացման, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համազգային խնդիրներու լուծման առումով: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան,...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պիտի  Պայքարինք Արցախի Ինքնորոշման Եւ Ժողովուրդի  Տնտեսական Վիճակը Բարելաւելու Համար»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պիտի Պայքարինք Արցախի Ինքնորոշման Եւ Ժողովուրդի Տնտեսական Վիճակը Բարելաւելու Համար»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ու Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի միջեւ 25 յունուարին կայացած հանդիպումէն ետք «Արցախփրես»-ը զրուցած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Խօսելով ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ կայացնելու մասին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսած է, որ այդ քայլը ինքնին ունի  պատմական  առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում: Տէր Խաչատուրեանի համաձայն,...

Հանդիպում ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյին  Եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Միջեւ

Հանդիպում ՀՅԴ Նորընտիր Բիւրոյին Եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Միջեւ

25 յունուարին տեղի ունեցած է հանդիպում  ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյին եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին խօսուած է ներքաղաքական իրավիճակին, քաղաքական դաշտին մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին: Մասնակիցները միտքեր փոխանակած են արտաքին ճակատի վրայ Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ:  

Page 512 of 797 1 … 511 512 513 … 797

Արխիւներ