Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Աւստրիոյ Նախագահին Հետ

March 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տեր Պելենի հետ:

Աւստրիոյ նախագահը, ողջունելով վարչապետ Փաշինեանը, նշած է, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ զանազան մարզերու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը: Ալեքսանտր Վան Տեր Պելեն շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը  Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու աշխուժ հոլովոյթին առիթով եւ վստահութիւն յայտնած, որ Հայաստանը յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին պիտի ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման ճամբով: Անդրադառնալով երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան` Աւստրիոյ նախագահը նշած է, որ իր երկիրը պատրաստ է քննարկելու Հայաստանի մէջ ներդրումային զանազան ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է Աւստրիոյ հետ համագործակցութեան խորացումով: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական զարգացումներուն, փտածութեան եւ մենաշնորհներու  դէմ պայքարին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, արդարադատութեան մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ նաեւ միջազգային գործընկերներու օժանդակութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջողութեամբ կեանքի պիտի կոչէ իրականացուող եւ հետագային նախատեսուող բարեփոխումներու ծրագիրները:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-աւստրիական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր, միտքեր փոխանակած երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթերու շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեան Աւստրիոյ նախագահին պատմած է նաեւ Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումի մասին:

Հանդիպում` Վիեննայի Հայ Համայնքին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վիեննա գտնուելուն ընթացքին հանդիպում ունեցած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստան-սփիւռք կապերուն` ըսելով. «Հայաստանի եւ սփիւռքի սահմանները պէտք է ջնջուին, որովհետեւ յեղափոխութիւնը միասին ըրած ենք»: Փաշինեան ըսած է նաեւ, որ Սահմանադրութեան մէջ մտադիր են փոփոխութիւն կատարել, որովհետեւ այսօր գործող Սահմանադրութեամբ շարք մը կարեւոր պաշտօններու կրնան նշանակել մարդոց, որոնք վերջին 4 տարիներուն եղած են միայն Հայաստանի քաղաքացի եւ վերջին 4 տարիներուն միշտ բնակած են Հայաստանի մէջ. «Ասիկա կրնայ հնչել տրամաբանական, բայց ոչ այն պետութեան համար, որ սփիւռք ունի»:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Մեկնի Թունուզ, Իսկ Պալհաժ Լիբանանի Տնտեսական Կացութիւնը Զգայուն Կը Նկատէ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը Եւրոպական Ֆորումի Տեղեկահաւաք Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.