Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Հալէպ

Մարտ 30, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Միշտ Կը Մնայ Հալէպահայութեան Կողքին` Զօրակից, Մասնակից Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն»

Հալէպահայութիւնը անհուն բերկրանքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին հոծ բազմութեամբ համախմբուելով Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ կազմի անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն արք. Գաթարոյեան, Նազարէթ Սապունճեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Զաւէն աբղյ. Նաճարեան, Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ կաթողիկոսութեան մամլոյ յանձնախումբը:

Վեհափառ հայրապետը դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, պատկան մարմինի, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի: Եկեղեցւոյ դրան դիմաց վեհափառ հայրապետին դիմաւորութեան համար շարք կազմած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենուշները եւ Հալէպի հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը կանոնական աղօթք մատուցեց, որմէ ետք Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ողջոյնի եւ բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց վեհափառ հայրապետին ու ըսաւ. «Հովուապետական ձեր այս այցելութիւնը իւրայատուկ եւ պատմական պիտի դառնայ, որովհետեւ ձեր Ս. աջով, շնորհաբաշխ ներկայութեամբ պիտի սրբագործէք, վերաօծէք, վերաբանաք պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց աթոռանիստ մայր եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդին պիտի տաք հիմնական յոյսը եւ հաւատքը` շարունակելու մեր հաւաքական երթն ու հաւատքի առաքելութիւնը»: Ապա սրբազան հայրը հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը իր պատգամը տալու:

Վեհափառ հայրապետը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով այս հոգեպարար առիթը ունեցած է` իբրեւ հովուապետ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ ըլլալու: Ապա իր գնահատանքի առաջին խօսքը ուղղեց մեր ժողովուրդին: Այն ժողովուրդին, որ անցնող շուրջ եօթը տարիներուն տառապեցաւ, բայց հաւատաց իր հաւաքական, քրիստոնէական ինքնութեան, իր հոգեւոր, բարոյական արժէքներուն, իր ազգային ձգտումներուն: Այն ժողովուրդին, որ իր հաւատքին խառնեց իր յոյսը եւ կապուած մնաց սուրիական հայրենիքին, համախմբուեցաւ իր եկեղեցւոյ, իր համայնքային կառոյցներուն շուրջ եւ սիրոյ ու եղբայրութեան ոգիով շարունակեց գոյակցիլ այս երկրին իսլամ թէ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ: Այն ժողովուրդին, որ ինչպէս միշտ իր կեանքին ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ ամրապնդեց իր ներքին միասնութիւնը` հաւատալով, որ մեր ազգին, մեր գաղութին հզօրութեան աղբիւրը ամէն տեղ, բոլոր պայմաններուն մէջ, Հալէպէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, մեր ներքին միասնական կեանքն է:

«Գնահատանքի երկրորդ խօսքս կ՛երթայ առաջնորդ սրբազանին, որ անցնող շուրջ 15 տարիներուն ընթացքին նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ ծառայեց ձեզի, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնը, յարակից մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները:

«Կ՛ողջունեմ նաեւ գերապայծառը եւ վերապատուելին, որոնք միասնաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ կողք-կողքի, սիրտ-սիրտի ծառայեցին ձեզի: Ինծի համար յատուկ ուրախութիւն է ողջունել Սուրիոյ հայութեան այն ղեկավարութիւնը, որ ինքզինք արժեւորեց ոչ միայն խօսքով, ո՛չ միայն ծրագիրներով, այլ նաեւ` ծառայութեամբ:

«Գնահատանքի երրորդ խօսքս կ’երթայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ձեր բոլորին: Անցնող տարիները, ինչպէս ըսի, դիւրին չեղան ձեզի համար. ես ալ գիտեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տագնապի մէջ ապրիլ: Հպարտ եմ ձեզմով, դուք մնացիք կառչած ձեր ընտանիքներուն, ձեր քոյրերուն եւ համայնքին: Ահաւասիկ Գողգոթայէն յետոյ սկսաւ յարութեան պայքարն ու երթը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ ձեր կողքին` զօրակից, մասնակից Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Այս առիթով, անհուն ուրախութեամբ ու բարձր գնահատանքով կ’ողջունեմ նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատը, որ ինք եւս անցնող տարիներուն ընթացքին ձեզի նման տառապեցաւ, սակայն երբեք չյուսահատեցաւ, որովհետեւ հաւատաց սուրիական հայրենիքին հզօրութեան, հաւատաց իր ժողովուրդին պայծառ ապագային, եւ այսօր Սուրիան սկսած է վերազարթօնքի նոր շրջան մը: Սուրիոյ հայութիւնը ամէն տեղ է: Ոստի, միայն դիտողի վիճակի մէջ պէտք չէ ըլլալ, այլ` մասնակցողի: Մենք այս հայրենիքին զաւակներն ենք, հետեւաբար այս գիտակցութեամբ կոչուած ենք մեր ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերազարթօնքի աշխատանքներուն»:

Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

 

Նախորդը

Նահապետ Քուչակի Նուիրուած Երեկոյ Եւ Կարօ Աւեսեանի «Երեք Հայրէն Քուչակէն» Ստեղծագործութեան Գինեձօն

Յաջորդը

Բարի Լոյս 40. Զանգեր Ղօղանջէ՛ք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?