Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ կը տեղեկացնեն վարչապետի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող ընթացիկ հարցեր, անդրադարձած ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցերուն:



