Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 28, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի, Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական եւ զանազան շրջաններու Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Խորհրդաժողովը լսելէ ետք Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի եւ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեանց զեկոյցները, հանգամանօրէն քննեց հետեւեալ օրակարգի կէտերը.

– Արաբական եւ յատկապէս սուրիական հանրային կարծիքը Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին,

– Սուրիահայ երիտասարդութեան ներգրաւումը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ եւ մասնագիտական օղակներու յառաջացումը,

– Սուրիոյ յետպատերազմեան պատկերին մէջ Հայ դատի աշխատանքներու թիրախներուն եւ օգտագործելի կարելիութիւններուն ճշդումը,

– Սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն եւ քաղաքական կողմերու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները,

– Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ Հայ դատի քարոզչական աշխատանքներու իւրայատկութիւնները եւ համապատասխան մարդուժի պատրաստութիւնը:

Յետ քննարկումներուն, Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը`

1.- Ընդգծելու Թուրքիոյ կողմէ հայութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններուն, ցեղասպանական արարքներուն զուգահեռները,

2.- Հետապնդելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը` քաջ իմանալով, որ անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնները կրնան կրկնուիլ որեւէ ժամանակի կամ տարածաշրջանի մէջ: Վկայ` Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններն ու կոտորածները, վկայ` Սուրիոյ բազմերանգ քաղաքակրթութեան ոչնչացման ուղղուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց զօրավիգ կանգնող պետութիւններուն անսանձելի վայրագութիւնները:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Նախորդը

Օդային Յարձակում Հալէպի Շէյխ Նաճճար Շրջանին Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Մուրինիոն` Դէպի Ֆրանսա՞

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.