Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ, 27 մարտին գումարած է 9-րդ նստաշրջանի հերթական նիստը:
Նիստի բացումին Աշոտ Ղուլեան տեղեկացուցած է ներկաները Քանատայի Համայնքներու պալատին մէջ 19 մարտին Արցախի ժողովուրդին հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ստեղծման մասին, այնուհետեւ հրապարակած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ «Արցախ-Քանատա» բարեկամութեան խումբ ստեղծելու` Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու պատգամաւորներէն կազմուած խումբի յայտարարութիւնը:
Յայտարարութիւն
«Արցախ – Քանատա» Բարեկամական
Խումբ Ստեղծելու Մասին
Երախտագիտութեամբ ընդունելով Քանատայի Համայնքների պալատի պատգամաւորների 19 մարտ 2019-ի յայտարարութիւնը` «Արցախի ժողովրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խումբ ստեղծելու մասին,
Վերահաստատելով Արցախի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը` բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու բոլոր ազգերի հետ` հիմնուած ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքի յարգման վրայ,
Գնահատելով Քանատայի օրէնսդիրների պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու երկխօսութիւն եւ փոխադարձ շփումներ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասում տարածելու հանդուրժողականութիւն եւ յարգանք մարդու իրաւունքների հանդէպ,
Նպատակ ունենալով հետեւողականօրէն ընդլայնելու Քանատայի հետ կապերը, մասնաւորապէս` մարդասիրական համագործակցութեան բնագաւառում,
Մենք` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ներքոյ ստորագրեալ պատգամաւորներս, ներկայացնելով խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները, յայտարարում ենք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովում «Արցախ – Քանատա» բարեկամական խումբ ստեղծելու մասին:
1.- Ռամելա Դադայեան – «Հայրենիք»
2.- Արարատ Օհանջանեան – «Հայրենիք»
3.- Դաւիթ Մելքումեան – «Ժողովրդավարութիւն»
4.- Ռիտա Մնացականեան – «Դաշնակցութիւն»
5.- Էդուարդ Աղաբեկեան – «Շարժում-88»
6.- Հայկ Խանումեան – «Վերածնունդ»



