Երեսփոխան Բագրատունի Նամակ Մը Յղեց Ֆրանսայի Նախագահին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` գնահատելով Ֆրանսայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու անոր 2017-ի ընտրական խոստումին վերահաստատումը: Բագրատունի յայտնեց, որ այդ խոստումին կատարումը տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ...




















