26 մարտին, ժամը 16:30-ի շուրջ (Հայաստանի ժամանակացոյցով) հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ, յատկապէս Բերդաւան գիւղի մերձակայքը տեղակայուած մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, միջդիրքային տարածքին մէջ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են ճարտարապետական աշխատանքներ կատարել` մօտեցնելով իրենց դիրքերը: Հայկական զինուժը կասեցուցած է թշնամիին աշխատանքները:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:



