Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Մոսկուայի Եւ Քիեւի Մէջ  Քննարկուած Են Նոր, Բովանդակալից Առաջարկներ»

Ռուպիօ. «Մոսկուայի Եւ Քիեւի Մէջ Քննարկուած Են Նոր, Բովանդակալից Առաջարկներ»

Մոսկուայի եւ Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են նոր, բովանդակալից առաջարկներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ: «Ես այս շաբաթավերջը կը կոչէի բովանդակալից այն իմաստով, որ վերականգնուած է գործակցութիւնը, երբ բազմաթիւ ամիսներէ ի վեր անիկա կը բացակայէր», նշած է Ռուպիօ` Քոլոմպիոյ մէջ պատասխանելով...

Դաւիթ Իշխանեան. «Սա Քաղաքական  Պատուէրով Դատավարութիւն Է»

Իշխանեան. Դա Բոլորիս Պատուի Խնդիրն Է, Առաւել Եւս` Ձեր»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան երէկ Պաքուի բանտէն յղեց ձայնագրուած ուղերձ մը, որուն ընդմէջէն ան դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանին` հրաւիրելով զայն Ազրպէյճան` Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն հետ հանդիպելու համար: Ուղերձին մէջ նշուեցաւ. «Ազրպէյճանական մամուլից տեղեկացայ, որ Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքների պաշտպան, տիկին Սապինա Ալիեւան, օրեր առաջ անդրադարձ է ունեցել Ազրպէյճանում գտնուող հայ...

Աուն. «Երբ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալու  Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ըսել Կ՛ուզեմ Վերջ Տալ  Պատերազմներուն, Որոնք Երկիրը Քանդեցին»

Աուն. «Երբ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալու Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ըսել Կ՛ուզեմ Վերջ Տալ Պատերազմներուն, Որոնք Երկիրը Քանդեցին»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ «Շապապ Լուպնան» շարժումի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն կը պատկանի, այդպէս է նաեւ անոր դրօշը, որուն հովանիին տակ են բոլոր լիբանանցիները, անիկա անոնց կրած ինքնութիւն է»: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ հաւատարմութիւնը բացառապէս անոր ըլլայ եւ ոչ թէ օտարերկրեայ ուժերուն, որոնց ոմանք կ՛օգտագործեն երկրին մէջ իրենց եղբայրներուն վրայ իշխանութիւն բանեցնելու...

Ռիտայի. «Միացեալ Նահանգներ Վերջին  Շրջանին Իրանեան Նոր Հրթիռներու Ճամբով  Յստակ Զգուշացում Մը Ստացան»

Ռիտայի. «Միացեալ Նահանգներ Վերջին Շրջանին Իրանեան Նոր Հրթիռներու Ճամբով Յստակ Զգուշացում Մը Ստացան»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերջին շրջանին իրանեան նոր հրթիռներու ճամբով յստակ զգուշացում մը ստացած են: Ռիտայի աւելցուց, որ Իրան տնտեսական պատերազմին պիտի հակադարձէ հաստատելով ծովային արգիլեալ շրջան մը, որ Ծոցէն մինչեւ շրջափակման մերձակայք կ՛երկարի: Ան նշեց, որ Իրան խորքային կերպով վերականգնեց պատերազմական նաւերու եւ ամերիկեան ռազմակայաններու նկատմամբ իր գործողութիւններու կացութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Հուսիները Հարուածած Են Սէուտական Արաբիան`  Վիրաւորելով 73 Անձեր

Հուսիները Հարուածած Են Սէուտական Արաբիան` Վիրաւորելով 73 Անձեր

Առնուազն 73 անձեր, ներառեալ կիներ ու մանուկներ վիրաւորուած են սէուտական քաղաքներու վրայ հուսիներու Անսարուլլա շարժումին կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էս.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը` յղում կատարելով արաբական դաշինքի բանբեր գնդապետ-զօրավար Թուրքի Մալիքիին: «Յարձակումի ենթարկուած են քաղաքային եւ տնտեսական կառոյցներ Ապհա, Խամիս Մուշայթ, Ժիզան եւ Նաժրան քաղաքներուն մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է 73 քաղաքայիններու վիրաւորման, որոնց շարքին կիներու եւ երեխաներու»,...

Փութին-Թրամփ «Անկեղծ Ու Շինիչ»  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Փութին-Թրամփ «Անկեղծ Ու Շինիչ» Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային անկեղծ ու շինիչ բանակցութիւններ վարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ»: «Փութինն ու Թրամփը ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցին», ըսաւ ան: «Ուիթքոֆի եւ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան արդիւնքը Փութինի եւ Թրամփի կողմէ դրական գնահատուեցաւ», աւելցուց Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:...

Հայաստան Կը Բողոքարկէ Հայկական Ապրանքներու  Ռուսիա Արտածման Նկատմամբ Սահմանափակումները

Հայաստան Կը Բողոքարկէ Հայկական Ապրանքներու Ռուսիա Արտածման Նկատմամբ Սահմանափակումները

Հայաստան դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողով (ԵՏՀ)` ԵԱՏՄ-ի տարածքին մէջ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու տեղափոխման ընթացքին առկայ սահմանափակումները իբրեւ խոչընդոտ ճանչնալու նպատակով, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն: Հայկական կողմը ներկայացուցած է առկայ խնդիրները եւ անոնց վերաբերեալ անհրաժեշտ հիմնաւորումները: Անոնք, ըստ նախարարութեան, կը վերաբերին ներմուծման արգելքներուն, լրացուցիչ վերահսկողութեան եւ փաստաթուղթերու պահանջներուն` տարբեր ապրանքատեսակներու նկատմամբ: Երէկ, օրուան առաջին կիսուն, Հայաստանի...

Ռուբէն Վարդանեանի Կինը Ալեն Սիմոնեանի Հետ  Պաքու Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

Ռուբէն Վարդանեանի Կինը Ալեն Սիմոնեանի Հետ Պաքու Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

Պաքուի բանտը պահուող բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ դիմեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին, որուն` Պաքու տալիք այցելութեան մասին լուրեր շրջան կ՛ընեն վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ նման այցելութիւն մը յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հայ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վերաբերող մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար: Յիշեցնելով, որ Սիմոնեան նախապէս ըսած էր, որ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ բոլոր մարդասիրական...

Ակնարկ.  Իսրայէլեան Յարձակումներու Թէժացում`  Հռոմէն Փարիզ Անցնելով

Ակնարկ. Իսրայէլեան Յարձակումներու Թէժացում` Հռոմէն Փարիզ Անցնելով

Իսրայէլ խառնածին յարձակումներ կը շարունակէ իրականացնել Լիբանանի դէմ: Այդ յարձակումները ներառած են երեք ուղղութիւն: Գերիներու փոքր խմբաքանակի ազատ արձակում, բանակցութիւնները շարունակելու ազդակներու յղում եւ հրթիռակոծումներու սաստկացում: Այս անգամ թիրախաւորուած են եւ հարուածուած հիւանդանոց, պետական հաստատութիւն` ելեւմուտքի նախարարութեան մասնաշէնք: Առողջապահական, պետական թիրախներ հարուածելով Իսրայէլ կը յայտարարէ նաեւ Ալի Թահեր բարձունքի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելը: Ուաշինկթընէն կու գան ազդանշաններ բանակցութիւնները շարունակելու: Հռոմի...

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Հարաւային  Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 9 զոհեր եւ 13 վիրաւորներ, որոնց շարքին` շտապ օգնութեան անդամներ, մանուկներ եւ կիներ, արձանագրուած են Քֆարրմանի վրայ իսրայէլեան երկու օդային յարձակումներու հետեւանքով: Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը նկատեց յաւելեալ հաստատ ապացոյց, թէ իսրայէլեան բռնագրաւումը կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական օրէնքը` թիրախաւորելով շտապ օգնութեան անդամներն ու մանուկները, «երբ օրէնքը պատերազմի ժամանակ անոնց պաշտպանութիւնը կը նշէ»: Իսրայէլեան օդուժը Տէյր Զահրանի գիւղին...

Աուն. «Իսրայէլեան Յարձակումները  Կը Թիրախաւորեն Շրջագծային  Համաձայնութեան Հոլովոյթը»

Աուն. «Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Թիրախաւորեն Շրջագծային Համաձայնութեան Հոլովոյթը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարար Ժերալտ Տարմանենը` ներկայութեամբ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարի: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, անմեղ մանուկներու եւ կիներու սպանութիւնը, տուները քանդելն ու հրկիզելը եւ կալուածները հողին հաւասարեցնելը «դատապարտելի, մերժելի եւ անարդարանալի ոճիրներ են»: Ան ընդգծեց, որ այդ յարձակումները շրջագծային համաձայնութեան հոլովոյթը կը թիրախաւորեն եւ հարաւային Լիբանանի ու ամբողջ...

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ շրջանը կը գտնուի անկայուն վիճակի մէջ` մեղադրելով Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատերազմը տարբեր ձեւերով, ներառեալ տնտեսական պատերազմով եւ ծովային շրջափակումով շարունակելու յանցանքով: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ամերիկեան յարձակումները երկրի գերիշխանութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքներու խախտում են: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, թէ իրանեան առեւտրական նաւերու վրայ ամերիկեան յարձակումները «պատերազմական ոճիր ու ահաբեկչական արարք» են`...

Փեսքով. «Փաշինեանը Յառաջիկային  Կրնայ Մոսկուա Այցելել»

Փեսքով. «Փաշինեանը Յառաջիկային Կրնայ Մոսկուա Այցելել»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկային կրնայ Ռուսիա այցելել: Այցելութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին, սակայն յստակ թուականները տակաւին չեն որոշուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Փաշինեանի` Մոսկուա այցելութեան մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր 1 սեպտեմբերին Պիշքեքի մէջ` Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման ժամանակ: Հանդիպումէն ետք Փաշինեան...

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Օդային Յարձակումներ

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

4 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ երէկ իսրայէլեան օդուժը Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող շրջաններ թիրախաւորեց: Այդ յարձակումներուն ընթացքին թիրախաւորուեցաւ Արապսալիմ գիւղին մէջ բնակելի շէնք մը, ինչպէս նաեւ Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ «Ղանտուր» հիւանդանոցը, որ ամբողջութեամբ քանդուեցաւ: Հիւանդանոցին վրայ յարձակումը գիւղը թիրախաւորած երկու յարձակումներէն մէկն էր: Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հիւանդանոցին թիրախաւորումը «միջազգային մարդասիրական օրէնքի կոպիտ խախտում է»: Իսրայէլեան օդուժը...

Աուն Վանսի Եւ Քուշների Հետ Քննարկեց  Զինադադարի Հաստատումն Ու Այդ Առնչութեամբ  Բջիջի Ստեղծման Կարելիութիւնը

Աուն. «Իսրայէլեան Յարձակումները Թշնամական Արարքներու Դադրեցման Ու Շրջագծային Համաձայնութիւններու Խախտումներէն Անդին Կ՛անցնին»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Նապաթիէ քաղաքին ու անոր գիւղերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, «որոնք պատճառեցին անմեղ զոհեր եւ մեծ վնաս պատճառեցին այնտեղ գտնուող ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքին ու քանդեցին «Ղանտուր» հիւանդանոցը»: «Այս թիրախաւորումը կը ներկայացնէ վտանգաւոր մագլցում մը, որ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ու շրջագծային համաձայնութեան իրերայաջորդ խախտումներէն անդին կ՛անցնի եւ այս անգամ կը թիրախաւորէ լիբանանեան պետական հաստատութիւններն ու պետական սպասարկութեան...

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան  Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նաւերու եւ քարիւղատար նաւերու վրայ փոխադարձ յարձակումները մագլցում արձանագրեցին: Մէկ օրուան մէջ շուրջ 10 նաւեր թիրախաւորուեցան, ինչ որ հակամարտութեան մէջ նոր փուլի մը սկիզբը կ՛ահազանգէ: Միացեալ Նահանգներ սպառնաց «ընկղմել» իրանեան քարիւղատար նաւերը, եթէ Թեհրան շարունակէ ամերիկեան ծովուժի նաւերը թիրախաւորել, իսկ իրանեան զինեալ ուժերու «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնը շեշտեց, որ ամերիկեան մարտանաւերու վրայ հարուածները կրնան «նախկինէն աւելի...

Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Մոսկուա  Եւ Քիեւ Այցելեցին

Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Մոսկուա Եւ Քիեւ Այցելեցին

Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ շաբաթ օր այցելեցին Մոսկուա, ուր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցան հանդիպում մը, որ ըստ Քրեմլինի «անկեղծ» եւ «կառուցողական» էր: Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով բանակցութիւնները որակեց «կառուցողական եւ չափազանց անկեղծ»: «Բանակցութիւնները սահմանափակուած չէին ուքրանական տագնապի կարգաւորման շուրջ տեսակէտներու փոխանակումով, տնտեսական հարցեր եւ փոխադարձ շահաւէտ ռուս-ամերիկեան մեծ ծրագիրներ մանրամասն կերպով քննարկուեցան», նշեց ան: Ուշաքով...

Օվերչուք Հայ Գործընկերներուն  Կ՛առաջարկէ Համագործակցիլ Իրենց Հետ

Օվերչուք Հայ Գործընկերներուն Կ՛առաջարկէ Համագործակցիլ Իրենց Հետ

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք կասկած յայտնեց, որ Հայաստանի իր գործընկերները պիտի կարենան վերակողմնորոշուիլ այլ շուկաներու մէջ: «Ըստ ամենայնի` ոչ: Ի հարկէ, անոնց որոշակի, ոչ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերուած է, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կրնայ համեմատուիլ այն մեծ շուկային հետ, որ Ռուսիոյ շուկան է անոնց համար: Եւ մենք նոյնպէս սովոր ենք այդ արտադրանքին», ըսաւ Օվերչուք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յաջողութիւն...

Իսրայէլ Յայտարարեց, Որ Գրաւած Է  Ալի Թահեր Բարձունքները

Իսրայէլ Յայտարարեց, Որ Գրաւած Է Ալի Թահեր Բարձունքները

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Ալի Թահեր բարձունքները վերահսկողութեան տակ առնելը հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանի ամբողջացման աւարտը կը ներկայացնէ»: «Լիբանանի մէջ ապահովական շրջանէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ Հըզպալլան իր զէնքը յանձնէ», նշեց Քաց: Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Էլլա Ուաուիէ ուրբաթ գիշեր յայտարարեց. «36-րդ զօրախումբի ուժերը վերջին շրջանին աշխատանք տարին ապահովական շրջանին մէջ գտնուող Ալի Թահեր բարձունքներուն շրջանին...

Պեսենթ. «Եւրոպական Միութիւնը  Պաշտօնապէս Միացաւ Իրանի Դէմ  «Տնտեսական Մերժուած» Գործողութեան»

Պեսենթ. «Եւրոպական Միութիւնը Պաշտօնապէս Միացաւ Իրանի Դէմ «Տնտեսական Մերժուած» Գործողութեան»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս միացած է «Տնտեսական մերժուած» գործողութեան: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը գնահատէ Եւրոպական Միութիւնը անոր «ուժեղ եւ արագ» դիրքորոշման համար: Պեսենթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական կերպով կը կանգնին իրենց դաշնակիցներուն կողքին` երաշխաւորելու համար, որ իրանեան վարչակարգը համաշխարհային դրամական համակարգը չօգտագործէ իր հիւլէական ախորժակներն ու զէնքերու ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար:...

Page 5 of 795 1 … 4 5 6 … 795

Արխիւներ