Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շնորհաւորեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն ու լիբանանեան մաքսատունը Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբով 47 քիլոկրամ քոքային մաքսանենգելու փորձը ձախողութեան մատնելնուն համար:
Ան բարձր գնահատեց երկու ապահովական մարմիններուն միջեւ համակարգումը, գործակցութիւնն ու տեղեկութիւններու փոխանակումը, որոնք գործողութեան յաջողութեան յանգեցան:
Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի ցամաքային, ծովային ու օդային անցակէտերը թմրեցուցիչներու մաքսանենգման, դրամ լուալու կամ որեւէ ապօրինի գործունէութեան միջանցքներ պիտի չըլլան:
Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է սահմաններու հսկողութեան ամրապնդման, շահագրգիռ մարմիններու միջեւ համակարգումի աշխուժացման եւ մաքսանենգման ու կազմակերպուած ոճիրի ցանցերուն դէմ պայքարին:


