Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը.  Ամերիկացի Բանագնացներ Ուիթքոֆն Ու  Քուշները Այս Կիրակի Կրնան Քիեւ Այցելել

Ըստ Ուքրանացի Երեսփոխանի Մը. Ամերիկացի Բանագնացներ Ուիթքոֆն Ու Քուշները Այս Կիրակի Կրնան Քիեւ Այցելել

Ամերիկացի բանագնացներ Սթիւըն Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կրնան այս կիրակի` 6 սեպտեմբերին Քիեւ այցելել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի երեսփոխան Ալեքսէյ Կոնչարենքօ: «Ուիթքոֆն ու Քուշները, ամենայն հաւանականութեամբ, Քիեւ պիտի այցելեն կիրակի օր», գրած է ան: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ ամերիկացի երկու պատուիրակները մտադիր են մօտիկ ապագային Քիեւ եւ Մոսկուա այցելել: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի...

Սիրանուշ Սահակեան. «Գերիները Կը Պահուին  Բացարձակ Մեկուսացումի Պայմաններուն Մէջ»

Սիրանուշ Սահակեան. «Գերիները Կը Պահուին Բացարձակ Մեկուսացումի Պայմաններուն Մէջ»

Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները «բացարձակապէս մեկուսացումի պայմաններու մէջ կը պահուին», երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ահազանգեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերը ներկայացնող փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան: «Ֆիզիքական շփում արտաքին աշխարհին հետ գոյութիւն չունի. անոնք չեն տեսներ իրենց հարազատները, չեն տեսներ հիւպատոսական աշխատակիցները, չեն տեսներ անկախ բժիշկներ, փաստաբաններ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներ, այսինքն` կը պահուին արտաքին աշխարհէն...

Ակնարկ.  «Աշխուժ Փուլ»-ի Աւարտ`  Նոյեմբերին Ընդառաջ

Ակնարկ. «Աշխուժ Փուլ»-ի Աւարտ` Նոյեմբերին Ընդառաջ

Ամերիկեան մամուլը կը կատարէ հրապարակումներ, որոնց համաձայն, նախագահ  Թրամփը հակուած է  աւարտելու Իրանի հետ հակամարտութեան աշխուժ փուլը: Ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու,  Սպիտակ տան ղեկավարը գլխաւոր խորհրդականներու հետ կը քննարկէ Իրանի դէմ գործողութեան աւարտը պաշտօնապէս յայտարարելու հաւանական բեմագրութիւնը: Նախ, պէտք է մտածել, թէ պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ի՛նչ հիմնական առաւել ձեռք բերած է Ուաշինկթընը, աշխուժ փուլը աւարտած նկատելու: Եթէ ընդունինք, որ...

Իսրայէլ Որոշեց Ազատ Արձակել  Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլ Որոշեց Ազատ Արձակել Լիբանանցի Գերիներ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Իսրայէլ այսօր լիբանանցի 5 գերիներ ազատ արձակէ»: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ծիրին մէջ ցուցմունք տուաւ հետեւելու Լիբանանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավարներու աճիւններու որոնման, որոնց ան կոչած է «արքայական նահատակներ», որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած էին 1980-ականներու կէսերուն»: Գրասենեակը ըսաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը...

Թրամփ. «Իրանի Դէմ  Նոր Արշաւը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Նոր Արշաւը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի դէմ նոր արշաւը երկար պիտի չտեւէ, սակայն աւելցուց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է այլ յարձակում շղթայազերծելու: Ըստ անոր, Իրան կը փորձէր ականներ նետող հրթիռներ արտադրել, եւ իրենք այդ փորձը ձախողեցուցած են: «Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմի վերսկսումէն պէտք չէ մտահոգուի: Ես եմ նախագահը եւ ես Իսրայէլին հոգ պիտի տանիմ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը: Միացեալ...

Լաւրով. «Հայաստանի Մօտ Շուտով  Պիտի Կորսուի Եւրոպական Միութեան  Անդամակցելու Ցանկութիւնը»

Լաւրով. «Հայաստանի Մօտ Շուտով Պիտի Կորսուի Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Ցանկութիւնը»

Հայաստանի մօտ շուտով պիտի կորսուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ցանկութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Տնտեսապէս Եւրոպական Միութիւնը, բազմաթիւ գործօններու բերումով, ներառեալ իր կարճատեսութիւնը, չըսելու համար` յիմարութիւնը, կը կորսնցնէ իր առաւելութիւնները: Անշարժունակութիւն ունեցող երկիրները` մեր սերպ բարեկամները, հիմա ալ մեր հայ գործընկերները, կը ձգտին Եւրոպական Միութեան անդամակցելու: Վստահ եմ, որ անոնց...

Պերսէ. «Եւրոպայի Աշխարհաքաղաքական  Ծանրութեան Կեդրոնը Կ՛անցնի Հայաստանէն,  Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն Եւ Թուրքիայէն»

Պերսէ. «Եւրոպայի Աշխարհաքաղաքական Ծանրութեան Կեդրոնը Կ՛անցնի Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն Եւ Թուրքիայէն»

Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական ծանրութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի դէպի արեւելք` հիւսիսային լայնութեան 39-րդ զուգահեռականի երկայնքով, անցնելով չորս անդամ պետութենէ` Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, եւ Թուրքիայէն: Այս մասին Մոնաքոյի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նիստի ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Պերսէ: «Այդ պետութիւնները կը գտնուին խաչմերուկին վրայ Ուքրանիոյ մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներու եւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքական ու տնտեսական փոփոխութիւններու, որոնց...

Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ

Արցախի Անկախութեան Օրը` Եռաբլուրի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով երէկ բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն` ծաղիկներ խոնարհելով «Արցախի կանչը» յուշակոթողին: «2 սեպտեմբերին արցախահայութիւնը որոշեց տէր կանգնիլ իր իրաւունքներին, իր քաղաքական հեռանկարին, իր ներկային: Ցաւօք սրտի մեր պատմութեան ամէնէն յիշարժան, ամէնէն երեւելի, ամէնէն արժանապատիւ օրերէն մէկը այսօր մթագնած է: Մթագնած է օրուան քաղաքական իշխանութեան վարած անհաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութեան եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Անկախութիւնը  Սոսկ Անցեալ Չէ, Այլ Նաեւ Ու Մի՛շտ` Ապագայ»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Անկախութիւնը Սոսկ Անցեալ Չէ, Այլ Նաեւ Ու Մի՛շտ` Ապագայ»

Ազգեր անցեալին կը նային, անցեալի իրագործումներով կը հպարտանան, անցեալի թերութիւններուն կը գիտակցին, սակայն միշտ ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ կերտելու գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսլականով: Հետեւաբար, անցեալը պէտք չէ դառնայ անցած, այլ` վերանորոգ հաւատքով ու նպատակասլաց կամքով ապագային բացուելու ու քալելու ամուր վճռակամութեան վերահաստատման առիթ ու յիշեցում: Այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Ազգերու պատմութեան մէջ պայմանները միշտ փոփոխական...

Փութին. «Եթէ Հայաստանը  Կը Կարծէ, Թէ Գիւմրիի Մէջ  Ռուսական Ռազմակայանին Կարիքը Չունի,  Մենք Վաղն Իսկ Կը Հեռանանք»

Փութին. «Եթէ Հայաստանը Կը Կարծէ, Թէ Գիւմրիի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանին Կարիքը Չունի, Մենք Վաղն Իսկ Կը Հեռանանք»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ի մասին յայտարարութեան, յայտնեց. «Չեմ ուզեր փորփրել ոչ վաղ անցեալը, սակայն ամէն բան սկսաւ Ղարաբաղի խնդիրէն: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ինք` վարչապետը, Փրակայի մէջ ստորագրեց համապատասխան փաստաթուղթը եւ ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս է: Այդ պահէն ի վեր այս հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը ձեռք բերաւ շատ երկակի բնոյթ: Մենք ի՞նչ է, կրնայի՞նք...

Հակառակ Թրամփի Զգուշացումներուն.  Իրան Կը Հակադարձէ Ամերիկեան Յարձակումին

Հակառակ Թրամփի Զգուշացումներուն. Իրան Կը Հակադարձէ Ամերիկեան Յարձակումին

Իրան յայտարարեց, թէ իր հողերուն մէջ բազմաթիւ դիրքերու վրայ ամերիկեան յարձակումին հակադարձելով հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է, հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած էր, թէ իրանեան որեւէ հակադարձութիւն «աւելի ուժեղ եւ աւելի բարձր մակարդակով» յարձակումի պիտի արժանանայ: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարած էր, թէ հարուածներ շղթայազերծած է, հակադարձելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ Հորմուզի...

Խմբագրական.  Սեպտեմբեր 2 Եւ Անյետաձգելի Առաջադրանքներ

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2 Եւ Անյետաձգելի Առաջադրանքներ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին փաստաթուղթը այսօր կը ստանայ քաղաքական սուր հնչեղութիւն, հակառակ հայաթափուած իրավիճակին եւ բռնակցուած ըլլալու փաստին: Արցախի ժողովուրդն ու անոր կամքի իրաւական առարկայացումներով յառաջացած մարմիններու կայացումը ընթացած էր միջազգային օրէնքի համապատասխան իրաւաչափութիւններով, Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումի օրերուն այլ հանրապետութիւններու նման համամիութենական կառոյցէն դուրս գալով, ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումով, հանրաքուէով  եւ միջազգային ընտանիքի ճշդած կանոններու հիման վրայ պետութիւն ձեւաւորելով: Այս...

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ  Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած  Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման,  Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Փեզեշքիան. «Եթէ Ամերիկան Վերադառնայ Փոխըմբռնման Յուշագիրով Ստանձնած Իր Պարտաւորութիւններու Կատարման, Մենք Անմիջապէս Նոյնը Պիտի Կատարենք»

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կրող փոխըմբռնման յուշագիրին նկատմամբ յանձնառութիւնը երկու շաբաթէն աւելի չտեւեց: Փեզեշքիան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման վերադառնալէն անմիջապէս ետք, Իրան նոյնը պիտի կատարէ: Ան աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներուն, իր երկիրը իր պարտաւորութիւնները եւ միջազգային համաձայնութիւնները կատարելու պատուաբեր ցուցանիշ ունի: Միացեալ Նահանգներու փոխնախարար Ճէյ. Տի. Վանս...

Նեթանիահու. «Յունաստանի Հետ Ապահովական  Համաձայնութիւնը Շրջանային Դաշինքները Կ՛ամրապնդէ  Եւ Իսրայէլի Ուժը Ցոյց Կու Տայ»

Նեթանիահու. «Յունաստանի Հետ Ապահովական Համաձայնութիւնը Շրջանային Դաշինքները Կ՛ամրապնդէ Եւ Իսրայէլի Ուժը Ցոյց Կու Տայ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բրիտանական «Թելեկրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Յունաստանի հետ կնքուած ապահովական համաձայնութիւնը, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն է, «Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ տասը տարի առաջ մեր կնքած Միջին Արեւելքի դաշինքի ուղղակի շարունակութիւնն է»: «Անիկա իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան հսկայական կարողութեան յաւելեալ ապացոյց է», աւելցուց ան: Նեթանիահու տողատակի Թուրքիոյ ակնարկելով նշեց. «Այս քայլը կ՛արտացոլէ Իսրայէլի ուժը,...

Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ  «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցով»

Փութին Փաշինեանին Կ՛առաջարկէ «Հայաստանի Ժողովուրդին Ընտրելու Կարելիութիւն Տալ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հարցով»

1 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Պիշքեքի մէջ: Հանդիպումին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ Հայաստանի ձգտումը` դէպի Եւրոպական Միութիւն, երկրի օրինական իրաւունքն է, սակայն այս մէկը բարդութիւններ կը ստեղծէ, նաեւ` Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալուն: «Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցով, այնքան լաւ: Մոսկուայի մէջ պէտք է հասկնանք` ինչպէ՛ս զարգացնել հետագայ յարաբերութիւնները»,...

Արցախէն Տեղահանուածներու Ընկերային  Իրաւական Խնդիրները Կը Պահանջեն  Հետեւողական Լուծումներ

Արցախէն Տեղահանուածներու Ընկերային Իրաւական Խնդիրները Կը Պահանջեն Հետեւողական Լուծումներ

31 օգոստոսի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան մասնակցած է Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու կարգավիճակի եւ ընկերային իրաւունքների իրագործման ոլորտին մէջ իրաւակիրառ փորձի խնդիրներուն նուիրուած քննարկումին` կազմակերպուած «Իրաւունքի պաշտպանութիւն առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ: Լիլիթ Գալստեան քննարկումին խօսք առնելով մասնաւորապէս նշած է. «Իրականում Արցախից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցները առերեսւում են ընկերային եւ իրաւական բնոյթի բազմաթիւ խնդիրների,...

Ակնարկ.  Միջնորդութիւններ Եւ Գործարքներ`  Այս Անգամ Թրքական Եւ Յունական Դիրքերէ

Ակնարկ. Միջնորդութիւններ Եւ Գործարքներ` Այս Անգամ Թրքական Եւ Յունական Դիրքերէ

Լիբանանեան թղթածրարին Անգարայի միջնորդութեան առանցքներու ուրուագծումներ կը կատարուին  լրատուական հրապարակումներու ընդմէջէն: Անգարան առաջարկած է իր եւ Իրանի վերահսկողութեամբ Հըզպալլայի ծանր զէնքերը տեղափոխել Իրան: Այս փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ամերիկեան եւ միջազգային երաշխիքներով: Ասոր դիմաց, Իսրայէլ պէտք է հեռացնէ իր ուժերը լիբանանեան բոլոր տարածքներէն: Հրապարակուած նիւթերուն համաձայն, լիբանանեան կողմը տատամսոտ կը վերաբերի այս առաջարկին, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը դրական չեն...

Իրան – Միացեալ Նահանգներ  Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ հրդեհ ծագած է քարիւղատար նաւու մը վրայ, որ Հորմուզի նեղուցին հարաւը «ապօրինի ուղիով» նաւարկելու ընթացքին երկու ականներու բախած է: Պահակագունդը զգուշացուց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ ապահովական դասաւորումները խախտող նաւերուն ճակատագիրը նշեալ քարիւղատարին նման պիտի ըլլայ, եւ նաւերու կողմէ նեղուցին մէջ նաւարկման համար իր ուժերու յայտարարած ցուցմունքներուն հետեւիլը «պարտադիր է»: Իրանեան բանակը իր...

Պըրրի. «Գոյութենական Վտանգները Ոչ Ոքի  Իրաւունք Կու Տան Շրջագծային Համաձայնութեան  Կամ Որեւէ Գաղտնի Յաւելուածներու  Վերնագիրին Տակ Գործել»

Աուն Այցելեց Յունաստան

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Աթենք, ուր հանդիպում ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Քոնսթանթինոս Թասուլասի հետ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին ցուցաբերուած քաղաքական, մարդասիրական ու զինուորական տեւական աջակցութեան համար: «Աշխատանք կը տանինք տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչ որ կը ծառայէ անոնց հասարակաց շահերուն», յայտարարեց Աուն: «Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է շրջանի եւ Եւրոպայի կայունութեան համար, եւ...

Page 6 of 795 1 … 5 6 7 … 795

Արխիւներ