Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակած է «Հայ պատանդները Ազրպէյճանի մէջ. ռազմագերիներ, քաղաքացիական անձեր եւ քաղաքական բանտարկեալներ» թղթածրարը` 2026 թուականի հոկտեմբերի 29-ի թուակիրով: Անիկա կը ներկայացնէ վիճակը այն 20 հայերուն, զորս Ազրպէյճանը կը շարունակէ պահել Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումէն աւելի քան երեք տարի ետք:

20-ի շարքին են Արցախի Հանրապետութեան նախկին քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներ, քաղաքացիական անձեր եւ ռազմագերիներ: Անոնցմէ երկուքը կը պահուին 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր: Բոլորը դատապարտուած են եւ կը կրեն 15 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկման պատիժներ: Թղթածրարը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը յայտնուած գերութեան մէջ, եւ կը պարունակէ տեղեկութիւններ 20-էն իւրաքանչիւրին մասին:

Թղթածրարը կ՛արձանագրէ.

– դատավարութիւններ ռազմական դատարանի մէջ` դիտորդներու համար հիմնականին մէջ փակ, իսկ դատավճիռները ամբողջութեամբ չեն տրամադրուած պաշտպանութեանը,

– 2025 թուականի դեկտեմբերէն ի վեր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի որեւէ այցելութիւն տեղի չէ ունեցած,

– Եւրոպական խորհուրդի խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէի զեկուցումը կը մնայ չհրապարակուած, քանի որ Ազրպէյճանը համաձայնութիւն չի տար,

– Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ դիմումները դեռ քննութեան փուլին մէջ են,

– խորհրդարաններու, կառավարութիւններու եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու արձագանգը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւնները երրորդ երկիրներու միջոցով այցելութիւններ կազմակերպելու անյաջող  փորձերու մասին:

«Մինչեւ օրս ազատ արձակումները տեղի ունեցած են միայն քաղաքական գործարքներու շրջանակին մէջ», կը նշէ ՀԴԿԽ-ն` աւելցնելով. «Անոնք պատանդներ են եւ պէտք է ազատ արձակուին անյապաղ եւ անվերապահօրէն` առանց փոխանակումներու կամ քաղաքական զիջումներու»:

Մինչեւ ազատ արձակումը թղթածրարը կը պահանջէ.

– կանոնաւոր անկախ մարդասիրական մուտք եւ բժշկական գնահատում,

– անարգել կապ ընտանիքներու եւ փաստաբաններու հետ,

– խոշտանգումներու կանխարգիլման կոմիտէի զեկուցումի հրապարակում,

– Եւրոպական դատարանի պահանջներու լիարժէք կատարում,

– 2020 թուականին գերեվարուած եւ մինչեւ օրս անյայտ կորսուած առնուազն 80 հայի ճակատագիրի արդիւնաւէտ քննութիւն:

Թղթածրարը կը լրացնէ ՀԴԿԽ-ի «Արդարադատութիւն» ըստ Ազրպէյճանի – Ռուբէն Վարդանեանի գործով մեղադրական եզրակացութեան եւ դատավճիռի վերլուծութիւն» հաւաքածոն, որ կը վերլուծէ Վարդանեանի գործով հրապարակուած մեղադրական եզրակացութիւնը եւ դատավճիռը: Զեկուցումի անգլերէն ուղեկից հատորը` «Justice» According to Azerbaijan: The Prosecution, Trial and Conviction of Ruben Vardanyan» յատուկ զեկուցումը, նոյնպէս հասանելի է:

Թղթածրարը (հայերէն)` https://armeniancause.net/wp-content/uploads/2026/10/20261029-hostage_prisoner_Dossier-Armenian-final.pdf

Հաւաքածոն (հայերէն)` https://armeniancause.net/wp-content/uploads/2026/10/20261026-Vardanyan_Armenian_Compilation-fv.pdf

ՀԴԿԽ-ի բոլոր հրատարակութիւնները, ներառեալ` թղթածրարը եւ յատուկ զեկուցումը, հասանելի են «Մեր հրատարակութիւնները» էջին մէջ` https://armeniancause.net/?page_id=1092

Կապ` [email protected]

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Երեւան, 30 հոկտեմբեր 2026

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

RelatedPosts

Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
Էրտողան. «Կ՛աջակցինք  Այն Հաղորդակցութիւններուն,  Զորս Մեր Ազրպէյճանցի  Եղբայրները Ունին Հայաստանի Հետ»
Հայկական

Էրտողան. «Կ՛աջակցինք Այն Հաղորդակցութիւններուն, Զորս Մեր Ազրպէյճանցի Եղբայրները Ունին Հայաստանի Հետ»

October 31, 2026
Հաճիեւ. «Կանաչ» Ուժանիւթը Կրնայ Դառնալ  Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան  Ռազմավարութեան Մաս»
Հայկական

Հաճիեւ. «Կանաչ» Ուժանիւթը Կրնայ Դառնալ Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Ռազմավարութեան Մաս»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.