Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Եուրոմետիա24»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընտրութիւններու արդիւնքները այնպէս եղան, որ Քաղաքացիական պայմանագիրը չկրցաւ ունենալ սահմանադրական մեծամասնութիւն, եւ փաստօրէն իրեն համար ինչ ալ ըլլան պատճառները, դրդապատճառները, սահմանադրութիւնը փոխելը խորհրդարանին մէջ եւ նոյնիսկ հանրաքուէի որոշում կայացնելը կը բախի լուրջ դժուարութեան»:

«Փաշինեանը կեղծ ու ստապատիր պատճառներով պիտի ուզէ եւ պիտի ձգտի անպայման սահմանադրութիւնը փոխել: Նախ ես կ՛ենթադրեմ եւ կը հաւատամ, թէ ինք արդէն համաձայն չէ մայր սահմանադրութեան, հակառակ այն իրողութեան որ ինք Անկախութեան հռչակագիրով հաստատուած Հայաստանի սահմանադրութեան հիմամբ հասաւ իշխանութեան: Սակայն ան վարչապետի աթոռին հասաւ, որպէսզի կարենայ իրեն պարտադրուած եւ նաեւ իր հաւատացած ծրագիրը իրագործել», նշեց Բագրատունի` աւելցնելով. «Թէ այդ պարտադրանքները կու գան Ազրպէյճանէն, Թուրքիայէն կամ այլ արտաքին ուժերէ, ատիկա արդէն մէկ հսկայ այլ խնդիր է, որուն վերաբերեալ հայրենի մեր ժողովուրդը իր ըսելիքը պէտք է ունենայ անտարակոյս»:

«Ես համայն սփիւռքի անունով չեմ կրնար խօսիլ, սակայն կը խօսիմ անունովը անոր հսկայական թիւ հաշուող հանրութեան, որ մեր գաղափարներուն համամիտ է, խորքային իմաստով դէմ է սահմանադրութեան փոփոխութեան խորքային իմաստով դէմ է Անկախութեան հռչակագիրի հիմնական կէտերու փոփոխութեան, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ սահմանադրութիւնը պահուի այնպէս, ինչպէս որ է, եւ անտեղի, անիմաստ ու ազգակործան նոր սադրանքներ չհիւսուին, այս անգամ ժողովրդավարութեան անունով, կեղծ ընդդիմութիւն մը յառաջացուի եւ ատկէ ետք նոյն կեղծիքը շարունակելով սահմանադրութիւն պարտադրուի մեր ժողովուրդին», յայտարարեց Բագրատունի:

«Ես կը կարծեմ, որ սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս հարցով լրջօրէն մտահոգ է, նոյնիսկ անոնք, որոնք կեցուածք չեն արտայայտեր, սակայն հիմնականին մէջ Հայաստանի մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենք այս հարցով այնքան խոր առնչուած պէտք է ըլլան, որ կարենան իրենց ըսելիքը ըսել, եւ մեր բոլորին հայրենիք Հայաստանին ապագան պատահականութեան չձգուի, ընտրակեղծիքներու չձգուի եւ արտաքին ուժերու միջամտութեան չձգուի», ըսաւ ան:

«Եթէ սահմանադրութեան փոփոխութեան պարտադրանք չկայ, ինչո՞ւ է այս աճապարանքը, ինչո՞ւ ընդդիմութիւնը կ՛որակուի տարբեր անուններով, եւ ինչու կանխահաս ընտրութիւններու մասին խօսիլ, պարզապէս, որովհետեւ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կրնայ ուշանալ: Այսօր ի՞նչ է այն հիմնական խնդիրը, որ մեզի կը պարտադրէ սահմանադրութիւնը փոխել, ի՞նչ էր, որ մեզի կը պարտադրէր Արարատը մեր զինանշաններուն վրայէն վերցնել եւ քաղաքական մեր բառամթերքը փոխել, հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ փոփոխութիւններ կատարել եւ մեր զաւակներուն միայն Հայաստանի պատմութիւն դասաւանդել», հարց տուաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ ասոնց դիմաց կը խոստացուի խաղաղութիւն մը, որ որեւէ ձեւով երաշխաւորուած չէ:

Ան ըսաւ, որ Հայաստան-սփիւռք կապը կտրելու փորձը նոր չէ, այլ պոլշեւիկեան շրջանին ալ կատարուած է, եւ փաստը ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ խորհրդային վարչակարգի տիրապետութեան օրերուն, երբ կարիքը զգացուեցաւ, որ սփիւռքահայութիւնը օգտակար ըլլայ Հայաստանին, այդ մէկը կատարուեցաւ: «Սփիւռքահայութեան համար վարչակարգերը կու գան ու կ՛երթան, հիմնականը հայրենիքն է եւ հայրենի հողի ու պետականութեան պահպանումը», ընդգծեց Բագրատունի` այն հաւատքը արտայայտելով, որ ինչպէս պոլշեւիզմի օրերուն այդ փորձը ձախողեցաւ, այս փորձը եւս պիտի ձախողի:

«Սփիւռքը ի սպաս Հայաստանին է, սփիւռքը ինքնակեդրոն կառոյց չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սփիւռքը պարտադրուած իրողութիւն է, ինչպէս որ Հայաստանի այսօրուան սահմանները պարտադրուած իրողութիւն են»:

«Եկեղեցին մեր պատմութեան ընթացքին, պետութեան բացակայութեան ընթացքին մեր հիմնասիւնը եղած է եւ միշտ վտանգ նկատուած է թշնամիին կողմէ, եւ այսօր դժբախտաբար հայրենի մեր կառավարութիւնը կը փորձէ եկեղեցին հարուածել յանուն այսպէս ըսած բարեկարգումներու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եկեղեցին բարեկարգումի պէտք ունի, ատիկա եկեղեցականները կ՛ըսեն եւ եկեղեցւոյ հաւատացող բոլոր հայ քրիստոնեայ անհատները կ՛ըսեն: Այդ բարեկարգումը կը կատարուի ըստ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հիմնական օրէնքին եւ մեր սահմանադրութեան, որ պետութիւնը կ՛անջատէ եկեղեցիէն: Թէ ինչպէ՛ս կը կատարուի այդ բարեփոխումը, ատիկա եկեղեցւոյ իրաւասութեան մէջ է, եւ պետութիւնը իրաւունք չունի այդ գծով միջամուխ դառնալու»:

«Միջամուխ դառնալ կը նշանակէ քանդել եկեղեցին, եկեղեցին քանդել կը նշանակէ հարուածել այն, ինչ որ մնացած է մեր ազգային արժեհամակարգին մէջ», շեշտեց Բագրատունի:

Նախորդը

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
Էրտողան. «Կ՛աջակցինք  Այն Հաղորդակցութիւններուն,  Զորս Մեր Ազրպէյճանցի  Եղբայրները Ունին Հայաստանի Հետ»
Հայկական

Էրտողան. «Կ՛աջակցինք Այն Հաղորդակցութիւններուն, Զորս Մեր Ազրպէյճանցի Եղբայրները Ունին Հայաստանի Հետ»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.