Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, երեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` նիւթ ունենալով «Հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականը»:

Հանդիպումին ներկայ էին ներկայ երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ, Ազգային երեսփոխաններ, Կեդրոնական եւ ազգային վարչութեանց անդամներ, քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, միութիւններու,  կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, թեմի հոգեւորականութիւնը, թաղապետներ, թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, լիբանանահայ վարժարաններու աւելի քան վեց հարիւր ներկայացուցիչներ:

Բացման բարի գալուստի իր խօսքին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` յանուն Ազգային իշխանութեանց ողջունելէ ետք վեհափառ հօր ներկայութիւնը, ըսաւ, որ սոյն հանդիպումը շարունակութիւնն է  «Սփիւռքի տարուան» առթիւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ սկիզբ առած զրոյցի մը, որ կը միտէր մեր ժողովուրդը հրաւիրել նոր զարթօնքի, որպէսզի նոր ճիգով ու աշխատանքով  մեր կեանքէն ներս նշմարուող ընդհանուր նահանջը զսպուի ու դարերու ճիգով կերտուած մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին նկարագիրը պաշտպանուի:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հանդիպումը կը միտի հաւաքական մտասեւեռումի նիւթ դարձնել մեր կեանքի անհրաժեշտութենէն բխող հրամայական մը,  որ հաւասարապէս կը վերաբերի Հայ եկեղեցւոյ, մեր կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային, մարզական ու քաղաքական կառոյցներուն ու միաւորներուն, հայ ընտանիքին, հայ ծնողքին, հոգեւորականին, մտաւորականին, աշխարհականին, ժողովականին, հաւատացեալին ու յանձնառու իւրաքանչիւր  գիտակից անհատի: Ան շեշտեց, որ մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ազգն ու կրօնը հայ ժողովուրդին համար եղած են մեր ազգային միութիւնը երաշխաւորող տարրերը: Հետեւաբար, միասին խորհելու, միասնաբար ախտաճանաչումներ կատարելու եւ միասնական լուծումներ առաջադրելու պահանջքը կը բխի մեր հաւաքականութեան կեանքը առողջ ու արդիւնաւոր վիճակի մէջ  տեսնելու հրամայականէն:

Ուստի, սրբազանը հաստատեց, որ այսօր, Լիբանանի մէջ ու սփիւռքի տարածքին, մեր Եկեղեցին ու մեր կառոյցները, իրենք զիրենք վերստին կենսունակ դարձնելու խնդիր ունին, հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ հրապարակաւ այդ մասին խօսուի, որպէսզի հոգեւոր ու ազգային ընդհանրական հարցերու շուրջ մեր համայնքը դարձեալ համախմբելու, մեր կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային, մարզական ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը աշխուժացնելու գործին լծուինք եւ մեր աշխատանքով հաստատենք, որ հայրենիքէն դուրս հասակ առնող մեր զաւակներն ալ պիտի շարունակեն մնալ պահանջատէր ու իրենց կեանքը վարել մեր պատմութեան հաւատարմութեամբ, սեփական աւանդոյթով ու մեր ազգային իտէալներով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը, որ դիտել տուաւ, թէ «Հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայական»-ը թեման այժմէական եւ հրատապ կը հնչէ ներկայ մեր ժամանակներուն ու համաշխարհային բնոյթ եւ տարողութիւն ստացած է սփիւռքի տարածքին, ուր քաղաքական իրադարձութիւնները գլխիկոր կը շրջեն իրավիճակները` աշխարհը ներքաշելով մէկ ծայրայեղութենէ միւսը հակազդեցութեան գործօններով յատկանշուող երեւոյթներու անվերջանալի շարքի մէջ: Ան ըսաւ, որ այսօրուան բաց համակարգը կը քննարկէ ամէն ինչ, իսկ Արհեստական բանականութիւնը` իր ընծայած հսկայական դիւրութիւններով եւ անվճար ծառայութիւններով, դրականին առընթեր, յաճախ կ՛օգտագործուի նաեւ արժէքներու հարուածման ընդհանուր քաղաքականութեան կողմէ` աւելցնելով, որ փոխուող եւ հարուածուող այդ արժէքները կրօնական են, համամարդկային եւ ազգային:

Շ. Գանտահարեան ըսաւ, որ այսօրուան հաղորդակցական փիլիսոփայութիւնը ցանցային է եւ հորիզոնական, իսկ հաղորդակցութիւնը` արտայայտուելու եւ հասանելի ըլլալու հարթակները ազատօրէն կը հատէ բոլոր տեսակի կարմիր գիծերը` ջնջելով աշխարհագրական բոլոր սահմանները:

Ան նկատել տուաւ, որ արժէքափոխութեան նպաստող այս դրուածքը կը հակադրուի մեր հոգեւոր թէ ազգային կառոյցներու գործելաոճին ու կառուցուածքին` աւելցնելով, որ մեր մօտ` եկեղեցական թէ հասարակական առումներով, ներհաստատութենական քննարկումները ազատ են, ժողովական հաւաքական դրութիւնը` որոշուած հաւաքականօրէն, եւ կառոյցները կանոնագրուած վարէն վեր ընթացող ժողովներով, սակայն կառոյցի դրուածքը բրգաձեւ է, որ ունի իր տրամաբանութիւնը եւ իրաւամբ կ՛իմաստաւորէ եկեղեցական թէ ազգային եւ մշակութային մեր կազմակերպութիւններու աշխատանքի ձեւը: Այլապէս կ՛իմաստազրկուին կազմակերպ հաւաքականութիւն ըլլալը, որոշումներ կայացնելը եւ անոնց վերահսկելու գործիքակազմը:

Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ մեր հաւաքական կեանքի այս ուղղահայեացութիւնը հակադրուած է ցանցային հորիզոնական այսօրուան փիլիսոփայութեան, որ կը մերժէ կառուցակարգուածը, կարգն ու կանոնը ու փոխանակ դարերէն ժառանգուած խորհուրդը նորոգելու ու արդիականացնելու, կը ձաղկէ ինքնութիւնը, կը ստուերէ ազգայինն ու հոգեւորը` իբրեւ թէ բոլորովին կերտելու համար նորը: Ապա, յիշեցնելով, թէ այս ահազանգը տարբեր առիթներով հնչեցուցած է վեհափառ հայրապետը ժողովներով, քարոզներով, յայտարարութիւններով, նաեւ վերջին երկու տարիները յաջորդաբար նուիրելով մեր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն` ան յայտնեց, թէ Արամ Ա. վեհափառը ոչ միայն հնչեցուցած է ահազանգը, այլ նաեւ համաշխարհային թէ ազգային հայեցակարգերով վերլուծած է արժէքափոխութեան այս ընթացքի հոլովոյթը, վեր առած անոնց նշանակութիւնը ինչպէս մարդկութեան, այնպէս նաեւ մեր ազգին համար: Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ այս հայեցակարգերը եկեղեցական շրջագիծերէն անդին ընդգրկած են ազգային գոյութեան, պետականութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական պատասխանատուութեան հարցերը ու այդ բոլորին մէջ գիտական մեթոտներով հիմնաւորուած է, որ աւանդութիւնը կենսունակ է ոչ թէ այն պատճառով, որ հին է, այլ որովհետեւ յաջողած է իմաստ հաղորդել ներկային եւ ուղղութիւն տալ ապագային: Ան շեշտեց, որ վերակենսաւորումը կ՛ենթադրէ նոր ռազմավարութիւն եւ նոր աշխատելաոճ, ի պահանջել հարկին` նոր կառուցակարգումներ, նպատակ ունենալով մեր համայնքային կազմակերպ կեանքը արդիւնաւէտ դարձնել եւ կեդրոնական հանգամանք ունեցող լիբանանահայութեան երթը ապահովագրել հոգեւոր-ազգային արժէքային երաշխիքներով` աւելցնելով, թէ ապահովագրումը կ՛ենթադրէ վտանգներու  եւ արկածներու հետեւանքներու դիմակայում: Վտանգուած է մեր ինքնութիւնը:

Յիշեցնելով, թէ հոկտեմբերին կը նշուի Թարգմանչաց տօնը, ուստի ան դարձած է մեր ինքնութեան պահպանման ու փրկութեան, մեր լինելութեան եւ ազգի շարունակականութիւնը խորհրդանշող ամիս` Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ առ այդ, այս հաւաքը հոկտեմբերին մէջ կայացնելն ալ իբրեւ խորհուրդ կը կապուի այդ տօնին: Թարգմանչացը հաւատքի, աստուածային տեսիլքի առընթեր համազգային կամքի դրսեւորում է օրուան համաշխարհային համակարգերու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան նուաճումով ազգը փրկելու: Ան յայտնեց, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Թարգմանչաց տօնի այս տարուան խորհուրդը բանաձեւած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ, որուն մէջ հոգեւորը, ազգայինն ու մշակութայինը դարձած են մէ՛կ ամբողջութիւն, զոր պառակտելու ներքին եւ արտաքին քանդիչ ուժերու փորձերը պարտութեան մատնուած են միայն այն ժամանակ, երբ մեր ժողովուրդը գիտակից կեցուածք ցուցաբերած է իր պատմութեան հանդէպ եւ կառչած մնացած է լուսաւորչեան ու մաշտոցեան հոգեւոր ու ազգային յեղափոխութիւններուն:

Այնուհետեւ, իր հայրական խօսքը ներկաներուն ուղղելով, վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ իր խօսքը քարոզ, պատգամ կամ դասախօսութիւն չէ, այլ ներկաներուն հետ զրոյց: Ան յիշեց, թէ սրահ մուտք գործելու պահուն, գեղեցիկ ու գօտեպնդիչ երեւոյթի մը հանդիպած է` տեսնելով, որ գաղութի բոլոր կառոյցներուն եւ մարմիններուն ներկայացուցիչները համախմբուած են միասին: Վեհափառը փափաք յայտնեց, որ այս երեւոյթը յաճախ կրկնուի մեր բոլոր հանդիսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն`  դիտել տալով, որ որքան միասին մտածենք, միասին գործենք եւ միասին ծառայենք` որպէս համայնք աւելի հզօր կը դառնանք ու մեր շրջապատը Լիբանանի մէջ աւելիով յարգալից մօտեցում կ՛ունենայ մեր համայնքին նկատմամբ:

Ան լուսարձակի տակ առաւ երեք կէտեր, որոնց պրիսմակէն դիտելով պէտք է ընկալել իր  արտայայտութիւնները.

1.- Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպումի, այս մասին վերջին 3-4 տարիներուն խօսուած է, եւ այս գործընթացը պէտք է շարունակուի:

2.- Սփիւռքը անհրաժեշտ կարիքը ունի նոր ռազմավարութեան, եւ այս մասին պիտի խօսուի Ազգային ընդհանուր ժողովին:

3.- Լիբանանի հայութիւնը միշտ նկատուած է սփիւռքահայութեան ողնասիւնը, եւ այս իրողութիւնը անցեալ չէ, այլ` մեր ներկան է եւ պէտք է ըլլայ:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ մեր գործով ու համայնական կեանքին մեր բերած մասնակցութեամբ պէտք է փաստենք, որ Լիբանանի հայութիւնը ինչ որ էր անցեալին որպէս համայնք, նոյնն է այսօր եւս, հակառակ 50 տարիներու ընթացքին մեր տեսած տեսակաւոր տագնապներուն ու ապրած դժուարութիւններուն:

Ա) Անդրադառնալով հոգեւոր մարզին, կաթողիկոսը փափաք յայտնեց, որ մեր եկեղեցիները միշտ լեցուն ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներով: Ան նշեց, թէ մեր եկեղեցիներուն մէջ պէտք է միշտ պատարագ մատուցուի, ու աւանդական մեր ծէսերը պէտք է լիովին կատարուին` ժողովուրդին մասնակցութեամբ: Ան ըսաւ, որ Եկեղեցին վայր չէ, այլ` ժողովո՛ւրդն իսկ է: Յիշեցնելով, թէ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու գործը հոգեւորականին կոչումն է, Արամ Ա. նշեց, որ հոգեւորականը, իրեն վստահուած աշխատանքին տրամադրած իր նուիրումի որակովը իր գործը կը վերածէ ծառայական առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ քարոզները պէտք է ըլլան կարճ, բովանդակալից ու հասկնալի: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ այսօր, մեր բոլոր թեմերը կարիքը ունին նոր քահանայ հայրերու, եւ թեկնածուները պէտք է պատրաստուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս, եւ որպէսզի քաջալերենք ծխային շրջաններու մէջ եղող հոգեւոր ծառայութեան միտում ունեցող երիտասարդները, պէտք է նախ անհրաժեշտ տնտեսական կարելիութիւններ յատկացնենք մեր հոգեւորականներուն եւ այնուհետեւ ակնկալենք, որ անոնք իրենց ծառայութիւնը տանին բարձրագոյն աստիճանի` գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ:

Բ)  Խօսելով քրիստոնէական դաստիարակութեան էական հարցին մասին, վեհափառը յիշեցուց, որ հոգեւոր արժէքները մեզի կու գան մեր Եկեղեցւոյ փորձառութենէն. հետեւաբար, անոնք պէտք է արտացոլան մեր ժողովուրդի համայնական եւ անհատական կեանքէն ներս: Ան ցաւօք մատնանշեց, որ այսօր մեր վարժարաններէն ներս կրօնի դասաւանդումը սկսած է նահանջել, որովհետեւ մեր դասապահերը շատ խճողուած են պետական կրթական ծրագիրներուն պարտադրած պայմաններով: Ուստի, ան շեշտեց, որ դպրոցներէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան մթնոլորտը պէտք է պահպանուի  եւ այս ծիրէն ներս, շատ կարեւոր նկատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու դերակատարութիւնը, որովհետեւ ինչ որ դպրոցները չեն կրնար ընել հասկնալի պատճառներով, կիրակնօրեայ վարժարանները կ՛ընեն բնական ձեւով: Ուստի, կաթողիկոսը անհրաժեշտ նկատեց բոլոր եկեղեցիներէն ներս ունենալ կիրակնօրեայ վարժարան եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր համարեց քահանայ հայրերուն ունենալիք դերակատարութիւնը, որոնք, գործակցելով իրենց շրջանի վարժարաններու տնօրէններուն հետ, պէտք է կազմակերպեն կիրակնօրեայ վարժարաններ:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, որ մենք պէտք է առաւելագոյն չափով օգտագործենք նաեւ ներկայ արհեստագիտութիւնը, մանաւանդ արհեստական բանականութիւնը, որ եթէ ճիշդ ու ազդու ձեւով գործածուի, քրիստոնէական դաստիարակութեան բնագաւառներէն ներս, կրնայ տեսակաւոր կարելիութիւններ ընծայել մեզի:

Անդրադառնալով ծխային շրջաններու կազմակերպչական վիճակին` վեհափառը ըսաւ, որ եկեղեցին ծուխն է եւ հետեւաբար, իւրաքանչիւր ծուխ, իր քահանայ հայրով, թաղականութեամբ եւ առնչակից մարմիններով, պէտք է ինքզինք կազմակերպելու եւ կառավարելու պատրաստակամութիւնը ունենայ ու իր տնտեսական կարիքներուն համար միջոցներ որոնէ:

Գ) Խօսելով հայեցի կրթութեան ոլորտի մասին, վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ դպրոցին անփոխարինելի դերակատարութիւնը եւ հայ դպրոցին ունեցած կեդրոնական տեղն ու դերը համայնքի կեանքէն ներս: Ան շեշտեց, որ հայ աշակերտին տեղը հայ դպրոցն է:  Հարց տալով, թէ ինչո՞ւ հայ աշակերտը օտար դպրոց պիտի յաճախէ եւ մեր վարժարանները ինչո՞վ ետ կը մնան օտար վարժարաններէն, վեհափառը շեշտեց, որ կարեւորը դպրոցին արտաքին տեսք չէ, այլ` որակն ու կոչումը, եւ կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն, թելադրելով, որ իրենց զաւակները յանձնեն հայ դպրոցին եւ վստահին անոր միջոցաւ տարուող հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան:

Դ)  Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. կաթողիկոս նկատել տուաւ, որ սփիւռքի վերակազմակերպման քննարկումներու շրջագիծին մէջ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրամադրել մեր բոլոր կառոյցներու վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը հետապնդող ճիգերուն: Իբրեւ անհատ եւ մանաւանդ` որպէս կառոյցներ, միշտ հաւատարիմ մնալով մեր արժէքներուն եւ մեր ինքնութեան, պէտք է մեր կանոնագրութիւնները, մեր մօտեցումները եւ մեր աշխարհահայեացքը վերատեսութեան ենթարկենք, որպէսզի մեր աշխատանքը  համապատասխանէ ներկայ կեանքի պայմաններուն ու կարիքներուն:

Ե) Յատկապէտ խօսելով մեր կեանքէն ներս գործող բարեսիրական միութիւններուն մասին, վեհափառը հաստատեց, որ անոնք միշտ սքանչելի աշխատանք տարած են ու կը շարունակեն տանիլ, եւ յոյս յայտնեց, որ բոլորը, իրարու հետ գործակցելով, կարիքներն ու առաջնահերթութիւնները ճշդելով կատարեն այս  առանցքային աշխատանքը:

Զ) Խօսելով Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ մեր համայնքին ունեցած կապի մասին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է. հետեւաբար պատկան կառոյցներէն ներս հայերը, իբրեւ անհատ եւ երկիրը գոյաւորող կարեւոր համայնք,  իրենց դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը  պէտք է բերեն լիբանանեան կեանքի զանազան ոլորտներուն` միշտ համարատու մնալով իրենց համայնքային պատասխանատուներուն մօտ ու միշտ յիշելով, որ մեր համայնքը կը ներկայացնեն ու մեր շահերը կը պաշտպանեն:

Այս առթիւ, վեհափառը ողջունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անոնք լծուած են մեր համայնքի երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու եւ վերակազմակերպելու կարեւոր աշխատանքին:

Ակնարկելով գաղութին մշակութային աշխուժ կեանքին` վեհափառը ողջունեց ստեղծուած աշխուժութիւնն ու վերջին շրջանին կազմակերպուած մեծաթիւ ձեռնարկներու երեւոյթը. կարեւոր նկատելով մշակութային կեանքին եռանդը, թելադրեց, որ աշխատանքը շարունակուի նոյն ոգիով:

Եզրափակելով իր խօսքը` կաթողիկոսը յոյս յայտնեց, որ լիբանանահայութեան ու մեր բոլոր գաղութներուն կեանքը վերականգնումէն ընթանայ դէպի վերակազմակերպում, եւ կոչ ուղղեց, որ բարերար ձեռքերը նիւթապէս կարելի օժանդակութիւն տրամադրեն մեր կառոյցներուն: Ան իր ջերմ գնահատանքը նաեւ յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան ու յարակից մարմիններուն, մեր երեք կուսակցութիւններուն, բարեսիրական, մշակութային, մարզական ու հայրենակցական միութիւններուն, բոլորին թելադրելով, որ հաւաքական ճիգով մեր համայնքին վերաբերող աշխատանքը համադրեն եւ միասին գործեն` վստահ ըլլալով, որ միասին, աւելի ազդու եւ աւելի զօրեղ կ՛ըլլանք Լիբանանի մէջ ու ամէն տեղ:

Երեկոյթը փակուեցաւ վեհափառ հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով:

https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/82538

Նախորդը

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.