Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզիքական բախումները ուշադրութեան չարժանացան մեր երկրի ժողովրդավարութեան կարգերու կայացումը քաջալերող պետութիւններուն կողմէ: Պատկերը անշուշտ ոչ միայն անյարիր է ժողովրդավար համակարգերու համարկման ուղին ընտրած որեւէ երկրի, այլեւ ընդհանրապէս բարեվարքութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ աղերս ունենալու փորձ կատարող որեւէ հաւաքականութեան համար:
Քննարկումները կը շարունակուին հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ` նախաձեռնողի, սադրողի, հրահրողի, առաջին հարուածողի, նախապէս ծրագրուած ըլլալու, Ազգային ժողովի նախագահին կատարած ուշացած միջամտութեան, աւելի հարուածուած կողմին, եղածը ընթացիկ դրուագ նկատելու, պատահածը վարչապետին կողմէ արդարացնելու եւ այս բոլորին կապուած մանրամասնութիւններու արծարծումներով:
Այս թէժացման եւ ֆիզիքական բռնութեան դրսեւորումներուն կը նախորդէին ճակատագրորոշ օրակարգերու ներկայացումներ, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ խաղաղութեան համաձայնագիրէն առաջ ԹՐԻՓՓ-ը գործարկելու պատրաստակամութեան մասին:
Բաւական ուշագրաւ է, որ ճիշդ այս երկու հիմնական խնդիրներուն գծով Պաքուն իր մօտեցումները, աւելի ճիշդը` նախապայմանները կը յիշեցնէր հայկական կողմին: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կ՛ընդգծէր, որ անցեալ տարի նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի կողմէ համապատասխան քայլերու իրականացումը: Ան նաեւ կը նշէր, որ Միջին միջանցքի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի զարգացումը տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:
Պարզ է, որ այս յայտարարութեան առաջին բաղադրիչը Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջն է, իսկ երկրորդը` ԹՐԻՓՓ-ի ծրագիրը խաղաղութեան պայմանագիրէն առաջ գործարկելու պահանջը. իրենց ընկալումով` «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին աշխատիլը:
Հակառակ Պաքու-Անգարա դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորուող անհանգստութիւններուն, եւ որոշ քայլերով իրար ուղերձներ փոխանակելուն, այս հարցին ուղղութեամբ փորձ կայ հակասութիւն չդրսեւորելու: Թէեւ սահմանի բացման մօտալուտ ըլլալուն մասին անուղղակի ակնարկութիւններու բարձրաձայնումներ եղան, այդուհանդերձ այս հարցին ուղղութեամբ «Շուշիի հռչակագիրը» կը շարունակէ գործել եւ իբրեւ մէկ դիրքորոշում ներկայացնել Անգարայի եւ Պաքուի նախապայմանը:
Պաքուի ճնշումներուն չենթարկուելու դիրքորոշումներն են, որ կ՛արտայայտուին հայաստանեան ընդդիմութեան կողմէ: Չընդառաջելու Ազրպէյճանի պահանջին եւ չփոխելու Սահմանադրութիւնը եւ ԹՐԻՓՓ-ի գործարկումը պայմանաւորելու խաղաղութեան համաձայնագիրով:
Այստեղ կայ ազրպէյճանական աճապարանք, գրաւիչ առաջարկի տեսքով: Ազրպէյճանի նախագահին օգնականը կը նշէ, որ Պաքուն Հայաստանին կ՛առաջարկէ միանալ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցին` ընդգծելով փոխադրամիջոցային ուղիներու զարգացման կարեւորութիւնը: «Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է, իսկ մենք կ՛առաջարկենք, որ անիկա դառնալ տարածաշրջանի միւս պետութիւններուն հետ կապակցուած երկիր, եւ այդ պատճառով ալ կը բանանք տարբեր փոխադրամիջոցային ուղիներ»: Այս յայտարարութիւնը պարզապէս վերաձեւակերպումն է «Զանգեզուրի միջանցք» պահանջող Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին:
Ազրպէյճանը առաջին դէմքով չէր ներկայացած Թուրքիա` մասնակցելու համար թրքական պետութիւններու վեհաժողովին: Երեւոյթը կը մեկնաբանուէր այսօրուան Անգարա-Պաքուի դիւանագիտական անհանգստութեան պայմաններով: Թուրքիոյ նախագահը սակայն յայտարարած էր, որ իր պետութիւնը կը սատարէ Ազրպէյճանի առած քայլերուն Հայաստանի ուղղութեամբ եւ կ՛արտայայտէր Անգարայի նուիրուածութիւնը ամուր խաղաղութեան հասնելու գործին հետագայ առաւելագոյն ներդրում ունենալուն:
Այս ալ թրքական զօրակցութիւնն է Ազրպէյճանի նախապամաններուն, հակառակ դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորուող անհանգստութեան: Իսկ մեր կողմը՞: Խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ հրահրուած ներխորհրդարանական բախումներ:


