Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի չարտօնէ, որ Իրանի հետ պատերազմը երկարատեւ ու անվերջ պատերազմի վերածուի:

«Մենք այսպէս կամ այնպէս եօթը ամիսէ ի վեր Իրանի հետ հակամարտութեան կը մասնակցինք: Ես կը խոստանամ, որ Տանըլտ Թրամփը պիտի չարտօնէ, որ անիկա վերածուի անվերջ պատերազմի», յայտարարեց Վանս:

Յիշեցնենք, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Վանս Թրամփի ցուցմունքով խաղաղութեան բանակցութիւններու վերականգնման ձգտող ջանքերու ծիրին մէջ հաղորդակցութեան մէջ է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայիի հետ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Աքսիոս»-ին յայտնած էր, որ Վանսի Ռիտայիին յղած նամակը կը շեշտէ, որ հարուածներէ խուսափելու նպատակը հետապնդող որեւէ բանակցութիւն հիւլէական թղթածրարի քննարկում կը պահանջէ:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Վանսի` Մոհսեն Ռիտայիիին նամակ յղելու քայլով խանդավառ էր», աւելցուցած էր պաշտօնատարը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր տեղակալը Իրանի հետ կապի մէջ մտած է անոր բժշկական մատակարարումներ ստանալու օգնելու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրանեան ղեկավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին ուղղակի նամակը նկատած է յարգանքի ցուցանիշ, սակայն մինչեւ հիմա չկան ցուցանիշեր, թէ Թեհրան հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ իր դիրքորոշումէն ետդարձ կը կատարէ:

Պաշտօնատարները ամերիկեան օրաթերթին նշեցին, որ Իրանի հետ հակամարտութիւնը կը մօտենայ շրջադարձային կէտին, եւ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Իրանի մէջ «ծայրայեղականներուն» հասցնել պատգամ մը, որ Վանսի թափած դիւանագիտական ջանքերուն լրջութիւնը կը հաստատէ:

Անոնք նշած են, որ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի կը գիտակցի Իրանի մէջ տնտեսական ներկայ կացութեան վտանգաւորութեան:

Ամերիկացի պաշտօնատարները աւելցուցած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մղում կը կատարէ դէպի իրանեան վարչակարգի փոփոխութիւն` ատիկա նկատելով սպառնալիքը վերջնականապէս վերացնելու միակ ուղին, մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփն ու փոխնախագահ Վանսը կը նախընտրեն փոխան զինուորական հակամարտութեան վերականգնման Իրանի հետ խաղաղ համաձայնութեան գոյացումը:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաստատեց, որ Իրանը ստացած է իր Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարին ուղղուած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի նամակը, սակայն տակաւին անոր չէ պատասխանած:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան մէջ յառաջընթաց կրնայ արձանագրուիլ միայն Իրանի եօթը պայմաններուն համաձայնելէ ետք:

«Իրանի պայմանները բազմիցս եւ յստակ հասցուած են միջնորդներուն: Գաւազանի եւ ստեպղինի քաղաքականութիւնը Իրանի վրայ չ՛ազդեր: Յառաջընթաց կրնայ արձանագրուիլ միայն, երբ Իրանի եօթը պայմանները համաձայնեցուին», «Էքս»-ի վրայ գրած է Ղալիպաֆ:

 

 

Նախորդը

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

RelatedPosts

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
«Թուրքիոյ Եւ Լիպիոյ Միջեւ Ծովային  Համաձայնութիւնը «Առ Ոչինչ» Է»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը
Միջազգային

«Թուրքիոյ Եւ Լիպիոյ Միջեւ Ծովային Համաձայնութիւնը «Առ Ոչինչ» Է» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.