«Արապի Ժատիտ» շաբաթ օր հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ բեկում արձանագրուեցաւ, եւ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը կ՛ուղղուի Տոհա` իրանեան պատուիրակութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու համար»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, սակայն, երէկ յայտնեց, որ քաթարցի միջնորդին հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կ՛արձանագրուին, սակայն տակաւին վերջնական արդիւնքի չեն հասած` ընդգծելով, որ իրանեան պատուիրակութեան Տոհա այցելութեան ընթացքին ամերիկեան կողմին հետ որեւէ հանդիպումի ծրագիր գոյութիւն չունի:
Ան յոյս յայտնեց, որ «միւս կողմը ողջախոհութիւն» կը ցուցաբերէ` շեշտելով, որ բանակցութիւններու ընթացքին շօշափելի արդիւնքներու իրագործումը կախեալ է ամերիկեան վարչակազմէն Թեհրանի ստանալիք պատասխանէն:
Քաթար եւ Փաքիստան աշխուժ միջնորդական ջանքեր կը թափեն Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւնները վերակենդանացնելու համար:
Շաբաթ օր իրանեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ազգային անվտանգութենէն ներկայացուցիչներ եւ արտաքին գործոց նախարարի օգնական մը, հասաւ Տոհա` քաթարցի միջնորդներու ճամբով Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու բանակցութիւններ վարելու համար:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Միհրդատ Խալաքի յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛արագացնէ իր մարտական կարողութիւններու բարելաւումը, որպէսզի առանց աշխարհագրական սահմանափակումի հակադարձէ, եթէ իր հողերուն դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան նոր յարձակում տեղի ունենայ:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Սարտար Մուհիպի իր կարգին ըսաւ, թէ պահակագունդը նոր թիրախներ ճշդած է եւ իր աշխատանքային օրակարգին վրայ նշած նոր աշխարհագրութեան վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիրներ:
Ան յայտնեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի նոր ցուցմունքները պատերազմին մէջ նոր էջ բացած են` ընդգծելով, որ ամերիկեան կամ իսրայէլեան յարձակումի ենթարկուելու պարագային իր երկրի հակադարձութիւնը աշխարհագրական սահմանափակումի ենթակայ չէ:


