Երէկ` երկուշաբթի, 2 նոյեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով: Ան ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
Անդրադառնալով Մայր օրէնքը փոխելու շուրջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումներու «պարբերական փոփոխութիւններուն»` Գեղամ Մանուկեան զանոնք որակեց իբրեւ «իրերայաջորդ ստախօսութիւններու հաւաքածոյ»: «Պահ մը կը չքմեղանար, թէ 2018-ին խօսած է նոր Սահմանադրութեան մասին, յետոյ ՔՊ-ականները կը փորձէին հերքել Պաքուի գործօնը: Ի վերջոյ, եկաւ պահ մը, որ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ուղղակի բացայայտեց` նոր Սահմանադրութեան նախագիծը Ազրպէյճանի պահանջն է: Ամբողջ աշխարհի քաղաքական պատմութեան մէջ դժուար է գտնել դէպք մը, երբ միեւնոյն հարցին շուրջ հնչեն այսքան հակասական գնահատականներ` Անկախութեան հռչակագիրին ձօներգեր ձօնելէն մինչեւ զայն պետականութեան սպառնացող փաստաթուղթ հռչակելը», նշեց պատգամաւորը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք նոր Սահմանադրութիւնը պիտի բերէ՞ լիարժէք խաղաղութիւն, Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ ինք այն եզակի պատգամաւորներէն է, որ անձամբ ծանօթացած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պահուող հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրի խմբագրումներուն. «Բանակցութիւնները սկսած էին հայկական կողմի շարք մը առաջարկներով, սակայն այսօր սեղանին դրուած փաստաթուղթէն հայկական կողմի բոլոր ելակէտերը, առաջարկներն ու ցանկութիւնները հանուած են: Մնացած է այն թուղթը, որ ամէնէն ձեռնտուն է Ազրպէյճանին: Անիկա որեւէ պարտաւորութիւն չի դներ Պաքուի վրայ, փոխարէնը Հայաստանի վրայ կը բարդէ ծանր պարտաւորութիւններ` ընդհուպ միջազգային ատեաններէն հայցերը ետ կանչելը, սահմաններու անյստակութիւնը եւ այլն»:
Մանուկեան յիշեցուց, որ ընդամէնը շաբաթներ առաջ Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի 2031 թուականին, սակայն Աշխապատի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած կարճատեւ զրոյցէն ետք յանկարծ պարզուեցաւ, որ Սահմանադրութիւնը փոխելը անյետաձգելի է. «Ալիեւի հետ զրոյցէն անմիջապէս ետք օդի ու ջուրի պէս պահանջուեցաւ նոյնինքն հիմա փոխել Սահմանադրութիւնը»: Անդրադառնալով Փաշինեանի ակնարկներուն, թէ Սահմանադրութեան դէմ ըլլալու պարագային ընդդիմութեան դէմ հանրային ճնշում պիտի յառաջացուի` ընդհուպ 2 հոկտեմբեր 2018-ի նման Ազգային ժողովը շրջափակելու միջոցով, Մանուկեանը ատիկա որակեց պետական յեղաշրջման կոչ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան կոպիտ խախտում. «Պատգամաւորներուն վրայ ճնշման միջոցով քուէարկութիւն պարտադրելը չի կրնար օրինական ըլլալ: Փաշինեանը կը սպառնայ, բայց կը մոռնայ` ասիկա 2018 թուականը չէ: Եւ ամէնէն կարեւորը` ժողովուրդը խորհրդարանական ընտրութիւններով Նիկոլ Փաշինեանին եւ ՔՊ-ին չէ տուած սահմանադրական մեծամասնութիւն` Սահմանադրութիւն փոխելու համար: Ժողովուրդը արդէն իսկ ըսած է` դուն չունի՛ս լիազօրութիւն` միանձնեայ Սահմանադրութիւն փոխելու»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իշխանութիւնը կրնա՞յ ճնշումներով կամ «առեւտուրով» ընդդիմութենէն կորզել պակսող 6 ձայները, պատգամաւորը կտրուկ բացառեց նման կարելիութիւն` աւելցնելով. «Ռոպերթ Քոչարեանը իր անցած ուղիով եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնը իր գործունէութեամբ փաստած են` ոչ մէկ ճնշումի առջեւ պիտի ընկրկին: Համազգային ու պետական հարցերու շուրջ որեւէ սակարկութիւն չի կրնար ըլլալ»:


