Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ երէկ Օմանի Սալալա քաղաքին մէջ նախատեսուած հանդիպումը չեղեալ նկատուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով` Եմէնի մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով: «Այո՛, ատիկա ճիշդ է: Հանդիպումը յետաձգուած է Սէուտական Արաբիոյ խնդրանքով: Ատիկա կապուած է այն ամէնի հետ, ինչ որ այժմ տեղի կ՛ունենայ անոնց եւ Եմէնի միջեւ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ...

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական գօտիէն պիտի չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում պիտի չկատարենք»: Քաց նշեց, որ Ալի Թահեր բարձունքները Լիբանանի մէջ դեղին գիծի եւ իսրայէլեան ապահովական շրջանին մաս կը կազմեն` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստուած է Հըզպալլայի կամ որեւէ այլ կողմի Ալի Թահեր բարձունքներ վերադառնալու փորձը արգիլելու: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց,...

Նախագահ Աուն Նապաթիէ Այցելեց

Նախագահ Աուն Նապաթիէ Այցելեց

Հարապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Նապաթիէ քաղաք եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղ` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլայի, Ընդհանուր ապահովութեան Ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շքէյրի եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսի: Նախագահ Աուն յայտնեց. «Ընդհանրապէս հարաւային Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Նապաթիէի զաւակներուն տոկունութիւնը մեր կուրծքը զարդարող լաւագոյն...

Բարձր Գնահատելով Հուսիներուն Դիմացկունութիւնը`  Ազիզի. «Հըզպալլան, Համասն Ու Իրաքեան  Դիմադրութիւնը Ճշդուած Ժամուն Իրենց Վճռական  Պատասխանը Պիտի Բացայայտեն»

Բարձր Գնահատելով Հուսիներուն Դիմացկունութիւնը` Ազիզի. «Հըզպալլան, Համասն Ու Իրաքեան Դիմադրութիւնը Ճշդուած Ժամուն Իրենց Վճռական Պատասխանը Պիտի Բացայայտեն»

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի բարձր գնահատեց «կայսերապաշտական տիրակալութեան» դէմ Եմէնի դիմացկունութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա  փաստ է, թէ «գերիշխանութիւնը ծախու չէ»: Ազիզի նշեց, որ Եմէնը «յանուն ամբողջ շրջանին առանձին կանգնած է կայսերապաշտական տիրակալութեան դէմ, երբ, ինչպէս ան ըսած է, «շրջանի որոշ կառավարիչներ գերիշխանութիւնը կը սակարկեն դատարկ խոստումներու դիմաց»: Իրանցի պաշտօնատարը աւելցուց, որ հակառակ պաշարումին...

Պաքու Կը Պնդէ. «Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային  Ամբողջ Ժառանգութիւնը Պաշտպանուած Է»

Պաքու Կը Պնդէ. «Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ամբողջ Ժառանգութիւնը Պաշտպանուած Է»

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ընկերակցութեամբ 58 երկիրներ եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւններ ներկայացնող շուրջ 150 հոգիէ կազմուած պատուիրակութիւն մը երկօրեայ այցելութիւն կու տայ բռնագրաւուած Արցախ: Ըստ ազրպէյճանական կողմին, դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ իրականացուող շինարարական ու ենթակառուցուածքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու ներկայ վիճակն ու անոնց պահպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Հակառակ անոր որ անկախ հետազօտողներ,...

Այսօր Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի  Արաբական Երկիրներ Ժողով

Այսօր Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողով

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ յայտարարեց, թէ այսօր Օմանի մէջ սպասուող ժողովը պիտի կեդրոնանայ Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նոր ուղիին վրայ: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ժողովի մասնակից երկիրներուն պիտի ներկայացնէ Օմանի հետ համաձայնութեան մանրամասնութիւններն ու նեղուցին մէջ նոր ուղիին առնչուող քարտէսները` աւելցնելով, որ Մասքաթի հետ համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով կենսական նեղուցի վերաբացումը չի նշանակեր: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը...

Հուսիներուն Պապ Մանտեպի Շրջանին Վրայ  Վերահսկողութիւն Հաստատելէն Ետք.  Ամերիկեան Քայլեր Եւ Ռուսական Մտահոգութիւն

Հուսիներուն Պապ Մանտեպի Շրջանին Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատելէն Ետք. Ամերիկեան Քայլեր Եւ Ռուսական Մտահոգութիւն

Եմէնի մէջ հուսիներու աշխարհի վրայ կարեւորագոյն ծովային անցքերէն մէկը եղող Պապ Մանտեպի շրջանին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէն ետք, ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանային գործընկերներու հետ կ՛աշխատին Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանելու ջանքերը ամրապնդելու, ապահովական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ իրենց շահերը պաշտպանելու: «Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Պապ Մանտեպ նեղուցին մէջ կացութիւնը...

Ակնարկ.  Նոյեմբերեան Ժամկէտներ  Եւ Չարտօնելու Երդումներ

Ակնարկ. Նոյեմբերեան Ժամկէտներ Եւ Չարտօնելու Երդումներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանի դէմ պատերազմը կ՛աւարտի նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, իր բացարձակին մէջ կրնայ չընկալուիլ: Նախ շատ պարզ այն պատճառով, որ յայտարարողը կը յատկանշուի իրար հակասող յայտարարութիւններ կատարելու ընդունակութեամբ, այն ալ շատ կարճատեւ ժամանակի տարբերութեամբ: Հետեւաբար չի բացառուիր, որ առանց յիշելու այս յայտարարութիւնը, նախագահը յանկարծակի յայտարարէ, արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով, պատերազմը աւարտած ըլլալու մասին:...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Պիտի Աւարտի Քոնկրեսի Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Պիտի Աւարտի Քոնկրեսի Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի հետ պատերազմը պիտի աւարտի Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Թրամփ ըսաւ, որ Թեհրան դժուարութեամբ կը շարունակէ կռուիլ եւ «խոր ճգնաժամ» կը դիմագրաւէ: Անոր համաձայն, իրանեան հրթիռային կարողութիւնները մեծ մասամբ քանդուեցան, ինչ որ յաւելեալ հրթիռներու արտադրութիւնը շատ դժուարացուց, սակայն ընդունեց, որ Իրան...

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամները  Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ  Իրենց Մտահոգութիւնը Յայտնեցին Ռուսիոյ Դեսպանին

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամները Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ Իրենց Մտահոգութիւնը Յայտնեցին Ռուսիոյ Դեսպանին

10 սեպտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ քարտուղար Արթուր Խաչատրեան Ազգային ժողովին մէջ հիւրընկալեցին Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ու դեսպանութեան խորհրդական Մարիա Քորոթինան: Այս մասին կը յայտնեն դաշինքէն: Քննարկման ընթացքին խմբակցութեան անդամները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ իրենց մտահոգութիւնը արտայայտեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին եւ վատթարացող միտումներուն վերաբերեալ: Պատգամաւորները ընդգծեցին, որ երկու...

Շուշիի Արեւելեան Գերեզմանատան Տարածքին  Կոյուղատար Պիտի Կառուցուի

Շուշիի Արեւելեան Գերեզմանատան Տարածքին Կոյուղատար Պիտի Կառուցուի

Շուշիի արեւելեան գերեզմանատան պատմական տապանաքարերն ու 12-13-րդ դարերու խաչքարերը այժմ հողին հաւասարեցուած են: Նոյն վայրին մէջ ներկայիս Ազրպէյճանի իշխանութիւնը կոյուղատար խողովակներ կը տեղադրէ: Շուշիի այս պատմական գերեզմանատան մէջ միայն հայեր չեն թաղուած, այլ նաեւ ռուսական կայսրութեան բարձրաստիճան մարդիկ եւ եւրոպացիներ: Արցախի յուշարձաններով աւելի քան 50 տարիէ ի վեր զբաղող Սլաւա Սարգսեան Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հետքերու հերթական աւերման մասին շատերու նման...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ Բագրատ Գրիգորեանի եւ Շէրիլին Տիրացուեանի Օսլոյի մէջ նորվեկիական Երիտասարդ քրիստոնեայ դեմոկրատներ կուսակցութեան կազմակերպած ուսումնական այցելութեան ծրագիրի մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ամալի Կունուֆսենին: Նամակը կ՛անդրադառնար Արցախի հայ ժողովուրդի միջազգային օրէնքով ամրագրուած տունդարձի իրաւունքին, Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման, Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքներ...

«Ազդակ»-ի 90-րդ Առցանց Լսարան.  Անընդհատ Շարժունակ Սփիւռքը` Լուսանկարչական Արուեստին Ընդմէջէն

«Ազդակ»-ի 90-րդ Առցանց Լսարան. Անընդհատ Շարժունակ Սփիւռքը` Լուսանկարչական Արուեստին Ընդմէջէն

«Ազդակ»-ի 90-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: «Լոս Անճելըս-Պէյրութ-Արցախ-սփիւռքի ուղեգիծ» թեմային մասին  դասախօսեց արուեստագէտ-լուսանկարիչ Արա Օշական: Լսարանը, որուն մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ 33 լսարանականներ, վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը խօսեցաւ սփիւռքի անընդհատ շարժունակութեան, տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ համայնքներու ներառական դրուածքին, ցանցային փոխկապակցուածութեան եւ միաժամանակ թէ՛ դէպի ներհայեցող եւ թէ՛...

Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Վանս. «Իրանի Առջեւ Շատ Ընտրանքներ Չմնացին»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանը զրկած են իր նաֆթարդիւնաբերութեան արտածումէն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ուժանիւթի ոլորտէն անոր եկամուտները դադրին: Վանս աւելցուց, որ Թեհրանի առջեւ գտնուող ընտրանքները այլեւս սահմանափակ են: Ան նշեց, որ կարելի է Իրանի հետ համաձայնութիւն ձեռք ձգել, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուզէ այդ ուղղութեամբ ընթանալ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Փաքիստան Սէուտական Նախազգուշացում Մը  Փոխանցած Է Իրանին` Զսպելու Հուսիները

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Փաքիստան Սէուտական Նախազգուշացում Մը Փոխանցած Է Իրանին` Զսպելու Հուսիները

Սէուտական, փաքիստանեան եւ իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Փաքիստան, տագնապի մագլցումը արգիլելու համակարգուած ջանքով մը, Իրանին փոխանցեց սէուտական նախազգուշացում մը, որպէսզի զսպէ Եմէնի մէջ իրեն դաշնակից հուսիները, որոնք Սէուտական Արաբիոյ վրայ իրենց յարձակումներուն մէջ մագլցումի դիմեցին»: Օրաթերթին համաձայն, հակամարտութիւնը, որ ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումներուն սպառնացող պատերազմի երկրորդ թատերաբեմն է, մագլցում կ՛արձանագրէ այն պահուն, երբ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները պատերազմի...

Աուն. «Ժամանակն Է, Որ Պետութիւնը  Հարաւ Վերադառնայ»

Աուն. «Ժամանակն Է, Որ Պետութիւնը Հարաւ Վերադառնայ»

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստի սկիզբը նախարարներուն յայտնեց, որ երէկ հիմնաքարը դրուած է Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնման, «եւ ասիկա բոլորին համար լաւ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպաստեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարը, եւ կը յուսանք, որ այս նոյն ծիրին մէջ անոր յաւելեալ քայլեր հետեւին»: «Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ առաւելագոյն արագութեամբ...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները.  «Շատոնց Ժամանակն Է Ալիեւի Վարչակարգին Դէմ  Պատժամիջոցներ Կիրարկելու»

Եւրոպական Խորհրդարանը 15 Սեպտեմբերին Պիտի Քուէարկէ Հայաստանի Համար Մաքսային Արտօնութիւններ Սահմանելու Հարցին Շուրջ

Եւրոպական խորհրդարանի 15 սեպտեմբերի լիագումար նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի համար մաքսատուրքերու ժամանակաւոր վերացման առաջարկը: Եւրոպական խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած է 14-17 սեպտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստերու օրակարգը, որուն վրայ է նաեւ քուէարկութիւնը Հայաստանի համար մաքսային արտօնութիւններ սահմանելու վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին, որուն նախապէս հաւանութիւն տուած էր Եւրոպական Միութեան խորհուրդը: Եւրոպական...

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Դեսպանութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Դեսպանութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

9 սեպտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպում տեղի ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան, Նետերլանտներու, Սպանիոյ, Չեխիոյ եւ Էսթոնիոյ դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած են ժողովրդավարական հաստատութիւններու խորացող ճգնաժամը, մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումները, իշխանութեան անսահմանափակ կեդրոնացումը մէկ անձի շուրջ, ինչ որ յանգեցուցած է ամբողջատիրական կառավարման համակարգի ձեւաւորման: Միջազգային գործընկերներուն ներկայացուած են Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան...

Ակնարկ.  Չյայտարարուած Սպառնալիքի  Դիմաց Եռակողմ Առանցք

Ակնարկ. Չյայտարարուած Սպառնալիքի Դիմաց Եռակողմ Առանցք

Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս միջնախագահական ձեւաչափով կայացած  եռակողմ հանդիպումի օրակարգը ներառած է երեք ուղղութիւն: Ուժանիւթային համագործակցութիւն, տարածաշրջանային անվտանգութեան հզօրացում եւ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում արձանագրող հակամարտութիւններ: Երեք ուղղութիւնները կը ձգուին դէպի պետութիւն մը, որ թիրախային կարգավիճակ ունի այս եռեակին համար: Խօսքը Թուրքիոյ մասին է: Առաջին ուղղութիւնը` ուժանիւթային համագործակցութիւնը անպայման կը ներառէ արեւելեան Միջերկրականի ուժանիւթային պաշարներու պեղման, ծովային գօտիներու սահմանազատման եւ արտահանման աշխատանքները, որոնց...

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ  Ռմբակոծումներ

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Փոխադարձ Ռմբակոծումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է ամերիկեան երկու խորտընկէցներ, որոնք զինուած էին «Քրուզ» եւ «Էյճիս» հրթիռներով, եւ անոնց մեծ վնասներ պատճառած: Պահակագունդը աւելցուց, որ այդ թիրախաւորումը պատասխան էր իրանեան նաւերու եւ քարիւղատար նաւերու դէմ ամերիկեան թշնամական քայլերուն` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն հակադարձել, մինչեւ իրենց յարձակումներու դադրեցումը: Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ Ծոցի ջուրերուն մէջ թիրախաւորած է երկու ամերիկեան...

Page 4 of 795 1 … 3 4 5 … 795

Արխիւներ