Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իշխանական պատգամաւոր Տարօն Չախոյեանի ելոյթի ընթացքին մեծ ծեծկռտուք սկսաւ խորհրդարանին մէջ, իշխանական եւ ընդդիմադիր պատգամաւորները բռունցքներով ու ոտքերով մօտ կէս ժամ մէկզմէկու հարուածեցին: Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան նոյնիսկ աթոռ նետեց ընդդիմադիրներու ուղղութեամբ: Հատուկենտ տղամարդ պատգամաւորներ չներգրաւուեցան ծեծկռտուքին մէջ: Ծեծկռտուքին պատճառով վնասուածք ստացածներ ալ կային, մասնաւորապէս, «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Գէորգեանի քիթէն արիւն հոսեցաւ:
Ամէն ինչ սկսաւ, երբ Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան անդամ Տարօն Չախոյեան, ամպիոնէն ելոյթ ունենալու ընթացքին, սկսաւ փտածութեան նիւթով զուգահեռներ անցընել: Նախ յիշեց ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խմբակիցները, սակայն կիրքերը բորբոքեցան, երբ ան յիշատակեց «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը եւ անոր ազգականները:
«Փտածութեան մէջ թաթխուած մարդիկ կը խօսին փտածութեան, ֆէյքերու, ընտանիքի անդամները թիրախաւորելու մասին: Պարոն Կարապետեան, ես մեղաւոր չեմ, որ ձեր ամբողջ ազգուտակը կը զբաղի քաղաքականութեամբ, ներառեալ ձեր հօրեղբայրը, ձեր հայրը, ձեր հօրեղբօր որդին, վերջինս նոյնիսկ նախարարութիւն կը փորձէր բանալ մեր երկրին մէջ: Ես մեղաւոր չեմ, որ կ՛ուզէր բանալ նախարարութիւն մը, որ բաւարարէր բոլոր կիները», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Չախոյեան:
Այս վերջին դրուագէն յետոյ կռիւը սկսաւ: Անկէ ետք խօսքերուն փոխարինեցին բռունցքները: Երկար ժամանակ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան կը յորդորէր հանդարտիլ եւ նիստը միտումնաւոր չէր ընդհատեր:
«Յատուկ պիտի չընդհատեմ նիստը, որ բոլորը տեսնեն այս ամէնը: Նիստը պիտի շարունակուի: Դո՛ւք կողմնորոշուեցէք` ծեծկռտուք պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ պիտի չըլլայ: Կա՛մ ցրուեցէք, կա՛մ նստեցէք», ըսաւ Ռուբինեան:
Բայց իրավիճակը ալ աւելի լարուեցաւ, երբ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահագն Ալեքսանեան նիստերու դահլիճի աթոռը նետեց ընդդիմադիրներու ուղղութեամբ, որմէ ետք Ռուբէն Ռուբինեան ընդմիջում յայտարարեց: Ծեծկռտուքը ընդմիջումէն յետոյ շարունակուեցաւ նաեւ խորհրդարանի միջանցքին մէջ: Միջանցքին մէջ Ազգային ժողովի անվտանգութեան աշխատակիցները ստիպուած էին նոյնիսկ պատ կազմել «հակամարտող կողմերուն» միջեւ:


