Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններ: Քուէարկողները պիտի ընտրեն ներկայացուցիչներու տան բոլոր 435 անդամները, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի 100 անդամներէն 35-ը: Ներկայացուցիչներու տան անդամներու նստաշրջանը երկու տարի է, իսկ ծերակուտականներունը` 6 տարի:

Ընտրութիւններու արդիւնքը պիտի ճշդէ, թէ ո՛ր կուսակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Հանրապետակա՞ն կուսակցութիւնը, թէ՞ ընդդիմադիր Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, պիտի վերահսկէ Քոնկրեսին, եւ նախագահին համար որքանո՛վ դիւրին պիտի ըլլայ իր ծրագիրները գործադրել:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին կատարած վերջին հարցախոյզը ցոյց տուաւ, թէ դեմոկրատականները Միչիկըն, Թեքսաս, Քանսաս, Մէյն եւ Օհայիօ նահանգներու ծերակուտական ընտրապայքարին մէջ յառաջատար են եւ Ալասքայի մէջ առաւելութիւն կը վայելեն, իսկ Այոայի մէջ հանրապետականներուն հետ հաւասար են:

Օրաթերթը նշեց, որ հարցախոյզին արդիւնքը վերջին օրերուն «դեմոկրատական մագլցում» մը ցոյց կու տայ, սակայն նաեւ հարցականի տակ առաւ այս իրողութեան հաւաստիութիւնը, որովհետեւ նախկին ընտրութիւններուն ընթացքին այսպիսի հարցախոյզներ ոչ միշտ ճշգրիտ դուրս եկած են:

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Միչիկընէն ծերակուտական աթոռի դեմոկրատական թեկնածու Ապտ Սայետ հանգիստ առաւելութիւն կը վայելէ իր հանրապետական մրցակից Մայք Ռաճըրզի վրայ:

Այլ հարցախոյզներ ցոյց կու տան, թէ դեմոկրատականները հանգիստ առաւելութեամբ պիտի յաղթեն Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն, սակայն Ծերակոյտի ընտրութիւններուն հանրապետականներուն եւ դեմոկրատականներու արդիւնքները կը մնան իրարու շատ մօտիկ:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
Ազրպէյճան Ուքրանիոյ 1,5 Միլիոն Տոլարի  Ուժանիւթային Սարքաւորու՞մներ Տրամադրած Է
Միջազգային

Ազրպէյճան Ուքրանիոյ 1,5 Միլիոն Տոլարի Ուժանիւթային Սարքաւորու՞մներ Տրամադրած Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.