Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իրան «մօտ օրէն մեր յաղթանակներու ցուցակին վրայ պիտի ըլլայ, ճիշդ ինչպէս Վենեզուելայի պարագային պատահեցաւ»:
Ան նշեց, որ Իրան «չափազանց ծանր պարտութեան» մատուած է:
Թրամփ ըսաւ, թէ Իրանի հետ պատերազմը մօտ օրէն պիտի աւարտի` աւելցնելով, որ Թեհրան ելեկտրականութեան մատակարարման ընդհատումներու հետեւանքով անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրանցի ծայրայեղականներու հետ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարեն` փորձելով աւելի լաւ դիւանագիտական արդիւնքներ ձեռք բերել եւ խաղաղութեան բանակցութիւնները վերականգնել:
Ամերիկեան օրաթերթը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի պատուիրակը կը փորձէ կարելիութիւնը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ գտնելու բաւարար հասարակաց ենթահող մը, որ բաւարար կ՛ըլլայ նախագահ Թրամփին համոզելու Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծելէ ետ կանգնելու»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» աւելցուց, որ Վանս, Թրամփի ցուցմունքով, խաղաղութեան բանակցութիւններու վերականգնման ձգտող ջանքերու ծիրին մէջ հաղորդակցութեան մէջ է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայիի հետ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, որ Վանսի Ռիտայիին յղած նամակը կը շեշտէ, թէ հարուածներէ խուսափելու նպատակը հետապնդող որեւէ բանակցութիւն հիւլէական թղթածրարի քննարկում կը պահանջէ:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Վանսի` Մոհսեն Ռիտայիին նամակ յղելու քայլով խանդավառ էր», աւելցուցած է պաշտօնատարը:


