Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնաժողովի Պատուիրակութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 19 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը` կառոյցի ղեկավար Գարեգին Բաղրամեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուած են հանրային ծառայութիւններու եւ տնտեսական մրցակցութեան կարգաւորման ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Վիրաբեան, պաշտօնատար այլ անձեր:...




















