Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

December 7, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին:

Առաջնորդ սրբազանը,  նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրին մէջ թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս Ազգային վարչութեան տնտեսական մտահոգութիւնները: Խօսք առին նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետները: Անոնք պարզեցին քահանայ հայրերուն կատարած ծառայութիւնը եւ առաջնորդարանին վարչական ու տնտեսական բնագաւառներուն առնչուած կարգ մը հարցեր:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ զոյգ ժողովներուն, որոնք հակառակ մեզ շրջապատող տնտեսական դառն պայմաններուն, կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդին` գլխաւորութեամբ սրբազան հօր: Ան թելադրեց, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյնը կատարել` մեր ժողովուրդին կարիքներուն օգտակար ըլլալու գծով:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ունեւոր ազգայինները գործնապէս զօրավիգ կանգնին մեր եկեղեցւոյ, դպրոցներուն, կառոյցներուն, ընտանիքներուն…

Աւարտին, ան դարձեալ վստահեցուց Ս. աթոռին ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան:

Նախորդը

Հանդիպում` Հայրենակցական Միութիւններուն Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.