Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համագործակցութեան Նոր Յուշագիր` Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարաններու Երկու Յանձնախումբերու Միջեւ

Սեպտեմբեր 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբին միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր:

Երկու հայկական հանրապետութիւններու խորհրդարաններու յանձնախումբերուն միջեւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած էր տակաւին 2012-ին, բայց անիկա թարմացնելու, լրացնելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան  եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Սարգսեանի համաձայն, յուշագիրին միջոցով մշակուած է մեքանիզմը, որուն շնորհիւ համակարգուած կ՛աշխատին երկու հանրապետութիւններու համապատասխան յանձնախումբերը`  անկախ գործող իշխանութեան կազմէն: «Յուշագիրը նախ եւ առաջ քաղաքական նշանակութիւն ունի, այն իմաստով, որ 1998-ին երկու հանրապետութիւններու Ազգային Ժողովներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի հիման վրայ համապատասխան յանձնախումբերը կնքած են յուշագիր, որով ո՛չ միայն տէ ֆաքթօ կ՛աշխատինք, այլեւ տէ ժիւրէ կը ճանչնանք զիրար», ըսած է Արմէն Սարգսեան` առանձնացնելով նաեւ մասնագիտական ոլորտին մէջ համաձայնեցուած աշխատանքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան, սփիւռքի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան նշած է, որ յուշագիրը չափազանց կարեւոր քայլ է երկու խորհրդարաններուն համար` ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ խորհրդանշական առումով: «Մենք փաստօրէն սերտ համագործակցութեան նոր մակարդակի կը հասնինք, որովհետեւ այս փաստաթուղթը ո՛չ միայն խորհրդանշական է եւ հռչակագրային, այլեւ` բովանդակային: Յստակօրէն առանձնացուած են գործնական քայլեր, որոնք կ՛ենթադրեն, որ տակաւին 2012-ին հիմք դրուած համագործակցութիւնը այս պահէն սկսեալ նոր մակարդակի վրայ է», ըսած է Մխիթար Հայրապետեան:

Յուշագիրի կնքման ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովներու պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատակիցներ, լրագրողներ:

Նարինէ Աղաբալեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է յուշագիրի կնքումը համագործակցութեան խորացման տեսանկիւնէն. «Մեծ ակնկալիքներ ունիմ յատկապէս գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութենէն` յատկապէս օրէնսդրական կարգաւորման առումով»:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշած է, որ երկու հայկական հանրապետութիւններու օրէնսդիր մարմիններու համագործակցութիւնը  ունի ռազմավարական նշանակութիւն: Նախարարը ընդգծած է պատմամշակութային ժառանգութեան, նաեւ թատրոնի եւ շարժապատկերի բնագաւառին մէջ օրէնսդրական կարգաւորումներու  անհրաժեշտութիւնը. «Արցախի մէջ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է  շարժապատկերի մասին օրէնքի ընդունումին գծով եւ կարեւոր կը նկատեմ այդ բնագաւառին մէջ երկու խորհրդարանական յանձնախումբերու աշխատանքը: Վերջին տարիներուն Արցախը դարձած է շարժապատկերի համար հետաքրքրական վայր», ըսած է Լեռնիկ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով նաեւ մշակոյթի համաչափ զարգացման հարցին եւ երիտասարդութեան մասին օրէնքի բացակայութեան: Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցած է վերոնշեալ համապատասխան յանձնախումբերու միացեալ նիստը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Հայեր Ձերբակալուած Են

Յաջորդը

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է 67.326 Ընտրող

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?