Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրանակերտի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Փաստաբաններու Պալատը «Պիտի Չվախնայ Ու Պիտի Չլռէ» Եւ Կը Դատապարտէ Դատախազութեան Ճնշումները

December 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիգրանակերտի փաստաբաններու պալատը դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան պատճառով Թուրքիոյ ընդհանուր դատախազութեան կողմէ իր դէմ սկսած ճնշումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:

Պալատի ներկայ ղեկավարութիւնը հրապարակած է «Չենք վախնար, պիտի չլռենք» խորագիրով նոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Պալատի նախկին ղեկավարութեան կատարած յայտարարութիւնը նաեւ մեր յայտարարութիւնն է: Եթէ ատիկա յանցանք է, ուրեմն մենք ալ յանցաւոր ենք»:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2014 թուականէն սկսեալ ամէն տարի ցաւակցութեան ուղերձ կը յղէ, ատիկա յանցանք չէ, սակայն իրենց պարագային, հակառակը, յանցանք է:

«Այն ժամանակ վարչապետի (Էրտողան 24 ապրիլ 2014-ին վարչապետ էր) ուղերձը կը նկատուի իբրեւ խօսքի ազատութիւն, իսկ Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի յայտարարութիւնը արդէն յանցանք է: Այսպիսի դատական համակարգը հեռու է արդարադատութենէն եւ պէտք է հրաժարի երկակի չափանիշներէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան արտօնութեամբ հետաքննութիւն սկսած է Տիգրանակերտի փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահին եւ գործադիր խորհուրդի անդամներուն դէմ:

Հետաքննութիւն սկսելու պատճառը փաստաբաններու պալատին կողմէ 24 ապրիլ 2018-ին կատարուած յայտարարութիւնն էր, որ կը կրէր «Կը կիսենք հայ ժողովուրդի չապաքինող մեծ ցաւը» խորագիրը:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Նպաստաւոր Առեւտրական Քաղաքականութեան

Յաջորդը

Ձերբակալուած Է Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Փոխնախարար Գէորգ Լոռեցեանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.