Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը` Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումին Մասին

Դեկտեմբեր 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին 4 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման վերաբերող:

«Պրաթիսլաւայի մէջ նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին առիթով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները (Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լեմուանը, Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլ Ռիքըրը) կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ միջնորդութեան:

Համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները դրական կը նկատեն շփման գիծին մէջ եւ միջազգային սահմանին վրայ բռնութեան յարաբերական ցած մակարդակը եւ շնորհակալ են կողմերուն` լարուածութեան սրման վտանգը նուազեցնելու նպատակով անմիջական կապի ուղիները ամբողջովին օգտագործելու համար, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած էին յունիսին` Ուաշինկթընի մէջ կայացած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները ողջունեցին անցեալ տարուան ընթացքին ձեռնարկուած յստակ քայլերը, որոնք ուղղուած էին լարուածութեան նուազեցման եւ բնակչութեան խաղաղութեան նախապատրաստելուն, ինչպէս կոչ ուղղած էին համանախագահող երկիրները` դեկտեմբեր 2018-ին հրապարակուած միլանեան յայտարարութեամբ եւ ինչպէս նախարարները համաձայնած էին կատարել Փարիզի մէջ` յունուար 2019-ին:

«Մենք կ՛ողջունենք մարդասիրական միջոցառումներ իրականացնելու ջանքերը, որոնք քննարկած են երկիրներու ղեկավարները ապրիլին` Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման, յատկապէս` վերջերս տեղի ունեցած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ բանտարկեալներու համաժամանակեայ ազատ արձակումը 28 յունիսին: Նկատի ունենալով, որ նման ջանքերը կարեւոր դեր կը խաղան խաղաղ լուծում գտնելուն վերաբերեալ առարկայական բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի ստեղծման հարցին մէջ, պատուիրակութիւններու երեք ղեկավարները կոչ կ՛ուղղեն մարդասիրական եւ անվտանգութեան յաւելեալ քայլեր իրականացնելու:

Մտածելով հարազատները կորսնցուցած մարդոց սարսափելի տառապանքներուն մասին` մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` կրկնապատկելու ջանքերը, աջակցելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին անյայտ կորսուած մարդոց մասին տեղեկութիւնները փոխանակելու հարցին մէջ, ինչպէս երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած էին Փարիզի մէջ` հոկտեմբեր 2014-ին կայացած վեհաժողովին: Գնահատելով գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին զգալի աւանդը զինադադարի պահպանման հարցին մէջ, կ՛ընդգծենք անոր` դիտարկման առաքելութիւնը ընդլայնելու շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը, որուն վերաբերեալ կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած են 2016-ին:

Կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն` 2020-ի սկիզբը, համանախագահներուն հովանիին տակ կրկին հանդիպելու մտադրութիւնը, որ նպատակաուղղուած է աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու խաղաղ լուծման առանցքային խնդիրներու շուրջ բանակցութիւնները, եւ աջակցելու բարձրագոյն մակարդակով հետագայ բանակցութիւններու կայացման», նշեցին յայտարարութեան հեղինակները:

Պատուիրակութիւններուն ղեկավարները վերահաստատեցին, որ արդար եւ երկարատեւ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ յատկապէս ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հաւասար իրաւունքներուն վերաբերեալ Հելսինքեան եզրափակիչ որոշումի սկզբունքներուն վրայ` վկայակոչելով համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն` 2009-ին Աթէնքի մէջ նախարարական խորհուրդի հանդիպման աւարտին կատարած միացեալ յայտարարութիւնը: Անիկա պէտք է ներառէ նաեւ յաւելեալ կէտեր, որոնք առաջարկուած են համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ 2009-2012-ին:

«Պատուիրակութիւններու ղեկավարները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն, որ սթաթիւս-քոն անընդունելի է, եւ տագնապը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` բարեխիղճ առարկայական բանակցութիւններ վարելու` առանց յետաձգումներու կամ պայմաններու: Պատուիրակութիւններու ղեկավարները վստահութիւն կը յայտնեն, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը կը շարունակէ անփոփոխ հիմնակէտ ըլլալ կայուն լուծման հասնելու համար: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` համագործակցելու իրարու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնց մենք կը հրահանգենք շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը», եզրափակուեցաւ յայտարարութիւնը:

Նախարար Մնացականեան Ընդգծեց Արցախի Ուղիղ Ներգրաւման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն յայտնեցին, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուած են զինադադարի ամրապնդման, վստահութեան ամրապնդման քայլերու իրականացումը, ինչպէս նաեւ յաջորդ տարուան սկիզբը միացեալ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ազրպէյճանէն լրագրողներու փոխանակման ծրագիրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ ներգրաւուածութեան շարունակութեան կարելիութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած է վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով օրեր առաջ Արցախի արտաքին գործոց նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման` նախարար Մնացականեան անգամ մը եւս ընդգծեց Արցախի իշխանութիւններուն ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` լուծման բովանդակային հարցերու շուրջ:

 

 

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեան` ԵԱՀԿ-ի Համաժողովին. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջումի»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?