Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է 67.326 Ընտրող

Սեպտեմբեր 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020 թուականի նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, 8 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

228 համայնքի մէջ առաջադրուած էր 415 համայնքի ղեկավար եւ 2.573 աւագանիի անդամի թեկնածու: Ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը 103.010 է:

Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Տարածքային ընտրական  յանձնախումբերուն կողմէ փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, ժամը 20:00-ի դրութեամբ (Ստեփանակերտի ժամանակացոյցով)  ընտրութիւններուն մասնակցած է 67.326 ընտրող:

«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի փոխնախագահ Եղիշէ Արզումանեան մանրամասնութիւններ փոխանցած է. «Մասնակիցներուն թիւը, ըստ ընտրական տեղամասերու, հետեւեալն է` Ստեփանակերտի մէջ` 21 հազար 643 ընտրող կամ ընտրողներուն 55,5 առ հարիւրը, Ասկերանի մէջ` 9.011 ընտրող կամ ընտրողներուն 76,7 առ հարիւրը, Հատրութի մէջ` 5.967 ընտրող կամ ընտրողներուն 69,5 առ հարիւրը, Մարտունիի մէջ` 12.600 ընտրող կամ ընտրողներուն 72,5 առ հարիւրը, Մարտակերտի մէջ` 9.241 ընտրող կամ ընտրողներուն 70,9 տոկոսը, Շահումեանի մէջ` 1.512 ընտրող կամ ընտրողներուն 71,6 առ հարիւրը, Շուշիի մէջ` 2.306 ընտրող կամ ընտրողներուն 58,8 տոկոսը, Քաշաթաղի մէջ` 5.046 ընտրող կամ ընտրողներուն 69,6 առ հարիւրը»:

Ան նշած է, որ մինչեւ ժամը 20:00 գրաւոր որեւէ դիմում-բողոք չէ ներկայացուած յանձնախումբին` աւելցնելով, որ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած են շարք մը թերութիւններ եւ բացթողումներ, որոնք աշխատանքային կարգով ուղղուած են:

Ե. Արզումանեան նշած է, որ մեծ թիւով  դիտորդներ կան ընտրական տեղամասերուն մէջ, անոնք կը հետեւին ընտրական գործընթացին եւ հեռաձայնի միջոցով կը տեղեկացնեն իրավիճակին մասին:

Նախագահ Բակօ Սահակեան Քուէարկած Է Յանուն Յառաջընթացի

Նախագահ Բակօ Սահակեան կը սիրէ Ստեփանակերտը ու պիտի փորձէ քաղաքին հաղորդել այն ներուժը, որ, իբրեւ մայրաքաղաք, իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ ո՛չ միայն ստեփանակերտցիներուն վրայ, այլեւ ամբողջ երկրին: Այս մասին Արցախի նախագահը ըսաւ լրագրողներուն` տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելէ անմիջապէս ետք:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան վերաբերեալ, թէ Արցախի իշխանութեան հետ անհամաձայնութիւններ կան եւ կառավարման համակարգերու միջեւ ներդաշնակութեան անհրաժեշտութիւն կայ, Արցախի նախագահը պատասխանեց. «Այդ ներդաշնակութիւնը նոյնպէս մեր առօրեայ առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուի, եւ մենք պիտի շարունակենք մեր գործընկերներուն հետ այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ կատարել: Անհամաձայնութիւնները պէտք չէ որակել որպէս ողբերգութիւն: Մենք, բնական է, ունինք տեսակէտներ ու այնտեղ, ուր այս կամ այն տեսակէտները չեն համընկնիր, ես ատիկա կը վերագրեմ մեր աշխատանքային յարաբերութիւններուն», ըսաւ ան:

Նախագահ Բակօ Սահակեանի կարծիքով` տեղական ընտրութիւններուն մասնակցող հայաստանցի դիտորդները պիտի համոզուին, որ ժողովրդավարական արժէքները Արցախի մէջ աւելի քան ընդգծուած են:

«Այս ընտրութիւններու կազմակերպիչներուն հետ նախընտրական շրջանին մենք բազմաթիւ եւ բազմազան քննարկումներ ունեցած ենք, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ, ինչպէս միշտ, այդ աշխատանքները կազմակերպուած են բարձր մակարդակով, եւ համոզուած եմ, որ բոլոր անոնք, որոնք ուզած են իբրեւ դիտորդներ մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն, պիտի  համոզուին, որ ժողովրդավարական արժէքները Արցախի մէջ աւելի քան ընդգծուած, աւելի քան խոր արմատ ձգած եւ մեր ժողովուրդին համար արժէք ներկայացնող են», նշեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը` շարունակելով․«Հետեւաբար, ես կը կարծեմ, որ անոնք, մասնակցելով այս ընտրութիւններուն, պիտի համոզուին, որ ասիկա անշրջելի ընտրութիւն է մեր ժողովուրդին համար, եւ մենք այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ պիտի առաջնորդուինք այդ նշուած վարոյթներով»:

Նախորդը

Համագործակցութեան Նոր Յուշագիր` Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարաններու Երկու Յանձնախումբերու Միջեւ

Յաջորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Թրամփ Հրամայած Է Վերատեսութեան Ենթարկել Ուքրանիոյ Տրամադրուած Զինուորական Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?