Իրլանտա վաւերացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով «Dfa.ie»-ն, ողջունելով վաւերացումը` Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սայմըն Կոուենին նշած է, որ համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման:
Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան գծով գործընկերներու հետ միասին Իրլանտան ոգեւորուած էր Հայաստանի մէջ 2018-ի գարնան խաղաղ ժողովրդավարական նուաճումներով եւ պիտի շարունակէ խրախուսել ու աջակցիլ Հայաստանի տպաւորիչ ջանքերուն բարեփոխումներու իրականացման հարցով: