Հինգշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ խորհուրդին, «Ա. Մանուկեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եռօրեայ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին 18 երկիրներէ ժամանած (Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Քուէյթ, Իրան, Անգլիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Պելճիքա, Յունաստան, Քանատա, Ռուսիա, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Ուրուկուէյ, Արժանթին, Աւստրալիա) 55 ընկերներ:
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այսօրուան պայմաններուն մէջ, ուր բուռն պայքար կը մղուի ազգային գաղափարախօսութիւններու եւ գաղափարական երիտասարդութեան դէմ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ դաշնակցական երիտասարդներ հաւաքուած են հայ երիտասարդը յուզող հարցեր քննարկելու եւ վերստին հաստատելու, որ ինչպէս ՀՅԴ-ն, այնպէս ալ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւնները ամրակուռ կառոյցներ են, եւ ի դերեւ դուրս կու գայ զանոնք հարուածելու ամէն փորձ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու եւ Գրասենեակի պատասխանատուները ներկայացուցին երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու հայեցակարգը, ռազմավարութիւնն ու գործառոյթները:
Խորհրդաժողովը իր օրակարգերուն վրայ պիտի սերտէ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ռազմավարական, դաստիարակչական, կազմակերպչական, քարոզչական, արտաքին յարաբերական եւ այլ ոլորտներու աշխատանքներու նախագիծերը, պիտի լսէ միութիւններու աշխատանքային զեկուցումները եւ կատարէ համապատասխան քննարկումներ:
Խորհրդաժողովը դատապարտեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն ու 3 դեկտեմբեր 2019-ին Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած անհամաչափ ուժը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ընկերներուն դէմ եւ յայտնեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կատարած բողոքի գործողութիւններուն:
Աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները լրջախոհութեամբ անցան եռօրեայ խտացուած օրակարգերու քննութեան: