Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան` ԵԱՀԿ-ի Համաժողովին. «Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ենթակայ Չէ Զիջումի»

Դեկտեմբեր 6, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցաւ Պրաթիսլաւայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովին եւ հիմնականօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առանցքային խնդիրներուն նկատմամբ Հայաստանի դիրքորոշումը:

Նախարարը յայտնեց, որ օր մը առաջ հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի իր գործընկերոջ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, տեղի ունեցան հերթական խորհրդակցութիւնները, որոնք հինգերորդն էին այս տարուան ընթացքին: Այս առնչութեամբ ան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առանցքային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշման հիմնական եօթը կէտերը:

«Առաջին. տագնապը, որ կը հասցէագրուի միջազգային վստահութիւն եւ աջակցութիւն վայելող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան, խաղաղ լուծման այլընտրանք չունի:

Երկրորդ. Արցախի ժողովուրդի  ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը  կը հանդիսանայ խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքը եւ հիմքը: Այս սկզբունքի ճանաչումը կ՛ենթադրէ, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշումը չի կրնար ենթարկուիլ որեւէ սահմանափակման, ինչ որ պէտք է յստակօրէն եւ միանշանակօրէն ընդունուի: «Առանց սահմանափակման» եզրը պարզ ձեւով կը մատնանշէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը ունենալ եւ որոշել իրենց կարգավիճակը` Ազրպէյճանի իրաւասութենէն, ինքնիշխանութենէն եւ տարածքային ամբողջականութենէն դուրս: Ազրպէյճանի որդեգրած շարունակական թշնամական  քաղաքականութիւնն ու անկէ բխող գործողութիւնները կը ստեղծեն Արցախի ժողովուրդին համար ֆիզիքական անվտանգութեան սպառնալիք, ինչ որ արտայայտուեցաւ նաեւ 2016-ի ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած վերջին յարձակողապաշտութեամբ: Այս ամէնը կ՛ընդգծեն Ազրպէյճանի` Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրաւասութեան պահանջի անօրինականութիւնը եւ իրականացման անկարելիութիւնը:

Ազրպէյճանը պէտք է ստանձնէ Արցախ բնակող ժողովուրդին իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող ազատ կամարտայայտման միջոցով առանց որեւէ սահմանափակման իրենց ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման անմիջական պարտաւորութիւն:

Երրորդ. Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ենթակայ չէ զիջման: Ոչ մէկ պարագայի Արցախի ժողովուրդը պէտք է մնայ առանց պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ անվտանգութեան գիծերու: Չի կրնար ըլլալ որեւէ իրավիճակ, որ ձեւաւորէ Արցախի ժողովուրդի գոյութենական անվտանգութեան անմիջական վտանգ, ինչպէս որ եղաւ 1991-1994 թուականներուն եւ 2016-ին: Այս միտքը աւելի ընդգծելու նպատակով` կ՛ուզեմ վկայակոչել Արցախի` ներկայիս Ազրպէյճանի բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ուր հայերը ենթարկուած են ցեղային զտումներու եւ որոնք այժմ լիովին վերաբնակեցուած են ազրպէյճանցիներով: Այս իրականութիւնը վերջերս ներկայացուած է Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  լաւ օրինակ:

Չորրորդ. խաղաղ լուծումը պէտք է ըլլայ ներառական` տագնապի բոլոր կողմերուն անմիջական ներգրաւումով: Ուստի, Արցախը իր ժողովուրդին  կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներու միջոցով պէտք է բանակցային գործընթացի անմիջական կողմ ըլլայ:  Այս առնչութեամբ մենք կ՛ընդգծենք խաղաղ գործընթացին մէջ, մասնաւորապէս բովանդակային հարցերու մէջ Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչներու լիակատար ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը: Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք չէ դիմած այնպիսի գործողութիւններու, որոնք կրնան խախտել Արցախի ժողովուրդի` իր սեփական քաղաքական կարգավիճակը ազատօրէն վճռելու իրաւունքը եւ զրկել զանոնք այս գործընթացին նկատմամբ սեփականութեան զգացումէ:

Հինգերորդ. տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը այլընտրանք չունի: Արցախը ունի ինքզինք եւ իր ժողովուրդը պաշտպանելու լիարժէք կարողութիւն: Հայաստանը կը շարունակէ մնալ Արցախի անվտանգութեան միակ երաշխաւորը: Խաղաղ լուծումը չի կրնար ընթանալ լարուածութեան եւ վտանգներու միջավայրի մը մէջ: Հետեւապէս, Ազրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ 1994 եւ 1995-ի  զինադադարի համաձայնագիրները պէտք է խստագոյնս պահպանուին եւ ամրապնդուին: Վտանգի նուազեցման մեքանիզմները պէտք է ներդրուին, այդ կարգին զինադադարի խախտումները հետաքննող եւ զինադադարի դրութեան դիտարկումի ԵԱՀԿ-ի մեքանիզմները, այդ կարգին` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման միջոցով:

Վեցերորդ. պէտք է անվերապահօրէն հաւատարիմ մնալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման հիմնարար սկզբունքին: Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հրահրուող եւ ուղղորդուող ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, այլատեացութեան, հայատեացութեան քաղաքականութիւնը պէտք է դատապարտուի: Պէտք է ջանքեր ներդրուին ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու եւ խաղաղութեան նպաստող միջավայր ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Եօթներորդ. Ազրպէյճանի առաւելապաշտական դիրքորոշումները, որոնք հաշուի չեն առներ Արցախի ժողովուրդի կամքն ու մտահոգութիւնները, խաղաղ լուծման գործընթացի բովանդակային յառաջընթացի հիմնարար խոչընդոտներն են: Անոր վկայութիւնն է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու  անկարողութիւնը փոխադարձելու Հայաստանի փոխզիջման կոչին: Յիշեցնեմ, որ Հայաստանի վարչապետը ցուցաբերեց քաղաքական ուժեղ կամք` յայտարարելով, որ որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ  Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար, ինչ որ  կը նշանակէ, որ լուծումը կարելի է միայն փոխզիջումներու միջոցով», ըսաւ նախարար Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է բանակցային գործընթացին եւ պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն աշխատիլ խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ ան անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի մէջ ներկայիս ծաւալող ներքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ վերջինիս խաղաղութեան գործընթացին համար ներկայացուցած նախապայմանները, որոնք հրապարակուած են նախարարական խորհուրդի նախօրէին շրջանառուած փաստաթուղթին մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական Եռօրեայ Խորհրդաժողովի Բացում

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Յայտարարութիւնը` Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումին Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?