Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Հայրենակցական Միութիւններուն Հետ

December 7, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւններուն հետ:

Առաջին առիթով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցում մը ներկայացուց քաղաքական եւ գաղութային կացութեանց մասին` անդրադառնալով այն մարտահրաւէրներուն, որոնք ստեղծուած են այս փուլին: Ան անդրադարձաւ նաեւ մօտիկ ապագային կատարուելիք աշխատանքներուն:

Հայրենակցական միութիւնները անդրադարձան իրենց կատարած ու կատարելիք աշխատանքներուն եւ ընկերային ծառայութիւններուն` շեշտը դնելով այն հանգամանքին վրայ, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր իրենք իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ պատրաստ են անսալու հայրենակիցներուն կարիքներուն:

Շեշտը դրուեցաւ այս փուլին հաւաքական ճիգով ու համադրուած աշխատանքով ծրագիրներու մշակման ու աշխատանքային մարզերու ընդարձակման վրայ:

Ժողովականները շեշտեցին լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան ու աշխուժութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ միացեալ ճիգով այս դժուար փուլը շրջանցելու վճռակամութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները պատասխանեցին ժողովականներու հարցումներուն եւ լուսաբանութիւններ տուին զանազան հարցերու մասին:

Օգտաշատ նկատուեցաւ այսպիսի հանդիպումներու տալու պարբերական կանոնաւոր բնոյթ, ինչպէս նաեւ ամրացնելու հայրենակցական միութիւններուն միջեւ գործակցութիւնն ու համադրումի աշխատանքը:

 

 

Նախորդը

«Հիմա՛ Է Պահը Հասնելու Մեր Հայորդիներուն Ծով Կարիքներուն, Որպէսզի Անոնք Նուազագոյնը Անդրադառնան, Թէ Անտէր Չեն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.