Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեանն Ու Վարչապետ Փաշինեանը  Քննարկած Են Երկրի Զարգացման Ծրագիրները

Նախագահ Սարգսեանն Ու Վարչապետ Փաշինեանը Քննարկած Են Երկրի Զարգացման Ծրագիրները

15 յուլիսին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հերթական աշխատանքային հանդիպումը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ քննարկուած են երկրի զարգացման ծրագիրներուն վերաբերող ընթացիկ հարցեր

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է  Արդարադատութեան Նախարար Ռուստամ  Բադասեանի Երդման Արարողութիւնը

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արդարադատութեան Նախարար Ռուստամ Բադասեանի Երդման Արարողութիւնը

Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նոր նշանակուած նախարար Ռուստամ Բադասեանի երդման արարողութիւնը: Ռուստամ Բադասեան կարդալով երդման բնագիրը` նշած է. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման` կ՛երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդին առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու...

Վենետիկի Յանձնաժողովի Զեկուցումին  Վերաբերեալ Վարչապետ Փաշինեան  Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

Վենետիկի Յանձնաժողովի Զեկուցումին Վերաբերեալ Վարչապետ Փաշինեան Յայտարարութիւն Պիտի Կատարէ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ արդարադատութեան նախարարութիւնը հաւատարիմ կը մնան դատական իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնման նպատակով եւ դատական համակարգի առողջացման միտուած խորքային բարեփոխումներ իրականացնելու մասին յայտարարուած նպատակին եւ այդ նպատակին հասնելու համար դատաւորի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ յարուցելու հիմքերու յստակացման եւ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ դատաւորներու բարեվարքութեան եւ գոյքային դրութեան գնահատման առարկայական կառուցակարգ մշակելու միջոցով իրականացման դիրքորոշման, կը յայտնեն արդարադատութեան նախարարութենէն: Այդուհանդերձ, քանի...

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին.  Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական  Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

Լիբանանի Նախկին Վարչապետներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. Սալման Թագաւորը Շեշտեց, Որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանին Ծառայող Ամէն Բանի Հետ Է

Երէկ Լիբանանի նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ այցելեցին Սէուտական Արաբիա` հանդիպում ունենալու համար Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հանդիպման ընթացքին Սալման թագաւորը նախկին վարչապետներուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները, ան վերահաստատեց Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ սէուտական յանձնառութիւնը եւ շեշտը դրաւ արաբական միջավայրին մէջ Լիբանանի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: Սալման թագաւորը նաեւ...

Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Պատանեկան  Ճամբարի Երկրորդ Շաբաթը Սկսաւ

Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարի Երկրորդ Շաբաթը Սկսաւ

15 յուլիսին Ստեփանակերտի Աշոտ Բեկորի անուան թիւ 2 դպրոցին մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները մեկնարկած են ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի երկրորդ շաբաթը: Պատանիները օրը սկսած են Արցախի քայլերգով: Մարզական խաղերուն յաջորդած են դասընթացքներ: ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդականի պատասխանատուներէն, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան նշած է, որ ճամբարին կը մասնակցին 240 պատանիներ, որոնք կը սորվին ազգային երգ ու...

Շնորհաւորական Ուղերձներ`  Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

Շնորհաւորական Ուղերձներ` Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Այս առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս շնորհաւորած է Ֆրանսայի նախագահն ու վարչապետը: Նախագահին ուղերձին մէջ նշուած է. «Ուրախութեամբ կը հաստատեմ, որ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ դարաւոր բարեկամական կապերը այսօր մեզի կարելիութիւն կու տան մեր երկիրներուն միջեւ ամրապնդել սերտ եւ իրաւամբ արտօնեալ փոխյարաբերութիւններ, երկկողմանի եւ...

Աշոտ Ղուլեան Շնորհաւորած Է  «Ֆրանսա-Արցախ»  Բարեկամութեան Խումբի  Ղեկավարը` Ազգային Տօնին Առիթով

Աշոտ Ղուլեան Շնորհաւորած Է «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան Խումբի Ղեկավարը` Ազգային Տօնին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան 14 յուլիսին Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ ուղարկած է «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Կի Թեսիէին: Նամակին մէջ գրուած է. «Մեծագոյն արժէքները ազգութիւն չունին. անոնք բոլորինն են` բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր աշխարհամասերուն մէջ: Այս առումով 1789 թուականի յուլիսի 14-ը բեկումնային էր ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլ...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպանը`  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը` թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ՛ հարցերու անկեղծ եւ իրապաշտ քննարկումով:...

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան   Նախարարին .  Հայկական Շունչով Ու Դրոշմով  Իւրայատուկ Երեկոյ Տհուր Շուէյրի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարարին . Հայկական Շունչով Ու Դրոշմով Իւրայատուկ Երեկոյ Տհուր Շուէյրի Մէջ

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, շաբաթ, 13 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Տհուր Շուէյրի մէջ կայացաւ հայկական իւրայատուկ եւ անմոռանալի երեկոյ մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, Տհուր Շուէյրի եւ Այն Սընտիանէի քաղաքապետ` ճարտարագէտ Հապիպ Մըժահեսի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Արտերկրի լիբանանցիներու  տօնի փառատօներու խորհուրդի նախագահ  Ուատիհ Ապտ Էլ Ահատի...

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ»  Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը

Շաբաթ, 13 յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնին: Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայէլ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Մէջ Կը Վերարծարծուի Վիեննան

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Մէջ Կը Վերարծարծուի Վիեննան

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հետ կապուած հիմնական երկու իրադարձութիւն ուղենշային իմաստ կը ստանան` արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ համանախագահող երկիրներէն մէկուն հետագայ դիրքորոշումներու ուրուագծման տեսանկիւնէն: Առաջինը. «Ազգային պաշտպանութեան նախահաշիւային յատկացումներու մասին» օրէնքին քննարկման ընթացքին քոնկրեսական Ճուտի Չուի ներկայացուցած փոփոխութեան ընդունումն է, որ կը վերահաստատէ «Էնկել-Ռոյս նախաձեռնութեան» կարեւորութիւնը` միտուած Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն, միջեւ շփման գիծին լարուածութեան թուլացման: Մասնաւորապէս, փաստաթուղթը...

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Արցախի  Պաշտպանութեան Ուղղուած Չուի Առաջարկը

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Արցախի Պաշտպանութեան Ուղղուած Չուի Առաջարկը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 10 յուլիսի գիշերը վաւերացուց Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ նաեւ վաւերացուած էր Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքերու յանձնախումբին կողմէ եւ իբրեւ յաւելուած (թիւ 97) ներկայացուած էր 2020-ի ռազմական ամավարկին մէջ: Առաջարկին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին մէջ Չու շեշտեց, թէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ահաբեկչական...

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց  Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը  Երաշխաւորող Շըրմընի Առաջարկը

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւորող Շըրմընի Առաջարկը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 11 յուլիսի յետմիջօրէին, 234 թեր եւ 195 դէմ քուէներով վաւերացուց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի առաջարկը, որ քանի մը օր առաջ Օրէնքներու յանձնախումբին կողմէ եւս վաւերացուած էր: Շըրմընի կողմէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020-ի ռազմական ամավարկին իբրեւ յաւելուած (թիւ 21) ներկայացուած այս առաջարկին նպատակն է` արգիլել...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Անհերքելի Է Քաթալոնիոյ Ժողովուրդի`  Իր Քաղաքական Կարգավիճակը Որոշելու Իրաւունքը»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ասքերովն Ու Կուլիեւը Ազատ Արձակելու Քարոզարշաւը Ազրպէյճանի Պետական Քաղաքականութեան Մաս Կը Կազմէ

Ինչպէս մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելով, այնպէս ալ դիմելով միջազգային կազմակերպութիւններուն` աջակցելու Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու հարցին, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը կատարեն Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու, այդ կարգին` կեանքի եւ իրաւական պաշտպանութեան իրաւունքի բացայայտ ժխտում եւ ոտնահարում: Այս մասին «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող քարոզարշաւը` Տիլհամ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Վարչապետին Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի մօտ կը տիրէ դրական մթնոլորտ: «Ան մնայուն աշխատանքի մէջ է եւ կ՛ողջունէ բոլորին ջանքերը, ինչպէս նաեւ իր կարգին ճիգ...

Փաշինեան. «2020-ին Հայաստանի Մէջ  Կենսաթոշակները  Պիտի Բարձրանան 10 Առ Հարիւրով»

Փաշինեան. «2020-ին Հայաստանի Մէջ Կենսաթոշակները Պիտի Բարձրանան 10 Առ Հարիւրով»

10 յուլիսին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստին ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը: Կառավարութեան 11 յուլիսի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, թէ որոշուած է, որ 1 յունուար 2020-էն սկսեալ  Հայաստանի մէջ 10 առ հարիւրով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան 1 սեպտեմբերէն` ուսուցիչներու աշխատավարձերը: Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, փոփոխութիւնը...

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են  Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ  Գործակցութեան Զարգացումը

Փաշինեան Եւ Ռուհանի Քննարկած Են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հետ Գործակցութեան Զարգացումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ յիշատակած են վերջերս Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը: Նշուած է ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման կարեւորութիւնը: Կողմերը քննարկած են նաեւ Իրան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ տեղի...

Նախարար Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-Ի  Յատուկ Նշանակութեան Գործողութիւններու  Հրամանատարութեան Ղեկավարը

Նախարար Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-Ի Յատուկ Նշանակութեան Գործողութիւններու Հրամանատարութեան Ղեկավարը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՕԹԱՆ-ի յատուկ նշանակութեան գործողութիւններու հրամանատարութեան ղեկավար, փոխծովակալ Քոլին Քիլրէինը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ուսումնավարժական եւ փորձառութեան փոխանակման ոլորտին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ ՕԹԱՆ-ի համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին փոխծովակալ Քիլրէին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան...

Քոնկրեսականներ Օպամային  Կոչ Ուղղած Են  Զերոյի Իջեցնելու Ռազմական  Օգնութիւնը Ազրպէյճանին

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Արցախի Վերաբերեալ Քոնկրեսական Չուի Առաջարկը Քուէարկութեան Դնելը

  Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ներքին կանոնակարգի յանձնախումբը քուէարկած է ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չուի օրինագիծին, ըստ որուն, կ՛առաջարկուի պաշտպանել Արցախի վերաբերեալ Ռոյս-Էնկելի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` տեղեկացնելով, որ ամենայն հաւանականութեամբ Ճուտի Չուի նախաձեռնութիւնը պիտի քննարկուի այս շաբաթ: Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսական...

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

Ահաբեկչական Պայթում Մը Ցնցեց Գամիշլիի Հայահոծ Թաղամասը

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` հինգշաբթի, 11 յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ականապատուած ինքնաշարժի մը ահաւոր պայթումը ցնցեց Գամիշլիի բնակչութիւնը: Ականապատուած ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց, վայրկեաններ անց ինքնաշարժը պայթեցաւ: Արձանագրուեցան 11 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային միացեալ միջնակարգ վարժարանը եւ...

Page 480 of 797 1 … 479 480 481 … 797

Արխիւներ