Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեղադրանք Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

December 5, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնած են, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 38-179-րդ յօդուածով` առանձնապէս մեծ քանակութեամբ գումար իւրացնելու կամ վատնելու:

Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ Սերժ Սարգսեան կը մեղադրուի հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքի կատարման համար, որ ան, 9 ապրիլ 2008-էն մինչեւ 9 ապրիլ 2018, վարելով նախագահի պաշտօնը, իր պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, 25 յունուար 2013-էն մինչեւ նոյն թուականի 7 փետրուար կազմակերպած է պաշտօնատար խումբ մը անձերու կողմէ պետութենէն 489.160.310 դրամի վատնում եւ յափշտակութիւն:

Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է երկրէն չհեռանալը: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի նիստին անդրադարձաւ այս մեղադրանքին եւ ըսաւ. «Ատեն մը Հայաստանի մէջ կար գիւղատնտեսութեան վառելիքի պետական աջակցութեան ծրագիր: Քիչ առաջ այս լուրը կարդալով` պարոն Աւինեանի հետ յիշեցինք, որ մեր կառավարութիւնը եղած է այդ ծրագիրը փակողը` համարելով, որ ատիկա փտածութեան ծրագիր է, իրականութեան մէջ գիւղացիներուն ոչինչ չի տրուիր: Հիմա Յատուկ քննչական ծառայութեան հաղորդագրութենէն կը պարզուի, որ, ըստ մեղադրանքի նիւթերու, Սերժ Սարգսեանը պետական մարմինին յանձնարարած է, որ վառելիքը գնեն ոչ թէ այն ընկերութենէն, որ ցած գին կ՛առաջարկէ, այլ «Ֆլեշ» ընկերութենէն: Ասիկա է պատմութիւնը: Կը կարծեմ, որ քննութիւնը պիտի պարզէ, թէ ի՛նչ է, եւ որեւէ աւելի  բան, քան հրապարակուածը, չեմ կրնար ըսել», նշեց վարչապետը:

 

 

 

Նախորդը

Իրլանտա Վաւերացուցած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Պրաթիսլաւայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մնացականեան – Մամետեարով Հանդիպումը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.