Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուած է Ռուսիոյ առաջարկած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի «փոքր քայլերով» մերձեցման ծրագիրը: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը:
«Իլհամ Ալիեւի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին ան մասնաւորաբար քննարկած է մարդասիրական ոլորտին մէջ «փոքր քայլերով» կողմերու մերձեցման վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկած ապրիլեան ծրագիրը: Այդ ծրագիրին մէկ մասը արդէն իրականացած է. նոյեմբերին երկար տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններ», կը գրէ օրաթերթը:
«Քոմերսանթ»-ի տուեալներով` կը ծրագրուի նաեւ կազմակերպել հասարակական ու մշակութային գործիչներու եւ երեսփոխաններու փոխադարձ այցելութիւններ: Օրաթերթը կը գրէ, որ քննարկուած է նաեւ ռազմական գերիներու փոխանակման հարցը: Այս ծրագիրներուն Պաքուն արդէն տուած է իր համաձայնութիւնը:
Ազրպէյճան Փաստաթուղթ Մը Հրապարակելով Ներկայացուցած Է
Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը
Պաքու ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Փաստաթուղթը, որ հրապարակուած է Աւստրիոյ, Սլովաքիոյ եւ Սլովենիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կը նշէ, որ Ազրպէյճան նախկինին պէս հակուած է «քաղաքական ճամբով տագնապի լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ»:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՛ընդգծուի. «Տագնապին լուծումը կարելի է միայն միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն հիմամբ` յարգելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը»:
Կը նշուի նաեւ քայլերու յաջորդականութիւն, ըստ որուն, «առաջին քայլը պէտք է ըլլայ հայկական զօրքի դուրսբերումը Ղարաբաղէն եւ Ղարաբաղի փոխանցումը Ազրպէյճանի կազմին, որմէ ետք` Ղարաբաղի ազրպէյճանական եւ հայ համայնքներու խաղաղ գոյակցութիւն»: