Գլխաւոր լուրեր

Հայկական Եւ Ասորական Համայնքները  Լոս Անճելըսի Մէջ Ստորագրած Են  Համագործակցութեան Յուշագիր

Հայկական Եւ Ասորական Համայնքները Լոս Անճելըսի Մէջ Ստորագրած Են Համագործակցութեան Յուշագիր

Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութիւնը (AAASC) եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 22 յուլիսին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են երկուստեք յարաբերութիւններու խորացման նպատակով: Յուշագիրը կ՛ընդգծէ երկու համայնքներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման կարեւորութիւնը եւ համակողմանի համագործակցութեան ապահովումը: «Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրումը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնէ աւելի խոր հաստատութենական մակարդակի», նշած է ՀՅԴ Արեւմտեան...

«Այժմ Կարգը Ուրիշներուն Է` Վերցնելու  Իրենց Պատասխանատուութիւնը»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Այժմ Կարգը Ուրիշներուն Է` Վերցնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Վարչապետ Հարիրի Ժողով Մը Գումարեց Մեթնի Երեսփոխաններուն Հետ Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ժողով մը գումարեց Մեթնի երեսփոխաններուն հետ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Էտկար Մաալուֆ եւ Էտի Ապի Լամաա: Ժողովասրահ մտնելէ առաջ, ներկայ...

Քանատայի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ  Եւ Լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան  Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Քանատայի Մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դիւանի անդամներ Արտօ Գաբրիէլեան եւ Մարալ Նազարեան, ինչպէս նաեւ` Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Գատեհճեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 յուլիսին հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ` կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին քննարկուած են պետականաշինութեան, երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը  Եւ Ստեփանակերտը Դարձած Են Քոյր Քաղաքներ

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Եւ Ստեփանակերտը Դարձած Են Քոյր Քաղաքներ

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Ռայտ քաղաքը եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը դարձած են քոյր քաղաքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Բարեկամական յարաբերութիւններ ձեւաւորելու պաշտօնական որոշումը ընդունած է քաղաքային խորհուրդը: Այսպիսով, Ռայտը դարձած է Հայաստանէն դուրս գտնուող աշխարհի 8-րդ քաղաքը, որ քոյր-քաղաքութեան վերաբերեալ յուշագիր կնքած է Արցախի քաղաքներէն մէկուն հետ: Ասիկա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ  զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, փոխօգնութիւնը,...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Անհերքելի Է Քաթալոնիոյ Ժողովուրդի`  Իր Քաղաքական Կարգավիճակը Որոշելու Իրաւունքը»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Ռայտի Կողմէ Ստեփանակերտի Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւններ Հաստատելու Մասին Բանաձեւի Միաձայն Ընդունումը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդին կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Կ՛ողջունենք Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդին  կողմէ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բանաձեւի միաձայն ընդունումը, որ իրաւական հիմք կ՛ապահովէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակոյթի,...

Յ. Բագրատունի Այցելեց  Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Յ. Բագրատունի Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ

Ուաշինկթըն իր կեցութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ - Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ լիբանանեան պատուիրակութեան գործուղման ընթացքին արծարծուած հարցերը: Ապա Բագրատունի դասախօսութիւն տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած վարժողական ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն, որոնք կը գումարէին սեմինարային վերջին նիստը:...

Ակնարկ.  Ռազմաքաղաքականէն Աւելի Վտանգաւոր  Պատերազմ Մղելու Հարկադրանքը

Ակնարկ. Ռազմաքաղաքականէն Աւելի Վտանգաւոր Պատերազմ Մղելու Հարկադրանքը

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարին հնչեցուցած ահազանգը` թմրեցուցիչի համատարած երեւոյթին մասին, հատած է հասարակութեան սպառնացող վտանգի բոլոր սահմանները: Լիբանանը յարձակման տակ է ներմուծողներու, արտադրողներու, վաճառականներու եւ օգտագործողներու կողմէ: Արգելափակեալներու ընդհանուր ցանկերուն մէջ թմրեցուցիչի պատճառով բանտարկուածներու համեմատութիւնը սարսափազդու պատկերներ կը յառաջացնէ եւ ենթադրել կու տայ, որ հասարակութիւն մը ամբողջ ախտահարուած է համաշխարհային տարողութիւն ունեցող այս վարակէն: Թմրագործարարութիւնը հովանաւորութիւն ունեցող, ստուերային, միաժամանակ նաեւ քրէական...

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ  Դատարաններուն Շուրջ Ծաւալած  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Դատարաններուն Շուրջ Ծաւալած Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

22 յուլիսին Հայաստանի «Ազատութիւն», «Ազգային օրակարգ», «Երկիր ծիրանի», Հայաստանի դեմոկրատական, ՀՅ Դաշնակցութիւն, «Մէկ Հայաստան», Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ ստեղծուած  դատական իշխանութեան շուրջ ծաւալած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Ստորեւ` յայտարարութեան բովանդակութիւնը: «Պետական իշխանութեան թեւերի միջեւ հաւասարակշռութեան եւ փոխզսպումների համակարգի կայացումն ու անխափան գործունէութիւնը ցանկացած երկրի զարգացման գրաւականներից է: Օրէնսդիր, գործադիր ու դատական համակարգերի անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը...

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Համաձայնագիրը Կը Մտնէ Իրականացման Փուլ»  Կ՛ըսէ Դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Կը Մտնէ Իրականացման Փուլ» Կ՛ըսէ Դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ է: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի: «Թոյլ տուէք կրկնել նախագահ Թուսքի` Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնը. մենք այս պահուն գերազանց յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ: Բոլոր գործօնները, որոնք հաշուի կ՛առնուին յարաբերութիւնները գնահատելու համար, թոյլ կու տան ըսել, թէ մենք աշխուժ ու բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք: Հայաստան-Եւրոպական...

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան  Արաբական Կեդրոնը  Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան Տեղեկատուութեան Արաբական Կեդրոնը Պարգեւատրեց Նախարար Կիտանեանը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Օմանի մէջ պարգեւատրուեցաւ Զբօսաշրջութեան տեղեկատուութեան արաբական կեդրոնին կողմէ: Զբօսաշրջութեան եւ աւանդներու արաբական Ա. համագումարին ընթացքին, Օմանի տեղեկատուութեան նախարարը պարգեւատրեց Ա. Կիտանեանը` գնահատելով անոր դերակատարութիւնը` զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման մէջ: Ներկայ էին նաեւ արաբական երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարներ: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւին համեմատութեան առումով զբօսաշրջութեան նախարարութեան արձանագրած թիւերը բացառիկ...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է  Միջազգային Մարզական Պարերու  Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայ Գտնուած Է Միջազգային Մարզական Պարերու Մրցում-Փառատօնի Եզրափակիչին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ ներկայ գտնուած է միջազգային մարզական պարերու մրցում-փառատօնի եզրափակիչին եւ մրցանակներ յանձնած յաղթողներուն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Նախագահը նման ձեռնարկներու պարբերական իրականացումը կարեւոր նկատած է Արցախի մշակութային կեանքին մէջ:

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Ուաշինկթընի Մէջ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց իր խօսքը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքական գործիչ, որ ապրած է լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն տեսած դժուարութիւնները: Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքին  ամբողջութիւնը. «Ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեսակի հարցի լուծման բանալին հաղորդակցութիւնն է, իսկ օրինակելի ու կատարեալ աշխարհին մէջ խորհրդարանները, Ազգային ժողովները եւ քոնկրեսները կը կազմեն հաղորդակցութեան այն կերպերը,...

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Տնտեսական Յեղափոխութեան Հայեցակարգային Դրոյթները

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Տնտեսական Յեղափոխութեան Հայեցակարգային Դրոյթները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Իմ քայլը յանուն Շիրակի մարզի» ներդրումային-գործարար համաժողովի ընթացքին ներկայացուցած է կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային դրոյթները, որոնք անուանեց տնտեսական յեղափոխութեան հայեցակարգային դրոյթներ: «Կը կարծեմ` Շիրակի գործարար համաժողովը շատ յարմար առիթ է, որ բոլորիս յայտնի իրադարձութիւններէն մէկ տարի ետք ես խօսիմ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան հայեցակարգային որոշակի մօտեցումներուն վերաբերեալ, եւ ըստ էութեան այս հայեցակարգային դրոյթները պէտք է անուանեմ տնտեսական...

Զարեհ Սինանեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն

Զարեհ Սինանեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն

Սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան  շրջագիծին մէջ 21 յուլիսին հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի  յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: «Համախմբման շունչ զգացուեցաւ: Յաջողեցաք առանձին ձեւաչափերով համախմբել տարբեր շրջանակներ», ողջունելով Զարեհ Սինանեանը եւ  անդրադառնալով ընդհանուր յանձնակատարի Ռուսիոյ այցելութեան` ըսած է ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսէսեանը: Ողջունելով ներկաները` ընդհանուր յանձնակատարը կարեւոր նկատած է սփիւռքի...

Իջեւանի Մէջ Անկարգութիւններու Գործով 10 Անձերու Նկատմամբ Իբրեւ Խափանման Միջոց Ճշդուած Է Կալանաւորումը

Իջեւանի Մէջ Անկարգութիւններու Գործով 10 Անձերու Նկատմամբ Իբրեւ Խափանման Միջոց Ճշդուած Է Կալանաւորումը

Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու գործի շրջագիծին մէջ 13 անձ ներգրաւուած է իբրեւ մեղադրեալ, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն: Անոնցմէ 10-ին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ճշդուած է կալանաւորումը, մէկ հոգիի նկատմամբ` ստորագրութեամբ չհեռանալը, իսկ երկուքին նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոխարինուած է գրաւով: Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան ընդհանուր վարչութեան մէջ ստացուած եւ վարոյթ ընդունուած է Իջեւան քաղաքին մէջ ոստիկանութեան...

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անթիլիասի Մամլոյ Համահայկական Համագումարը Պէտք Է Վերածուի Մնայուն Գործընթացի» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Ուրուկուէյի հայկական ռատիոժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ մամուլի համահայկական համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածելու մնայուն գործընթացի: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն) իր լիառատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ՛իրագործէ, երբ վերածուի գործընթացի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու նպատակներ իրագործելու...

Ակնարկ.  Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը

Ակնարկ. Կրօնա-Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներն Ու Ուաշինկթընի Նախաձեռնութիւնը

Ընթացիկ շաբթուան մէջ կրօնական օրակարգը առանցքային հանգամանք ունեցաւ ամերիկեան Քոնկրեսի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներուն մէջ: Աղօթքի միջազգային հանդիպում, կրօնական եւ ազատութեան վերաբերող խորհրդաժողով,  զուգահեռ` «Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն ի պաշտպանութիւն» կարգախօսով կատարուած նախաձեռնութիւն: Կրօնական տարազին տակ տարբեր ուղղութիւններ ներառած այս աշխատանքներուն բերումով Ուաշինկթընը համախմբած է շուրջ հարիւր երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք կրօնական հետապնդումներէ եւ յարձակումներէ վերապրածներու հետ կը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչները Եւ Ազգային Օրակարգ  Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են  Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչները Եւ Ազգային Օրակարգ Կուսակցութեան Անդամները Քննարկած Են Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ քաղաքական հանդիպումներու շարքը` քննարկելու  համար երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն առնչուող հարցեր: 19 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Ազգային օրակարգ կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ Արա Յակոբեանի, Աշոտ Ղազարեանի, Նորայր Աղայեանի եւ Արա Գասպարեանի հետ: Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի...

Փաշինեան. «Հայոց Բանակը Պէտք Է  Ըլլայ Շրջանի Ամէնէն Ուսեալ Եւ Մտաւորականը»

Փաշինեան. «Հայոց Բանակը Պէտք Է Ըլլայ Շրջանի Ամէնէն Ուսեալ Եւ Մտաւորականը»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 19 յուլիսին բանակի սպաներուն ու զինուորական դպրոցի ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ հայկական բանակը պէտք է ըլլայ շրջանի ամէնէն ուսեալ եւ մտաւորական բանակը: «Զինուորին ծառայութեան ժամկէտը որոշ չափով նաեւ ուսումնառութեան ժամանակաշրջան է: Մեր կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը այն է, որ մենք առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործենք զինուորին ուսումնառութեան այս շրջանը, որպէսզի զինուորը ծառայութենէ զօրացրուելու ատեն...

Page 478 of 797 1 … 477 478 479 … 797

Արխիւներ