Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Այն Թինէի Մէջ Կը Հովանաւորէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Հաշտութիւնը

September 9, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հովանաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի հաշտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Այն Թինէի մէջ: Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ էին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ խորհրդական Ահմետ Պաալպաքի: Հըզպալլայի կողմէ ներկայ էին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ` նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ նախկին երեսփոխան Ղազի Արիտի:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած տեսակցութեան աւարտին, որուն յաջորդեց պաշտօնական ընթրիք, Հիւսէյն Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին այս հաշտութիւնը հովանաւորելուն համար` հիմնական նպատակ ունենալով լիբանանեան զանազան կողմերու միացումը` ի խնդիր հայրենիքին ծառայութեան: Պըրրի իր ուսերուն բեռցուց վերամիաւորել Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եղբայները, որոնք բաժնուած էին երկրին մէջ տիրող ճգնաժամին  պատճառով: Ան աւելցուց, որ Պըրրի այս քայլը կատարեց, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել երկրին արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները: Համերաշխ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը Նեպիհ Պըրրիին վստահեցան նախկինին տեղի ունեցած պառակտումներուն լուծումը եւ միասին հիմքը դրին գալիք օրերուն համագործակցութեան, նշեց Խալիլ:

Իր կարգին եւս, նախկին երեսփոխան Արիտի շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` անոր կատարած բացառիկ ջանքերուն համար եւ ըսաւ, որ Պըրրի իր իմաստութեամբ ջանք կը թափէ պահել երկրին միասնութիւնն ու կայունութիւնը: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ու Հըզպալլային, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումին միջեւ համագործակցութիւնը ունի իր անցեալը, որուն ընթացքին կարեւոր ձեռքբերումներ տեղի ունեցած են ի շահ երկրին, աւելցուց ան:

Հիւսէյն Խալիլ խօսք առաւ ու նշեց, որ նախկին բոլոր անհամաձայնութիւնները յանգեցան լուծումի` շնորհիւ Պըրրիին:

 

 

Նախորդը

Հաշեմ. «Հարցերը Պիտի Լուծուին Միայն Քաղաքացիական Պետութեամբ Եւ Մէկ Ընտրատարածքի Հիմամբ Համամասնական Օրէնքով»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Հայեր Ձերբակալուած Են

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.