Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր  Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում.  Անկուշտ Է Թշնամին»

Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում. Անկուշտ Է Թշնամին»

«Դժբախտաբար, Արցախը պարտութիւն չէր` Արցախը յանձնում էր, եւ եթէ Արցախի ազատագրումը Հայ դատի համընդհանուր պայքարի կարեւոր փուլն էր եւ մեր հայեացքը ուղղուած էր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերու ազատագրման, յանկարծ եկաւ այդ հարուածը», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Ան չի բացառեր կորուստներու վերականգնումը` բերելով Ցեղասպանութենէն ընդամէնը 3 տարի ետք`...

Երրորդ Օրն Ըլլալով Բողոքի  Ցոյցեր` Երեւանի Մէջ

Երրորդ Օրն Ըլլալով Բողոքի Ցոյցեր` Երեւանի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 23 նոյեմբերին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ 3-րդ օրն ըլլալով տեղի ունեցան անհնազանդութեան եւ բողոքի ցոյցեր: Անոնց նպատակն է կանխել սահմանագծման եւ սահմանազատման մասին փաստաթուղթի ստորագրումը եւ թոյլ չտալ միջանցք տրամադրել թշնամիին: Բողոքի ցոյցի մասնակիցները կը պահանջեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները լիարժէքօրէն զինեն առաջնագիծը եւ պաշտպանեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Նշենք, որ բողոքի ցոյցի նախաձեռնողն է «Ազատագրական շարժում» խումբը:

Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ  Ընտրուեցաւ Իշխան Սաղէաթէլեան

Սաղաթէլեան. «Մենք Պատրաստ Ենք Աջակցելու Ցուցարարներուն Եւ Կը Կիսենք Անոնց Պահանջները»

«Մենք մեր նախկին յայտարարութիւններուն հաւատարիմ ենք, ըսած ենք, որ պատրաստ ենք աջակցելու, կը կիսենք անոնց պահանջները»,  «ՄետիաՀապ»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը` պատասխանելով այս օրերուն իշխանութիւններուն դէմ ցոյցեր կազմակերպող ուժերուն նկատմամբ «Հայաստան» դաշինքի կեցուածքին մասին հարցումին: Ըստ Սաղաթէլեանի, բոլոր այն առողջ ուժերը, որոնք կը պայքարին յանուն Հայաստանի, այդ կարգին` նաեւ...

Նախագահ Սարգսեանը` Նախագահ Աունին.  «Մեր Ժողովուրդները Ճակատագրական Պահերուն  Սատարած Են Իրար, Այսօր Ալ  Կը Պայքարին Յանուն Արդարութեան»

Նախագահ Սարգսեանը` Նախագահ Աունին. «Մեր Ժողովուրդները Ճակատագրական Պահերուն Սատարած Են Իրար, Այսօր Ալ Կը Պայքարին Յանուն Արդարութեան»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունին` Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով: Շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշուած է.- «Հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները, որոնց հիմքում մեր ժողովուրդների աւանդական բարեկամութիւնն ու անկեղծ համակրանքն են, մշտապէս աչքի են ընկել առանձնայատուկ ջերմութեամբ եւ փոխադարձ վստահութեամբ: Մեզ յաջողուել է համատեղ ջանքերով ապահովել քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ, ծաւալել փոխշահաւէտ գործակցութիւն միջազգային ատեաններում, զարգացնել...

Ցուցարարները Իշխանութիւններէն Պահանջեցին  Բացայայտել Յառաջիկային Ստորագրուելիք  Փաստաթուղթին Բովանդակութիւնը

Ցուցարարները Իշխանութիւններէն Պահանջեցին Բացայայտել Յառաջիկային Ստորագրուելիք Փաստաթուղթին Բովանդակութիւնը

Երէկ` երկուշաբթի, 22 նոյեմբեր 2021-ին Հայաստանի մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ տեղի ունեցան բողոքի զանգուածային ցոյցեր, որոնց մասնակցող քաղաքացիները երթով շարժեցան դէպի Ազգային ժողով եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն յանձնեցին իրենց դիմումը, որուն մէջ ձեւակերպած են խորհրդարանէն դուրս ձեւաւորուած պահանջը Նիկոլ Փաշինեանին` գաղտնազերծել յառաջիկային ստորագրուելիք փաստաթուղթը: «Ազգային ժողովը ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ, ոչ թէ կառավարութեան, ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանին, ուստի կը խնդրենք մեր...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ամերիկեան  Վերջին Կեցուածքները Գնահատող Նամակ Մը Յղեց  Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի Տարեդարձին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 22 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի տարեդարձին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիային յղեց նամակ մը, որուն մէջ 22 նոյեմբեր 1920-ին հրապարակուած վճիռին պատմական հանգամանքները եւ Սեւրի դաշնագիրի ճակատագիրը նշելէ ետք յայտնեց. «Թէեւ յաջորդող դէպքերը  արգելք հանդիսացան իրաւարար վճիռի գործադրութեան, սակայն հոլովոյթը նախադէպ մըն է եւ ինքնին փաստ մը, թէ...

«Որոշած ենք մնալ ու պայքարիլ». Յակոբ Բագրատունի հանդիպեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձներուն հետ 

«Որոշած ենք մնալ ու պայքարիլ». Յակոբ Բագրատունի հանդիպեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձներուն հետ 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 20 նոյեմբերին հանդիպում տեղի ունեցաւ Հայաստան գտնուող ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայրենադարձ լիբանանահայերու միջեւ: Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանը: Հանդիպումին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը...

15 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի Մէջ  Տեղի Պիտի Ունենայ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

15 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 դեկտեմբեր 2021-ին հանդիպում ունենալ Պրիւքսելի մէջ` Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի շրջագիծին մէջ: Հաղորդուած լուրին մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել 19 նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` շարունակելու այս շաբաթ աւելի...

Հայաստանի Արեւելեան Սահմանագօտիին Վրայ  Օրեր Առաջ Նահատակուած Հայ  Զինուորականներուն Թիւը Բարձրացաւ 6-ի

Հայաստանի Արեւելեան Սահմանագօտիին Վրայ Օրեր Առաջ Նահատակուած Հայ Զինուորականներուն Թիւը Բարձրացաւ 6-ի

Շուշիի մէջ ազրպէյճանական կողմը 18 նոյեմբերի ուշ երեկոյեան ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի անմիջական միջնորդութեամբ, Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փոխանցած է 16 նոյեմբերին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ ծաւալած մարտերուն պատճառով նահատակուած 3 զինուորներու մարմինները: Այսպիսով, զոհուած հայ զինուորներու թիւը բարձրացաւ 6-ի: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ զոհուած զինուորներն են` 31-ամեայ աւագ տեղակալ Տարօն Սահակեան, պայմանագրային զինուորներ 30-ամեայ կրտսեր տասնապետ Մերուժան...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնները  Հեռացնելու Միակ Տարբերակը Ազգային  Դիմադրութեան Ձեւաւորումն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնները Հեռացնելու Միակ Տարբերակը Ազգային Դիմադրութեան Ձեւաւորումն Է»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Իր հայրենիքում հայ ժողովրդի ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու, ամէնօրեայ կորուստների այս ընթացքը կանխելու եւ ազգակործան իշխանութիւններին հեռացնելու միակ տարբերակը ազգային դիմադրութեան ձեւաւորումն է: Ստեղծուած իրավիճակում Դիմադրութեան մաս պէտք է կազմենք բոլորս` ուսանողից մանկավարժ, գիւղացուց` մտաւորական, բժշկից` արհեստաւոր: Դիմադրութեանը միանալու համար,...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին.   Գործը Ինքնին Խոստում Է

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային ահռելի տագնապի մէջ է: Անդամալուծուած է գրեթէ ամէն ինչ: Եւ ամէն օր տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ զիրար կը հրմշտկեն Լիբանանն ու լիբանանցին հարուածող անակնկալ կեցուածքներն ու իրադարձութիւնները: Խոստումներն ու յոյսերը տեղատուութիւն կամ մակընթացութիւն կ՛ապրին, սակայն ամէնուրեք յուսալքութեան եւ անձնատուութեան հոգեվիճակ կը տիրէ: Ու այս ընդհանուր թոհուբոհին մէջ Լիբանան կը...

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վիճելի  Հարցերու Լուծման Գործին Մէջ Ռուսական  Դիւանագիտութեան Դերը Կ՛աճի»  Կ՛ըսէ Փութին

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վիճելի Հարցերու Լուծման Գործին Մէջ Ռուսական Դիւանագիտութեան Դերը Կ՛աճի» Կ՛ըսէ Փութին

Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին փոխադարձ կրակոցները ցոյց տուին, որ այդ շրջանին մէջ կացութիւնը տակաւին մինչեւ վերջ չէ հանդարտած, եւ այս պայմաններուն մէջ կ՛աճի ռուսական դիւանագիտութեան դերը` հետագայ լուծման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Սակայն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին փոխադարձ կրակոցները ցոյց տուին, որ այդ շրջանին մէջ կացութիւնը տակաւին վերջնականապէս...

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու  Հաւատարմատարը Բացառած Է Արցախի  Խնդիրի Զինուորական Լուծումը

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Հաւատարմատարը Բացառած Է Արցախի Խնդիրի Զինուորական Լուծումը

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կը մնան չլուծուած, սակայն զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցչութեան գործերու հաւատարմատար Քորթնի Օթրիանը: Ան ողջունած է նիստին ներկայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ շատ կարեւոր կը...

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի անդամ` 2021-2025 ժամանակահատուածին համար: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 17 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին: «Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն մէջ արեւելեան եւրոպական երկիրներու շրջանային խումբին յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացած էին 4 երկիրներու` Հայաստանի, Լիթուանիոյ, Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի...

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Միքաթիի Հետ

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միքաթիի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը խորհրդանշուեցաւ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն յատուկ ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտով: Քննարկուեցան հայ-լիբանանեան երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:  

Զօր. Մուրատով Պաքուէն Երեւան Բերաւ  Նախանցեալ Օրուան Բախումներուն  Նահատակուած Հայ Զինուորի Մը Մարմինը

Զօր. Մուրատով Պաքուէն Երեւան Բերաւ Նախանցեալ Օրուան Բախումներուն Նահատակուած Հայ Զինուորի Մը Մարմինը

Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, 17 նոյեմբերի երեկոյեան յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուած է 16 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերու սադրանքէն ետք ծաւալած մարտերու ընթացքին զոհուած Հայաստանի զինուած ուժերու զինուորի մը մարմինը: 17 նոյեմբերին զօր. Ռուստամ Մուրատովին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան: Հայաստանի...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Երէկ «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստան» դաշինքը իրավիճակի վերաբերեալ երէկ (նախանցեալ օր, «Ա.») հանդէս է եկել յստակ յայտարարութեամբ: Այսօր դաշինքը նախաձեռնել է քաղաքական խորհրդակցութիւններ: Խմբակցութեան պատգամաւորների մի խումբ գործուղուել է Սիւնիք, միւսը միջազգային գործընկերներին է ներկայացնում իրավիճակը: Ծայրայեղ անհանգստացնող է Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ Ազրպէյճանի յանցագործութեան նոր ալիքը, միջազգային պատշաճ արձագանգի բացակայութիւնը, այս ձախողած իշխանութեան դիմադրելու անկարողութիւնը: Արձանագրում ենք` Ազգային...

Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Բանբերին Կոչը` Քաղաքական Ուժերուն

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերսկսելու Չլուծուած Հարցերու Համապարփակ Լուծման Համար Բանակցութիւնները

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ կացութեան լարուածութեան նկատմամբ եւ կողմերուն կոչ ուղղած է` վերսկսելու չլուծուած հարցերու համապարփակ լուծման համար բանակցութիւններուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին կը նշուի միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: «Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` վերսկսելու բանակցութիւններուն չլուծուած խնդիրներու համապարփակ լուծման հասնելու համար, ներառեալ` սահմանազատման հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Եւրոպական Միութիւնը ընդգծած...

«Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Զսպուածութիւն  Դրսեւորելու, Կանխարգիլելու Նոր Միջադէպերը  Եւ Բոլոր Վէճերը Լուծելու Բացառապէս Քաղաքական  Եւ Դիւանագիտական Միջոցներով»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Կանխարգիլելու Նոր Միջադէպերը Եւ Բոլոր Վէճերը Լուծելու Բացառապէս Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Միջոցներով» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, չարտօնելու միջադէպերու կրկնութիւնը եւ խնդիրները լուծելու դիւանագիտական ճամբով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու, կանխարգիլելու նոր միջադէպերը եւ բոլոր վէճերը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով», ըսած է Զախարովա` երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Ան...

Page 335 of 797 1 … 334 335 336 … 797

Արխիւներ