Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Վաղուց Պայմանաւորուած Են Ամէն Ինչ»

January 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան չի կրնար Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի խօսիլ, քանի որ օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կրկին խօսած էր այն մասին, որ Հայաստանը լաւ կ’ընէ, եթէ ճիշդ գնահատէ իրավիճակը», «ՍփութնիքԱրմենիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը` անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին:

14 յունուարին Մոսկուայի մէջ առաջին անգամ հանդիպեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:

«Պարզ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները երաշխիք տուած են, որ ձեւով մը կը բաւարարեն Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած նախապայմանները: Այն, որ կ’ըսեն նախապայմաններ չկան, մեզ լռեցնելու համար է, սակայն մենք երէկ չէ, որ ծնած ենք: Կը հասկնանք, որ Թուրքիան իր իսկական դիրքորոշումը չէ փոխած եւ ընդամէնը կ’ուզէ ներկայացնել, որ կառուցողական երկխօսութիւն տեղի կ’ունենայ», ըսաւ Մանոյեան:

Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար որեւէ` յատկապէս Թուրքիոյ հետ լուրջ եւ կառուցողական բանակցութիւն վարել, քանի որ այն քաղաքական ուժն են, որ պատերազմին պարտուած են: Մանոյեան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ եւ Ազրպէյճանի չափ բռնութիւն կիրարկեց Արցախի մէջ:

Մանոյեան կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները վաղուց պայմանաւորուած են ամէն ինչ, եւ 14 յունուարի հանդիպումը ընդամէնը բեմականացում էր: Ասոր վկայութիւնը այն է, որ 2 դրացի պետութիւնները, որոնք առնուազն վերջին 10 տարիներուն ոչ մէկ  դիւանագիտական կապ ունեցած են, մէկուկէս ժամուան ընթացքին  կառուցողական խօսակցութիւն կ’ունենան, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու յայտարարութիւններուն շուրջ համաձայնութեան կը հասնին` իրար կրկնող բնագիրներ տարածելով: Աւելի՛ն, Մանոյեանը վստահ է` շարք մը հարցերու շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն կայ:

Անդրադառնալով բանակցութիւններուն Ռուսիոյ մէջ ըլլալու իրողութեան` Մանոյեան ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ներկայութիւնը չենք կրնար երաշխիք նկատել Թուրքիոյ` շրջանին մէջ իր զաւթումն ու ծաւալապաշտութիւնը դադրեցնելու: Միւս կողմէ, Մանոյեան յիշեցուց, որ այնպէս չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը առաջին պահէն սկսան Մոսկուայի միջնորդութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ’ողջունեն Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Երկխօսութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Եւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպումներ Ունեցած Են Մարզերուն Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.