Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ. Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

Յունուար 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին եռամսեայ «դադարէ» ետք կառավարութիւնը վերսկսի իր ընթացիկ ժողովներուն` փորձելով իր բնականոն հունին վերադարձնել երկրի պետական թէ վարչամեքենայի գրասենեակներու գործունէութիւնը: Կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացման այս քայլը անմիջական արդիւնքն էր Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միացեալ հաղորդագրութեան, ուր անոնք կը յայտարարէին, թէ որոշած են, որ զիրենք ներկայացնող նախարարները կը վերադառնան նախարարաց խորհուրդի նիստերուն` միաժամանակ հիմնաւորելով այս քայլին պատճառները:

Այս գծով զանազան հարցադրումներ արծարծուեցան այս շրջադարձային անակնկալ քայլին գծով, թէ ինչո՞ւ հիմա այս որոշումը եւ ի՞նչ նպատակներով ու հեռանկարներով: Ըստ իրազեկ քաղաքագէտի մը, ապահովական ու դիւանագիտական արտաքին աղբիւրներ «զգուշացուցած են նշեալ երկու կուսակցութիւնները, թէ քաղաքական ներկայ տեղքայլը կրնայ դուռ բանալ ընկերային հսկայ պոռթկումի, եթէ անմիջական քայլերու չդիմուի»: Նոյն ծիրին մէջ, կարգ մը դէտեր այդ քայլը մեկնաբանեցին նախընտրական հաշիւներով, ուրիշներ մարտավարական նկատեցին, ու մեկնաբանութիւններու շարքը տեղական թէ արտաքին ոսպնեակներով  շարունակուեցաւ: Իսկ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ամին Շըրրի Ամալի եւ Հըզպալլայի այս շրջադարձային քայլը որակեց «լիբանանեան արտադրութիւն»: Սակայն անկախ այդ պատճառներէն կամ հիմնաւորումներէն, շօշափելի իրականութիւնը այն է, որ անիկա կու գայ ի նպաստ լիբանանցիի ապրուստի թէ կենցաղային պայմաններու բարելաւման:

Փաստօրէն, աւելի քան 33 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը շրջանցած ամերիկեան տոլարին գինը երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունուարի երեկոյեան նահանջեց` հասնելով 22 հազար 500 լիբ. ոսկիի սահմանը: Զուգահեռաբար, տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնն ու պատկան մարմիններ փութացին հետապնդել եւ ի հարկին նիւթական տուգանք տնօրինել տակաւին չարաշահումներ կատարող առեւտրականներուն նկատմամբ:

Այս ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որու հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս առիթով Պասիլ շեշտեց սահմանադրական կառոյցներու գործունէութեան վերաշխուժացման կարեւորութիւնը: Նմանապէս, Պասիլ երէկ ընդունեց Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Ուայխլէթ Քրոփսքին, որուն հետ նոյնպէս քննարկեց Լիբանանի պետական եւ յատկապէս սահմանադրական կառոյցներու գործունէութեան վերաշխուժացման կարեւորութիւնը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նմանապէս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը «աւետեց», թէ յառաջիկայ չորեքշաբթի Յորդանանի պատկան մարմիններուն հետ պիտի կնքուի ելեկտրականութեան փոխանցման յատուկ պայմանագիր: Նոյն ծիրին մէջ նման քայլով լիբանանեան պատուիրակութիւն մը պիտի ուղղուի Սուրիա` ամբողջացնելու համար արաբական երկիրներէն դէպի Լիբանան փոխանցուելիք ելեկտրականութեան պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները: Բնականաբար, նման քայլի մը իրականացումը մեծապէս պիտի թեթեւցնէ քաղաքացիներուն կողմէ ելեկտրածին շարժակով հայթաթուող ելեկտրական հոսանքը, հետեւաբար նուազ հաշուեցոյցի գին պիտի վճարէ ամսուան վերջաւորութեան: Նմանապէս, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ արդէն իսկ Սուրիա կը գտնուի` սուրիացի իր պաշտօնակիցին` նախարար Մոհամետ Հասնա Քաթնայի եւ պատկան մարմիններուն հետ քննարկելու լիբանանեան երկրագործական արտադրութիւններու արտածման առնչուող հարցեր: Այդ հանդիպումներուն կը մասնակցի նաեւ «Աքսատ»-ի ներկայացուցիչը:

Այս եւ նման խոստմնալից քայլերու լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ այսօր` հինգշաբթի, 20 յունուարին, նախագահ զօր. Միշել Աուն յատուկ խօսք մը ուղղէ լիբանանցիներուն, առաւօտեան եւ յետմիջօրէին դեսպաններու եւ հիւպատոսներու պատուիրակութիւններու հետ  իր հանդիպումներու ընթացքին:

Նաեւ` Արտաքին Առումով

Լիբանանեան քայլերուն առընթեր, Եւրոպական Միութիւնն ու Լիբանանի մէջ զայն ներկայացնող զանազան միաւորներու ներկայացուցիչներ հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեցին Լիբանանի կառավարութեան եւ յատկապէս` «որոշում կերտող» կողմերուն, փութալու գործնական քայլերու եւ գործադրելու երկար ատենէ սպասուող բարեփոխման քայլերը, որոնց պէտք է վերսկսիլ կառավարութեան ընթացիկ նիստերուն եւ բանակցիլ միջազգային պատկան կազմակերպութիւններուն հետ, ինչպէս` Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ այլ կարեւոր մարմիններու հետ:

Նմանապէս, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ալի Համիէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա կը գտնուի, երէկ Փարիզի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին հարցերու նախարարութեան Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Անն Կիկանի հետ, որ իր կարգին դրուատելով նախարար Համիէի իրագործումները, խիստ կարեւոր նկատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց իրագործումը եւ կոչ ուղղեց վերաշխուժացնելու կառավարութեան գործունէութիւնը` իրականացնել կարենալու համար քաղաքացիներու ապրուստի պայմանները բարելաւող  տարրական քայլերը:

Այս բոլորի լոյսին տակ քաղաքացիներ գործնական շօշափելի արդիւնքներ կ՛ակնկալեն իրենց ապրուստի եւ կենցաղային պայմաններու բարելաւման գծով:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ողջունեց Կառավարութեան Ժողովները Վերսկսելու Որոշումը

Յաջորդը

3809 Զոհ, 220 Անհետ Կորսուած. Քննչական Կոմիտէն 44-Օրեայ Պատերազմին Վերաբերող Նոր Թիւեր Հրապարակեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?