Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

January 20, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ի առաւօտուն,  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան»-Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին քննարկում մը «Միութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու մէջ արհեստագիտական գրասենեակներու հաստատութենականացման միջոցները» խորագիրով` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ՄԱԿ-ի պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Ձեռնարկի կազմակերպման կոչ ուղղած էին Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու միաւորը (Եու. Էն. Հապիթաթ): Նաեւ ներկայ էին Սուրի եւ Ֆայհայի քաղաքապետութեանց, պատկան մարմիններու եւ նախարարութեանց ներկայացուցչական կազմերն ու համապատասխան արհեստագիտական գրասենեակներու ներկայացուցիչները:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ողջոյնի խօսքին մէջ ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր քաղաքապետութեան պարզած իրավիճակը տիրող պայմաններուն լոյսին տակ եւ այս գծով առնուած բարեփոխման քայլերը: Ողջոյնի խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ.

«Գաղտնիք չէ որ քաղաքապետութիւնները այսօր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը դիմակալեն  աննախընթաց դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, եւ դէպքերու ընթացքը լաւ բան չ՛աւետեր: Աւելի՛ն, կը թուի, թէ դժբախտաբար կ՛ուղղուինք դէպի անորոշութիւն:

Ու կարծէք 2019-ի վերջաւորութեան պատահած  ժողովրդային շարժումները բաւարար չէին, եկաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակը, ապա` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը եւ քաղաքապետութեանց եկամուտները, ինչ որ ստեղծեցին անտանելի պայմաններ: Այսօր քաղաքապետութիւնները դժուարութիւններ կը դիմակալեն ապահովելու համար իրենց ծախսերը` մազութ, պենզին թէ փոխնորդ կտորներ, որոնք կը հաշուարկուին տոլարի սակագինի հոլովոյթին հիմամբ, մինչեւ իսկ հոս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գրասենեակները կը գործեն շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, նշեալ այդ ծախսերը խնայելու միտումով: Ինչպէս նաեւ`  աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու աշխատավարձերու, թոշակներու եւ գնողական կարողութեան նուազեցման բերումով անոնց մօտ նահանջեց աշխատանքի պարտականութեան, յանձնառութեան զգացումը, գիտակցութիւնը, ինչ որ վարչական նոր դժուարութիւններ յառաջացուց քաղաքապետութեանց եւ պետական հաստատութիւններուն մօտ:

Սակայն, նախքան այս պայմաններու յառաջացումը, քաղաքապետութիւնները արդէն իսկ կը դիմակալէին իրենց աշխատելաոճի բարելաւման ու զարգացման, մարդուժի ու արհեստագիտական կազմածներու յաւելման մարտահրաւէրը` մուտք գործել կարենալու համար 21-րդ դար: Սակայն օրէնքներն ու վարչական կանոնները եւ յատկապէս` նիւթական կարելիութիւնները կը դժուարացնէին արհեստագիտական սարքերու եւ բարձր արժանիքներով հմուտ մարդուժի ներգրաւման կարելիութիւնը: Հոսկէ` արհեստագիտական շրջանային գրասենեակի հաստատման նախաձեռնութիւնը, որ քաղաքապետութիւնը օժտեց անհրաժեշտ արդիական սարքերով ու փորձագէտ եւ ատակ աշխատուժով:

Այս իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մօտ նկատեցինք նշեալ այդ սարքերու օգուտներն ու առաւելութիւնները զանազան ծրագիրներու իրականացման գծով: Արհեստագիտական շրջանային գրասենեակը հիմնական դեր ունեցաւ զանազան նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման, հետապնդման ու գործադրութեան մէջ: Առ այդ,  յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ ծրագիրներու հովանաւոր ու նիւթապէս զօրակցող մեկենասներուն, ինչպէս` «ՄԵՐՓ» (MERP), ՄԱԿ-ի Բարգաւածման ծրագիր (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու անձնակազմին (Եու. Էն. Հապիթաթ): Արդարօրէն կրնամ յայտնել, որ եթէ չըլլար զօրակցութեան  նման նախաձեռնութիւն, քաղաքապետութիւնը այսօր շատ աւելի գէշ կացութեան պիտի մատնուէր, եւ անկարող պիտի ըլլայինք գործադրել բազմաթիւ այն ծրագիրները, զորս իրականացուցինք: Սակայն մեծագոյն մարտահրաւէրը այս զօրակցութեան եւ օժանդակութեան շարունակութիւնն է, շրջանային արհեստագիտական գրասենեակի եւ անոր ընձեռած արհեստագիտական, արդիական կարելիութիւններու ամրագրումն է»:

Ապա շրջանային արհեստագիտական գրասենեակին անունով  խօսք առաւ Մարիա Տե ֆԻն, որ յայտնեց, թէ  գրասենեակը իր սկզբնական շրջանի վերակառուցման ճիգերու ամրապնդման յատուկ մասնագիտական խմբակէն վերածուեցաւ քաղաքապետութեանց եւ միութիւններու  բարգաւաճման ծրագիրներուն զօրակցող մարդուժի: Ան յայտնեց, որ նպատակը այդ մասնագիտական մարդուժը քաղաքապետական վարչական գրասենեակներուն մէջ  միաձուլելու եւ միախառնելու պատշաճ ու նպաստաւոր ձեւերը գտնելն է:

Ապա խորհրդական դոկտ. Անտրէ Սլէյման ներկայացուց ցարդ իրագործուած ծրագիրներու գնահատման ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներն ու համապատասխան առաջարկներն ու առաջադրանքները:

Այս առիթով ներկաներուն միջեւ տեղի ունեցաւ իրագործուած գործունէութեան փորձառութեան եւ դժուարութեանց մասին շինիչ քննարկում:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մամլոյ Եւ Լրատուութեան Դաշտի Կարգաւորում

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ողջունեց Կառավարութեան Ժողովները Վերսկսելու Որոշումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.