Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբինեան. «Թուրքիոյ Ներկայացուցիչին Հետ Կը Փորձենք Քննարկել Դրական Հարցերը»

January 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ին,  Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ առաջին հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ նաեւ բովանդակային առումով:

«Հիմնականին մէջ ճանաչողական բնոյթ ունէր, եւ հիմնականին մէջ միտքեր փոխանակած ենք այն մասին, թէ ինչպէս կը տեսնենք գործընթացը` թէ՛ թեքնիք, եւ թէ՛ բովանդակային: Փորձ կը կատարուի երկուստեք քննարկել ոչ սուր անկիւններ յառաջացնող հարցերը, այլ` դրական հարցերը», տեղեկացուց ան:

Ռուբինեան յիշեցուց, որ ներկայացուցիչներու հանդիպման արդիւնքներուն մասին երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարութիւնները արդէն մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին:

«Հայկական կողմին ցանկութիւնն է, որ ըստ կարելւոյն արագ ներգրաւուինք բովանդակային, այսինքն` էական բանակցութիւններու մէջ, որովհետեւ մենք հետաքրքրուած ենք իրական խնդիրներու լուծումով: Եւ ատիկա նախ եւ առաջ սահմանի բացումն է: Մենք ըսած ենք եւ կ՛ըսենք հետեւեալը` Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման», նշեց Ռուբինեան:

Ան միեւնոյն ատեն յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի որեւէ իշխանութեան օրով հայկական կողմէն առաջադրուած նախապայման չէ եղած յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հաստատումը եւս պէտք չէ՞ նախապայման ըլլայ` Ռուբինեան ըսաւ. «Երբ մենք կ՛ըսենք, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւնները կարգաւորել` առանց նախապայմաններու, ատիկա կը նշանակէ, որ նոյնը կ՛ակնկալուի միւս կողմէն: Բանակցութիւններուն ամբողջ իմաստը ի՞նչ է. կայ իրավիճակ, որ մեզի ձեռնտու չէ: Ես կը կարծեմ, որ անիկա ձեռնտու չէ նաեւ Թուրքիոյ: Մենք կ՛ուզենք, որ սահմանը բաց ըլլայ: Եւ մենք պատրաստ ենք բանակցելու անոր շուրջ, բանակցութեան ամբողջ իմաստը այն է, որ երկու երկիրներուն միջեւ կայ խնդիր, եւ ատիկա պէտք է լուծել»:

Ըստ անոր, երկրորդ հանդիպման օրուան եւ վայրին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Մտահոգ Է, Որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Չեն Կրնար Այցելել Ղարաբաղ» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.