Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լորտերու Պալատին Մէջ Անդրադառնալով Արցախի Հարցին` «Ազրպէյճան Կը Խախտէ 2020 Թուականի Զինադադարի Պայմանները» Կ՛ըսէ Քոքս

January 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ տեղի ունեցած «Գաղթականներ. զանգուածային տեղահանումներ» խորագիրով լսումներու ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հարցին:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քոքս իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ համառօտ պիտի անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղին, ուր պատմականօրէն հայկական տարածքի 80 առ հարիւրը այժմ բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:

«2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փախած են աւելի քան 91000 մարդիկ, որոնց 88 առ հարիւրը կիներ եւ երեխաներ էին: Աւելի քան 40 հազար մարդ զրկուած է տուներէ այնպիսի տարածքներու մէջ, ինչպիսիք են Շուշիի եւ Հատրութի շրջանները, որոնք տակաւին կը գտնուին ազրպէյճանական զինեալ ուժերու բռնագրաւման տակ:

«Շրջան այցելելու ցաւալի փորձառութիւնը ունեցած եմ աւելի քան 85 անգամ` 1990-ականներու եւ 2020 թուականի պատերազմներու ընթացքին: Անցեալ տարուան սեպտեմբերին այցելեցի Հայաստանի Սիւնիքի մարզ` ականատես ըլլալու համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներխուժման հետեւանքով յառաջացած տառապանքներուն, ինչ որ յանգեցուց տեղւոյն բնակչութեան տեղահանութեան ինքնին Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Անթիւ գաղթականներ կը նկարագրեն հարազատներու կորուստի ցաւը, իսկ Ազրպէյճանը նախկինին պէս կը խախտէ 2020 թուականի զինադադարի պայմանները` ձերբակալելով հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայիններն ու վայրագութիւններ կատարելով` երբեմն սարսափելի գործողութիւններ նկարահանելու համար բանտարկեալի հեռաձայնը օգտագործելով, իսկ ետքը լուսանկարները անոնց ընտանիքներուն ուղարկելով:

«Գաղթականները կը նկարագրեն նաեւ ապրուստի միջոցներու, գիւղատնտեսական հողերու, ջրային հարստութիւններու եւ այլ կենսական ենթակառոյցներու կորուստը: Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը բրիտանական կառավարութենէն ոչ մէկ աջակցութիւն ստացած են: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը անցեալ տարուան մայիսին աներկբայօրէն նշեց, որ Ազրպէյճանը, հակառակ միջազգային ընտանիքի եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի կոչերուն, օգնութեան անխոչընդոտ մուտքը կ՛արգելակէ եւ այդ կացութիւնը կը մնայ նոյնը», ըսած է Քոքս:

Եզրափակելով խօսքը` պարոնուհի Քոքս հարցուցած է` կրնա՞յ կառավարութիւնը հաստատել, որ Բրիտանիան պիտի չանտեսէ օգնութեան այս ճիչը եւ պիտի ապահովէ պատերազմի պատճառով տեղահանուած հազարաւոր հայերուն մարդասիրական հրատապ օգնութեան տրամադրումը:

Ան յորդորած է աւելի մեծ առաջնահերթութիւն տալ իր կողմէ մատնանշուած խնդիրներուն եւ նմանատիպ կացութիւններու մէջ յառաջացող բազմաթիւ այլ խնդիրներուն:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Իր Նիստը Պիտի Գումարէ Երկուշաբթի, 24 Յունուարին

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ «Համահայկական Երիտասարդական Դիմադրութիւն» Շարժման Առցանց Հաւաքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.