Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութեան Կառչած Կը Մնանք, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»

January 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը`  գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր տագնապի տակ գտնուող Լիբանանը, որ կը տառապի երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական եւ տնտեսական ձախող գործելաոճին պատճառով, ենթակայ դարձած է աւելի սուր տագնապի մը` «Քորոնա» համաճարակին եւ այլ դէպքերու պատճառով:

«Լիբանան միշտ կ՛ակնկալէ, որ իր բարեկամ եւ եղբայր երկիրները օժանդակեն իրեն, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել այս տագնապը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան միշտ ալ բարիք պիտի բերէ աշխարհի երկիրներուն, յատկապէս արաբական աշխարհին` աւելցնելով, որ ան չի կրնար դէպի այլ երկիրներ չարիք տրամադրող կամ գերիշխանութեան ու կայունութեան սպառնացող վտանգներու կամուրջ դառնալ:

Ան մաղթեց, որ կարգ մը երկիրներ Լիբանանը հաշուեյարդարի կռուախնձոր մը չնկատեն եւ զայն չսեպեն դաշտ մը, ուր կարելի է շրջանային իրենց հարցերը լուծել, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն հետ վարուին առանց խտրութեան:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն` Լիբանանի տրամադրած անոնց օժանդակութիւններուն համար, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար: Ան աւելցուց սակայն, որ կարգ մը կողմեր շրջանցած են պետութիւնը եւ ուղղակի օժանդակութիւններ կատարած լիբանանցիներուն, իսկ այսօր անոնք կը փորձեն նիւթական եւ մարդասիրական յաւելեալ ներդրումներ կատարել` քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար, «յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք պատրաստ է` մինչեւ նախագահական պաշտօնավարման իր շրջանի աւարտը, կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ գործակցելու, որպէսզի կարենայ յաջողցնել իր խոստացած բարեկարգումները, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն:

Ան նշեց, որ բարեկարգումի առաջին կէտը, որուն յանձնառու կը մնայ, տնտեսական ու ելեւմտական ապաքինումի ծրագիրն է, որպէսզի կարելի ըլլայ անիկա քննարկել Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ: Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք նախանձախնդիր կը մնայ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու որոշումին գործադրութեան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ լիբանանցիները խորհրդարան պիտի հասցնեն այն երեսփոխանները, որոնք ատակ են իրականացնելու անոնց երազներն ու ձգտումները:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ օրեր առաջ ինք լիբանանեան քաղաքական ուժերը հրաւիրած է երկխօսութեան նիստի մը` քննարկելու համար վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը եւ տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը, սակայն կարգ մը ուժերու ղեկավարութիւններ չեն ընդառաջած այդ հրաւէրին: «Այս վարուելակերպը զիս մղեց կառչած մնալու երկխօսութեան, որովհետեւ համոզուած եմ, որ անիկա է փրկութեան միակ ելքը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ հակառակ իր հողերն ու գերիշխանութիւնը բոլոր միջոցներով պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքին, Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, մինչդեռ Իսրայէլ կը շարունակէ անտեսել այդ բանաձեւին գործադրութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կը փափաքի շարունակել հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի աշխատանքը`  պաշտպանելու համար տնտեսական շրջանի իր իրաւունքները:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կարելի չէ ամրապնդել` առանց շրջանային կայունութեան ամրապնդումին: Ատիկա կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել առանց գործադրելու արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու արաբական նախաձեռնութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 2002-ին Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ առանց հիմնելու Պաղեստինի Հանրապետութիւնը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանցիները կը փափաքին, որ աշխարհի երկիրները իրենց նեցուկ կանգնին, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց հայրենիքն ու անոր բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ բարիք կատարեն բոլորին: «Յուսախաբ մի՛ դարձնէք լիբանանցիները, այլ` օժանդակեցէ՛ք անոնց», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, գերապայծառ Սփիթերի յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը կը պնդէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, պարկեշտ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:

Գերապայծառ Սփիթերի իր օրհնութիւնները փոխանցեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` մաղթելով, որ անոնք ամուր մնան ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու իրենց յանձնառութեան վրայ, որպէսզի շարունակեն յոյս ներշնչել` բազմազանութեան, համերաշխութեան եւ գոյակցութեան առումով:

Ան նշեց, որ լիբանանցիներուն մեծ մասը, յատկապէս երիտասարդները 2020-ի սեմին նկատեցին, որ Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակը լաւ առիթ է բարեկարգումներու եւ փոփոխութիւններու, «սակայն դժբախբատաբար կարելի չեղաւ այդ փոփոխութիւնը իրականացնել», ըսաւ ան:

Գերապայծառ Սփիթերի շեշտեց, որ հակառակ տագնապին ու դժուարութիւններուն, լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը կը մնայ հզօր` աւելցնելով, որ ժողովուրդը ոչ միայն կը պայքարի իր ապրուստը ապահովելու, այլեւ` կ՛օժանդակէ իր եղբայր լիբանանցիին:

Ան նկատել տուաւ, որ դիւանագիտական անձնակազմին մաս կազմող բոլոր դեսպաններն ու ներկայացուցիչները կապուած կը զգան Մայրիներու երկրին, սակայն Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ լուծումներու կարելի չէ յանգիլ, եթէ անկեղծ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն տեղի չունենայ:

Ֆրանսական Խորհրդարանի Արտաքին Հարցերու Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Պաապտա

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց ֆրանսական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժան Լուի Պուրլանժի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆրանսացի երեսփոխաններ Քրիսթիան Հութին, Պրունօ Ժոնքուր, Ամելիա Լաքրաֆի եւ Վալերի Թոմաս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն փափաք յայտնեց, որ գարնան տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները ըլլան իսկական առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները փոփոխութիւն կատարեն` լիբանանեան վարչակարգը բարեկարգելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը լաւագոյն ձեւերէն մէկն է, որ պէտք է որդեգրուի արդիականացնելու համար պետութիւնը եւ պահպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը` իբրեւ երկիր, ժողովուրդ եւ հասատատութիւններ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին վերաբերող բանակցութիւնները մօտիկ ապագային պիտի վերսկսին` ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի Լիբանան ժամանումով:

Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի զօրակցական կեցուածքները` քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ, եւ Պուրլանժէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել նախագահ Մաքրոնի:

Պուրլանժ նշեց, որ Լիբանան միշտ ներկայութիւն է ֆրանսացիներուն միտքերուն եւ սրտերուն մէջ` աւելցնելով, որ Փարիզ կը փափաքի օժանդակել Լիբանանին:

Ան Մաքրոնի ողջոյնները փոխանցեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` հաստատելով, որ ֆրանսացիները պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դիմակալել տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ դժուարութիւններ:

Պուրլանժ ընդգծեց, որ ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ հեզասահ ու պատմական յարաբերութեան գոյութիւնը վերահաստատել, եւ գնահատել հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը` երկրին զարթօնքը ապահովելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան:

«Լիբանանի կառավարութեան կատարելիք բարեկարգումները կարեւոր քայլ մը կը նկատուին` տնտեսական ապաքինում եւ բարգաւաճում իրականացնելու ճամբուն վրայ», ըսաւ Պուրլանժ` վերահաստատելով, որ Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան նպատակն է օժանդակել Լիբանանին:

 

Նախորդը

Հարիրի Վերադարձաւ Լիբանան

Յաջորդը

Իրանի Պուշեհր Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Վերանորոգուած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.