Գլխաւոր լուրեր

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Այսօր եւս մէկ անգամ Հայաստանն ու հայութիւնը ականատես եղան Ազրպէյճանի արհեստածին հանրապետութեան նկրտումներին, որին, ցաւօք, զոհ գնացին մեր ազգի արիագոյն տղաները, բռնագրաւուեցին պետութեան տարածքներ: Ո՛չ միայն աշխարհը գիտի, այլ ամէնից լաւ հէնց ինքը` Ազրպէյճանն է գիտակցում, որ եթէ չլինէին ու չլինեն շահագրգիռ տարբեր երկրների ու ուժերի անմնացորդ հովանաւորութիւնը` ինքը ոչինչ է հայ զինուորի բազկի առջեւ: Հայութիւնը` ի Հայաստան եւ ի...

Ազրպէյճանական Զինեալ Ուժերը Լայնածաւալ  Նախայարձակումի Կը Դիմեն Հայաստանի  Արեւելեան Սահմանագօտիին Վրայ Տեղակայուած  Հայկական Դիրքերուն Վրայ

Ազրպէյճանական Զինեալ Ուժերը Լայնածաւալ Նախայարձակումի Կը Դիմեն Հայաստանի Արեւելեան Սահմանագօտիին Վրայ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Վրայ

Հայկական Կողմը Ունի Մարդկային Եւ Դիրքային Կորուստներ, 12 Հայ Զինուորներ` Գերեվարուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2021-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները բուռն յարձակում գործեցին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ` կիրարկելով նաեւ հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, աւելցնելով, որ կացութիւնը լարուած է, եւ հայկական կողմի պատասխան...

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Կրնայ Քննարկել  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Ստեղծուած Կացութիւնը»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ֆրանսայի Դեսպանը

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կրնայ Քննարկել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ստեղծուած Կացութիւնը» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ֆրանսայի Դեսպանը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ տակաւին հանդիպում չէ նախատեսած, սակայն Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կրնան այդ հարցը քննարկել: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, այս մասին լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Նիքոլա տը Ռիվիեր: «Օրակարգի վրայ ոչինչ կայ: Սակայն տեսնենք: Մենք ատիկա կրնանք քննարկել», ըսած է ան:

Խօսելով Հայաստանի  Իրադարձութիւններուն Մասին`  «Կացութիւնը Պէտք Է Հանդարտի  Առանց Բռնութեան»  Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Անն Լինտէ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Միջադէպերուն Առնչութեամբ Եւ Կը Յորդորէ Դադրեցնել Մագլցումը

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, որոնք 15 նոյեմբերին յայտարարութիւն հրապարակած էին: «Կը կիսեմ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն խոր մտահոգութիւնը` առնչուած շրջանին մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանը, միջադէպերուն: Իմ լիակատար աջակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց ջանքերուն ու կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` անյապաղ դադրեցնելու մագլցումը եւ հրատապ հարցերու լուծման համար քայլերու ձեռնարկելու», «Արմէնփրես»-ի...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Յունուարէն Հոկտեմբեր 2021 Առողջապահական Օժանդակութիւն 844 Միլիոն Լիբ. Ոսկի, 642 Պարագայի

Տոքթ. Ֆիլիփ Եւ Արա Բարաքսեան Եղբայրներու Օժանդակութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ անցնող օրերուն տոքթ. Ֆիլիփ (Լիբանան) եւ Արա (Աւստրալիա) Բարաքսեան եղբայրներ Երեսփոխանական գրասենեակին ճամբով 35 ընտանիքներու կատարեց նիւթական յատկացում` օժանդակելու համար անոնց` դիմագրաւելու ներկայ ընկերային պայմանները: Բարաքսեան եղբայրներ նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակին տրամադրած էին որոշ քանակութեամբ դեղորայք, որոնք տրամադրուեցան կարիք ունեցող պարագաներու: Նման բարերար հայրենակիցներու օժանդակութիւնը մեծապէս գնահատելով` դարձեալ կը կրկնենք. «Միասնաբար կը յաղթահարենք տագնապը»: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Արշակ Կարապետեանը Ազատ Կացուցուած Է  Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնէն.   Սուրէն Պապիկեան Նշանակուած Է  Պաշտպանութեան Նախարար

Արշակ Կարապետեանը Ազատ Կացուցուած Է Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնէն. Սուրէն Պապիկեան Նշանակուած Է Պաշտպանութեան Նախարար

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան ազատ կացուցուած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն: «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածին համաձայն, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի Ա. մասը. Արշակ Կարապետեանը ազատ կացուցել պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն», նշուած է նախագահի ստորագրած հրամանագիրին մէջ: Կարապետեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակուած էր 2 օգոստոս 2021-ին: Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  «Խորապէս Մտահոգուած Են» Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վերջին Դէպքերով

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները «Խորապէս Մտահոգուած Են» Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վերջին Դէպքերով

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները խորապէս մտահոգուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին տեղի ունեցած վերջին դէպքերով: Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովայեւի (Ռուսիա) եւ Պրիս Ռոքֆոյէի (Ֆրանսա) յայտարարութեան մէջ: «Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու իրավիճակի մեղմացման համար: Անոնք նաեւ կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէ ու սադրիչ գործողութիւններէ եւ լիովին կատարելու...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Քաղաքական  Մեծամասնութիւնը, Չարաշահելով Իր Լիազօրութիւնները,  Մերժեց Մեր Առաջարկը»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Քաղաքական Մեծամասնութիւնը, Չարաշահելով Իր Լիազօրութիւնները, Մերժեց Մեր Առաջարկը»

Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները առաջարկած էին, որ երէկ, ժամը 20:00-ին, պէտք է հրաւիրել արտահերթ նիստ, ուր պէտք է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը գար եւ հաշուետուութիւն տար երկրին մէջ ստեղծուած սահմանային իրավիճակին մասին. Ազգային ժողովին մէջ տուած իր զրոյցին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը` աւելցնելով, որ քաղաքական մեծամասնութիւնը, անգամ մը եւս չարաշահելով իր լիազօրութիւնները, մերժած է...

Նախագահ Աուն. «Սէուտական Արաբիոյ  Եւ Ծոցի Կարգ Մը Երկիրներուն Հետ Լիբանանի  Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու  Նպատակով Ճիգերը Կը Շարունակուին»

Նախագահ Աուն. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Կարգ Մը Երկիրներուն Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Նպատակով Ճիգերը Կը Շարունակուին»

Մինչ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան ամէնօրեայ դրութեամբ կատարած իր յայտարարութիւններով կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի վրայ Հըզպալլայի իշխանութեան վերջ տալու եւ կը հաստատէ, որ Ռիատ ոչ մէկ կապ կամ գործակցութիւն կ՛ուզէ ունենալ Լիբանանի ներկայ կառավարութեան հետ, այսօր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Լիբանանի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ իշխանութեան պետերուն հետ: Կը նախատեսուի նաեւ, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար...

Ակնարկ.   Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած  Դերը Լիբանանի Մէջ

Ակնարկ. Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած Դերը Լիբանանի Մէջ

Պաշտօնական Պէյրութի հրաւէրով վաղը Լիբանան կը հասնի  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Այցելութիւնը, ոեւէ  բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութեան նման, ուշագրաւ է նաեւ երկրին դէմ կիրարկուող պաշարումը նկատի ունենալով: Լիբանանը կը գտնուի կուտակուող ճգնաժամերու երկարատեւ փուլի մէջ եւ փաստօրէն կ՛ենթարկուի տնտեսաքաղաքական պաշարումի: Օտարերկրեայ պաշտօնատարներու այցելութիւնները, եթէ նոյնիսկ կայանան, ապա կ՛ունենան պայմանական բնոյթ, երբեմն նոյնիսկ ժամկէտներ ներփակող դիւանագիտական սպառնալիքներով յատկանշուող փոխանցումներով: Անգարայի առած քայլը...

Շուշիի Մօտ Ազրպէյճանցի Զինուորներու Սադրիչ  Գործողութիւններուն Ի Պատասխան Ստեփանակերտի  Բնակիչը Ձեռնառումբ Նետած Է Անցակէտին Վրայ

Շուշիի Մօտ Ազրպէյճանցի Զինուորներու Սադրիչ Գործողութիւններուն Ի Պատասխան Ստեփանակերտի Բնակիչը Ձեռնառումբ Նետած Է Անցակէտին Վրայ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) կը յայտնեն, որ շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2021-ին, Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն տեղեկութիւններ ստացած է այն մասին, որ կանուխ առաւօտեան Ստեփանակերտ-Բերձոր միջպետական ճամբուն վրայ, Շուշի քաղաքի անցակէտին մօտ, ազրպէյճանցի զինուորներու սադրիչ գործողութիւններուն ի պատասխան անյայտ անձ մը պայթուցիկ սարք նետած է անցակէտի հատուածին վրայ, որմէ ետք Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր միջպետական ճամբան երկկողմանիօրէն փակուած է: Արցախի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները...

Փոխհրաձգութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին

Փոխհրաձգութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին

Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են դիրքային յառաջխաղացում ապահովել հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ սկսած է աշխուժ փոխադարձ հրաձգութիւն: «Հայ դիրքապահները կանխած են թշնամիին փորձերը` դիրքաւորուելու այդ տարածքին մէջ: Իրադրութիւնը տակաւին կը շարունակուի լարուած մնալ», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ընթացած են բանակցութիւններ` իրադրութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ: Երկու կողմերն ալ նշած...

Իշխան Սաղաթէլեան.  «Ցանցային Պայքարը Սկսած Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ցանցային Պայքարը Սկսած Է»

«Այսօր Փաշինեանը կ՛ըսէր, թէ ժողովուրդին կողմէ լիազօրութիւն ունի ընելու այն, ինչ որ կ՛ուզէ, եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հասկնան, որ ասոնք երկիրը կը տանին կործանման, պէտք է իբրեւ առաջին քայլ այդ մարդուն ցոյց տան, որ ան այդ լիազօրութիւնը չունի», այս մասին «Փաստինֆօ»-ին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը: Ըստ անոր, ասոր համար պէտք է...

Առ Ի Քաջալերանք «Ազդակ»-ին

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութեամբ Ազգային Բարերար Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեաններ Կը Շարունակեն Իրենց Աջակցութիւնը Լիբանանահայութեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ աշխատանքի առաջին փուլը` 1 յուլիսէն...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Որեւէ Ոտնձգութիւն  Անթոյլատրելի Եւ Անընդունելի Է»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Որեւէ Ոտնձգութիւն Անթոյլատրելի Եւ Անընդունելի Է»

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ անդրադառնալով Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ Ազրպէյճանի կողմէ մաքսակէտի տեղադրման` անթոյլատրելի եւ անընդունելի նկատեց «որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու, անոր տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, մեր քաղաքացիներու կեանքին, անոնց ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժին ու բոլոր այլ հիմնարար իրաւունքներու նկատմամբ»: «Որեւէ ոտնձգութեան պարագային համապատասխան պետական մարմինները եւ պաշտօնատար անձեր, Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով նախատեսուած իրենց լիազօրութիւններու շրջագիծին...

Իշխան Սաղաթէլեան Ներկայացուց Արցախ  Այցելութեան Մանրամասնութիւնները

Իշխան Սաղաթէլեան Ներկայացուց Արցախ Այցելութեան Մանրամասնութիւնները

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: «Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցայ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ: Խօսեցանք երկու խորհրդարաններու փոխգործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցերու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ  Յղեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին  Ու Լիւքսեմպուրկի Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Ու Լիւքսեմպուրկի Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին կողմէ առաջին ընթերցումով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը եւ զայն նկատեց ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը: Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ բանաձեւի որդեգրումը ուժ պիտի տայ Ցեղասպանութեան հռչակագիրին նկատմամբ Բրիտանիոյ յանձնառութեան եւ պիտի հաստատէ օրէնքի իշխանութեան, մարդու իրաւունքներու եւ...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին. Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, երէկ, ուրբաթ, 12 նոյեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, փրոֆ. դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում  խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930)» հատորի գինեձօնը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրներէն` Ժագ Յակոբեան, որ, ողջունելով ներկաները, նշեց,...

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ  Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական  Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

Դոկտ. Արաքս Փաշայեան. «Արցախի Հարցին Մէջ Իսլամական Գործօնը Համախմբեց Ազրպէյճանական Հանրութեան Տարբեր Բեւեռները»

«Ազդակ»-ի 39-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր «Իսլամական խօսոյթը Արցախեան պատերազմի համաթեքսթում». դասախօս` Գիտութիւներու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող դոկտ. Արաքս Փաշայեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատկից Մինաս Հանս Քէհէեան: Դասախօսը ներկայացուց Ազրպէյճանի մէջ իսլամական գործօնի եւ գործիքակազմի ապրած հոլովոյթը` արցախեան պատերազմի լոյսին տակ: Ան նաեւ փուլ առ փուլ իսլամական գործօնի շահարկման վերափոխումները ներկայացուց պատերազմի առաջին շրջանէն մինչեւ Ալիեւի...

Ակնարկ.  Համակարգուած Զիջումներ

Ակնարկ. Համակարգուած Զիջումներ

Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին վրայ ազրպէյճանական անցակէտեր եւ մաքսակէտեր հաստատելու որոշումի հաղորդումը պաշտօնապէս կը նախանշէ արդէն նոր գործընթացի մը արագացման միտումները: Ըստ էութեան, սահմանազատումը գործնապէս կատարման ընթացքի մէջ է: Յայտնաբար նաեւ կայ քարտէս, որուն հիմամբ կը սահմանազատուին Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը: Այս գործընթացի արագացումը ազդարարեց պաշտօնական Մոսկուան, երբ ակնարկեց սահմանազատման եւ սահմանագծման անհրաժեշտութեան` երկարատեւ խաղաղութեան ձգտող անհրաժեշտ գործողութիւն իբրեւ: Խնդիրը այն է,...

Page 336 of 797 1 … 335 336 337 … 797

Արխիւներ