«Ինչքան ալ այս իշխանութիւնները ըսեն, թէ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու կը բանակցին, ակնյայտ է, որ այդ նախապայմանները կան եւ ակնյայտ է, որ Հայաստանը գուցէ այդ նախապայմանները բաւարարելու խոստում տուած է», այս մասին Ազգային ժողովին մէջ երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:
Ան նշեց, որ այդ առումով ընդդիմադիր պատգամաւորներու զայրոյթը տեղին է: Պատգամաւորը նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կան հիմքեր կասկածելու, որ այդ գործընթացը թափանցիկ չէ:
«Մենք միշտ ըսած ենք, որ կողմ ենք առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելուն, բայց իրենք հիմա ալ նախապայմաններ կը դնեն», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան պայքարին, ապա ան ըսաւ, որ իրենք միջոցներ կը հաւաքեն, որովհետեւ պէտք է ունենան այնքան միջոցներ, որպէսզի կարենան իրականացնել ռազմավարական նպատակները:
Անդրադառնալով հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին մասին Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերս կատարած յայտարարութեան` պատգամաւորը ըսաւ. «Ան կը փորձէ ինքզինք վեր դասել քաղաքական համակարգէն, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ այդ համակարգի հիմնադիրներէն մէկը Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է, եւ այսօրուան քաղաքական ուժը, որ կը գտնուի իշխանութեան մէջ, նոյնպէս ստեղծուեցաւ իր բարձր հովանիին ներքեւ, չմոռնանք, թէ ո՛վ էր Նիկոլ Փաշինեանը, մինչեւ Հայ ազգային քոնկրեսով պատգամաւոր դառնալը, ընդամէնը լրագրող մը», ըսաւ ան:



