ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում յստակ ամիսով եւ վայրով այս պահուն նախատեսուած չէ, նախատեսուած է համանախագահներու շրջանային այցելութիւն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցուպատասխանին` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք յառաջիկային օրակարգի վրայ կա՞յ համանախագահութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում:
«Այս պահուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով հանդիպում` տակաւին յստակ ամսաթիւով, վայրով նախատեսուած չէ: Այս պահուն նախատեսուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցելութիւն շրջան», ըսաւ Միրզոյեան:
Նախարարը նկատել տուաւ, որ այդ հարցը շատոնց արդէն կը քննարկուի, բայց պարբերաբար կը յետաձգուի: «Պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջանային այցելութիւն», նշեց Միրզոյեան: