Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Երկուշաբթի, 29 նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան մը հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը այցելեց Անթիլիասի մայրավանք: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր կողքին ունենալով Շահան սրբազանը եւ Նարեկ սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց հոգեւոր տէրը: Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ` հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին...




















